Արխիւ
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ
«Հայրենասէր մըն էր Պատուելին…»։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջ առանցքին, աշխարհական առաջնորդներու կողքին՝ ունեցած ենք նաեւ եկեղեցականներ, որոնք կարեւոր եւ մեծ ներդրում ունեցած են մեր ազգային, հայրենասիրական ու քաղաքական կեանքի ոլորտներուն մէջ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մէջ, ներառելով նաեւ 1915-ի արհաւիրքի օրերը, եկեղեցականներն ու հոգեւոր առաջնորդները նաեւ մնացած են պատնէշի վրայ եւ իրենց ժողովուրդին հետ «գացած են մինչեւ վերջ»։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի սաստկացման զուգահեռ՝ մտահոգիչ թափով կը խորանայ նաեւ տեղւոյն հայութեան ողբերգութիւնը:
Հալէպի հայերը, որոնց հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները խզուած են, արդէն յայտնուած են մահուան գօտիի մը մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բամբասանքը որեւէ կերպով արդարացնել կարելի չէ՛։ Բայց ոմանք կ՚ըսեն, թէ խօսելիք նիւթի պակասի պատճառով է, որ մարդիկ կը նախընտրեն բամբասել։ Համոզիչ պատճառաբանութիւն մը չէ՛ ասիկա։ Քանի որ «խօսելիք նիւթի պակաս»ին վերագրել «սխալ» մը՝ կը նշանակէ «սխալը ուրիշ սխալով մը սրբագրել», ինչ որ աւելի մեծ սխալ մը կը ստեղծէ եւ սխալը կը բազմապատկէ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ տուած հովուապետական այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յայտարարեց, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կրնայ Թուրքիայէն պահանջել վերադարձը՝ իր բռնագրաւեալ եկեղեցիներու սեփականութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Ամերիկայի ձայն»ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ ներկայիս ապագայ դատական դիմումի հիմնաւորման վրայ աշխատանք կը տանին իրաւաբաններն ու պատմաբանները։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս Երեւանի մէջ հիւրընկալեց «Գոհար» համոյթի հիմնադիր-բարերարուհի Գոհար Խաչատուրեանը։ Լիբանանահայ ազգային գործիչին կ՚ընկերանային համոյթի գործադիր տնօրէնները՝ Սեւակ Սերովբեան եւ Սարօ Սերովբեան։
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան վերջերս հիւրընկալեց Սէն Փեթերսպուրկի նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքոն։ Մարգարեան եւ Փոլթաւչենքօ քննարկեցին երկու քաղաքներու համագործակցութեան հեռանկարները։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ կը նախատեսէ Երեւանի եւ Սէն Փեթերսպուրկի համագործակցութեան հեռանկարներուն ընդլայնումը։
Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին յայտարարութիւնը:
Արցախի նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստի գումարման գործընթացը կը շարունակուի:
Լիբանանահայ խումբ մը սուզորդներ նախընթաց օր Միջերկրականի յատակին խաչ մը տեղադրեցին՝ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով։ Միջերկրականի Լիբանանին վիճակած հատուածէն ներս, 35 մեթր խորութեան վրայ զետեղուեցաւ այս խաչը՝ ի յիշատակ հայոց նահատակներուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան տիւրզի համայնքի ամենէն հեղինակաւոր առաջնորդը՝ Ուալիտ Ժոմպլաթ անցող օրերուն իր վկայութիւնը տուաւ Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործը քննող միջազգային դատարանին առջեւ: Լիբանանցիներու մեծագոյն տոկոսին համար միջազգային դատարանի գործընթացը ո՛չ միայն կարեւոր է, այլ նաեւ դատաիրաւական գործընթաց մը ըլլալէ անդին նոր հանգրուանի մը առաջին փուլը կը համարուի:
Ազգային մեծ ժողովին մօտ երկու տեղեկագրեր պատրաստուեցան հայկական հարցին շուրջ։ «Միլլիյէթ» օրաթերթի երէկուան հաղորդումներով, խորհրդարանի հետազօտութիւններու բաժանմունքին կողմէ պատրաստուած են այս տեղեկագրերը, որոնցմէ մին կը վերաբերի հայոց Սփիւռքին, իսկ միւսը՝ հայկական հարցի կապակցութեամբ կողմերու պնդումներուն եւ դիրքորոշումներուն։
Բ. Աշխարհամարտի աւարտին Կարմիր բանակին կողմէ նացիներուն դէմ տարուած յաղթանակին 70-ամեայ յոբելեանը:
Մոսկուայի տօնակատարութիւններուն շրջագծով նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի հետ:
Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դասու հիմնադրութեան 102-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 79-րդ կրկնակ տարեդարձները փայլուն անցան:
Եշիլգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահած արարողութիւններուն ընթացքին:
CIA-ի նախկին նախագահը պիտի աշխատի Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու համար:
Փորթըր Կոսս պայմանագրով ստանձնած ծառայութիւնները պիտի մատուցանէ անժամկէտ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հետախուզական ծառայութեան՝ CIA-ի նախկին նախագահ Փորթըր Կոսս յառաջիկայ շրջանին պիտի աշխատի Թուրքիոյ ի նպաստ։ Նախագահ Ճորճ Պուշի իշխանութեան տարիներուն պաշտօնավարած Փորթըր Կոսս մասնակցեցաւ այն լոպինկի խմբակին, որ ԱՄՆ-ի մէջ աշխատանք կը տանի Թուրքիոյ ի նպաստ։
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան եւ պսակի արարողութիւն։ Խորապէս տպաւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ տերսիմցի տասներկու պատանիներու եւ չափահասներու Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան ընթացքին։ Մկրտութեան յաջորդեց անոնց շարքին երկու զոյգերու Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։
Յայտնի նկարչուհի Իտա Գահրամանի ջրաներկերու ցուցահանդէսը շաբաթավերջին բացուեցաւ Նշանթաշըի «Մարքի» կահոյքի եւ գեղարուեստի սրահին մէջ։ Սա Իտա Գահրամանի չորրորդ անհատական ցուցահանդէսն է։ Ան մեր կերպարուեստի աշխարհի այնքան համակրելի դէմքերէն մին է եւ կը շարունակէ միշտ պատնէշի վրայ մնալ այս բնագաւառէն ներս։
Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նոր ժողովածուի շնորհանդէսը:
«Ferah Tut Yüreğini» գրքի գինեձօնին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ անմոռանալի վարպետի այրին Անայիս Եալտըզճեան:
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին վերջերս ընդհանուր մաքրութեան եւ վերանորոգութեան ենթարկուած էր՝ Արտաշէս Տիւյմէճեանի նուիրատուութեամբ։ Ծանօթ է, որ Արտաշէս Տիւյմէճեան մեր եկեղեցական կեանքի նուիրեալ անուններէն մին է։
Վեհ. Հայրապետը մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի պատգամաւորական ժողովին։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախագահեց Ուաշինկթընի Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ներելը առաքինութիւն է, ազնուութիւն է, ընտիր մարդու գործ է։ Բայց ներելու, ներողամիտ ըլլալու իմաստը ի՞նչ է։ Արդարեւ ներելը, իր լայն իմաստով, կը նշանակէ՝ ժամանակաւոր պատիժի մը կամ հատուցումի մը թողութիւն տալ՝ որոնց պատճառ եղած յանցանքը ջնջուած է։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի մանկապարտէզին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպեց մանկանց գարնանային խրախճանք մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Դպրոցի մանկապարտէզի սաներուն առընթեր այս ձեռնարկին հրաւիրուած էին թաղեցի մանուկներ, որոնք կը պատրաստուին յաջորդ կրթական շրջանին մանկապարտէզ յաճախել եւ իրենց տեսակէտէ եզակի փորձառութիւն մըն էր Մէրամէթճեան վարժարանի մթնոլորտը շնչելը։