Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ՝ մնաս­նե­րու ա­ռա­կը նմա­նու­թիւն ու­նի քան­քար­նե­րու ա­ռա­կին հետ. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 14-20) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԹ 12-28)։ Քան­քա­րը ծան­րու­թեան հին չափ մըն է՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս 45 քի­լօ, որ այդ ծան­րու­թեամբ ոս­կի կամ ար­ծա­թի կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէր։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ապ­րուած զգա­յա­ցունց տմար­դի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ սրբապղ­ծու­թիւն­նե­րու զու­գորդ­մամբ։ Սու­րիա­հա­յու­թիւնն ու ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հը ե­րէկ ա­հա­ւոր ա­ւե­րի մը ա­կա­նա­տե­սը ե­ղան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015

​Ռուսաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխ-նախարարը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ APA գործակալութեան:
Կրիկորի Քարասինի համոզմամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին փոփոխութիւնը կրնայ քայքայել բանակցութիւնները:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ կա­տա­րուած պաշ­տօ­նա­կան դի­մու­մին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ան­թի­լիաս կը պա­հան­ջէ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի եւ մայր տա­ճա­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բե­րու­մը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ան­ցաւ Ապ­րի­լի 24-ը, սա­կայն ար­ձա­գանգ­նե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուին։ Առ­նուազն մին­չեւ Յու­նի­սի 7-ին կա­յա­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րը՝ Թուր­քիոյ մէջ այս հար­ցը օ­րա­կար­գի վրայ կրնայ գտնուիլ. այդ ալ բա­ւա­կան ամ­բո­խա­վա­րա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Ան­նա ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այս սրբա­տե­ղին թէ՛ նոր է եւ թէ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վե­րա­նո­րո­գեալ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պուած է ի յի­շա­տակ ան­մահ բա­նաս­տեղծ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի։ Ինչ­պէս ար­դէն ծա­նու­ցուած է մա­մու­լի մէջ, հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ շա­բա­թա­վեր­ջին

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ կա­յա­ցաւ Ա­րա Կիւ­լէրի ա­նուան ձօ­նուած լու­սան­կար­չա­կան չոր­րորդ մրցան­քը՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ 100-ա­մեայ վար­ժա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Այս տա­րուան մրցան­քին մաս­նակ­ցե­ցան 12 լի­սէէ 56 ա­շա­կերտ՝ 143 լու­սան­կա­րով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի հա­կա­սու­թիւն­նե­րը զի­րար ամ­բող­ջաց­նող ի­րո­ղու­թիւն­ներ են։ Ար­դա­րեւ, ա­մէն նե­ղու­թիւն եւ տրտմու­թիւն մար­դուս մէջ կը վե­րա­ծուին խորհր­դա­ւոր ու­րա­խու­թեան մը՝ հե­ռա­պատ­կեր մը եւ մե­ծու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով ա­նոր նե­րաշ­խար­հին մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անց­նող շա­բա­թը, շատ մը այլ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կար­գին Հա­յաս­տա­նի մէջ նշա­նա­ւո­րուե­ցաւ նաեւ հա­յե­րէ կազ­մուած ա­մե­նան­շա­նա­ւոր ե­րաժշ­տա­կան խում­բի՝ աշ­խար­հահռ­չակ System of a Down-ի հա­մեր­գով Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ: Հա­զա­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ անձ­րե­ւին տակ ե­րեք ժա­մէ ա­ւե­լի ունկնդ­րե­ցին վե­րա­կազ­մա­ւո­րեալ խում­բին ե­լոյ­թին:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց Տ. Մես­րոպ Վրդ. Պար­սա­մեա­նի «Լի­նել Աս­տուած (Մար­դու աս­տուա­ծաց­ման ե­ռաս­տի­ճան ճա­նա­պար­հը ըստ Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տի վար­դա­պե­տու­թեան)» գիր­քը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիա­յէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը, որ այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գումգաբու առայժմ լուռ…​

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ ծրագ­րուած դի­մու­մը ի վեր­ջոյ կա­տա­րուած է։ Ան­ցեալ տա­րի Սեպ­տեմ­բե­րին Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր այս մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն կազ­մա­կեր­պուե­ցան ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին բնոյ­թով զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ։ Այդ ծի­րին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էին տղոց ի­րա­կա­նա­ցու­ցած պտոյտ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած քէր­մէ­սը վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ ան­նա­խըն­թաց խան­դա­վա­ռու­թեան։ Ծնո­ղաց միու­թեան եւ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով վար­ժա­րա­նին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած այս ա­ւան­դա­կան ձեռ­նար­կը իս­կա­պէս փայ­լուն ան­ցաւ՝ ինչ­պէս այ­ցե­լու­նե­րու թի­ւին, այն­պէս ալ ներ­կա­յա­ցած ա­ռար­կա­նե­րու ճո­խու­թեան ու ո­րա­կին տե­սա­կէ­տէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան վեր­ջերս ու­նե­ցաւ խորհր­դան­շա­կան հիւր մը։ Այս­պէս, իր այ­ցե­լու­թեան փու­թաց Լա­քի Վին­կաս, որ մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը կը զբա­ղեց­նէր այդ պաշ­տօ­նը։ Ան­տա­րա­կոյս Թո­րոս Ալ­ճա­նի տե­սան­կիւ­նէն զգա­ցա­կան խոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի ա­ւագ մար­զի­չի պաշ­տօ­նը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս յանձնուե­ցաւ Սար­գիս Յով­սէ­փեա­նին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջերս այդ պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րած էր զուի­ցե­րա­ցի Պեռ­նար Շա­լանտ, ո­րու մա­կա­նին ներ­քեւ հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նը ապ­րե­ցաւ լուրջ ձա­խո­ղում­ներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

SALT Galata-ի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան ձեռ­նար­կի մը բաց­ման հա­ւա­քոյ­թը։ «Ա­նոնք» խո­րագ­րեալ այս ձեռ­նար­կը լու­սար­ձա­կի տակ կ՚առ­նէ Թուր­քիոյ մէջ «միւս»նե­րու դա­սուած խմբա­ւո­րում­ներն ու ա­նոնց վա­նու­մին վե­րա­բե­րեալ ե­րե­ւոյթ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Ռու­սաս­տան զեղչ կը կա­տա­րէ Հա­յաս­տան մա­տա­կա­րա­րուած բնա­կան կա­զի սա­կա­գի­նին մէջ։ «Կազփ­րոմ» ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ա­լեք­սէյ Միլ­լէր, որ վեր­ջերս այ­ցե­լած էր Ե­րե­ւան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն ձեռք բե­րած էր այս ուղ­ղու­թեամբ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Ար­տադ­րուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սին։ «Մե­րի­տեան» ցու­ցա­հան­դէ­սի կեդ­րո­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կին նպա­տակն է ներ­կա­յաց­նել երկ­րի ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան նե­րու­ժը, զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն՝ հե­տա­գայ զար­գաց­ման եւ ար­տած­ման խթան­ման ճա­նա­պար­հին։

Էջեր