Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ դէ­պի Պահ­չէ­գիւղ։ Տեղ­ւոյն զբօ­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը Է­սաեան վար­ժա­րա­նէ շրջա­նա­ւարտ խումբ մը տի­կին­ներ ան­ցու­ցին հա­ճե­լի օր մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ի պա­տիւ սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կան, գրա­կա­նա­գէտ ու հրա­պա­րա­կա­գիր Ե­րուանդ Ա­զա­տեա­նի։ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, որ ձօ­նուած էր Ա­զա­տեա­նի ծննդեան 80-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ւագ դա­տա­խազ Գէորգ Կոս­տա­նեան ե­րէկ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ Կիւմ­րիի մէջ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն դէմ գործուած սահմռ­կե­ցու­ցիչ ոճ­րա­գոր­ծու­թեան քննու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, դա­տա­խա­զը յայտ­նեց, թէ հայ եւ ռուս ի­րա­ւա­պահ­նե­րը աշ­խու­ժօ­րէն կ՚աշ­խա­տին, որ­պէս­զի Կիւմ­րիի մէջ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի դա­ժան սպա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ գտնեն տար­բե­րակ մը, որ հա­մա­հունչ պի­տի ըլ­լայ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի չա­փա­նիշ­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թեան վեր­ջին օ­րե­րուն դէ­պի Ֆրան­սա կա­տա­րած ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը լա­րուա­ծու­թեան պատ­ճառ դար­ձաւ Պա­քուի եւ Փա­րի­զի ղե­կա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ։ Ատր­պէյ­ճան Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րի այ­ցե­լու­թեան բե­րու­մով վերջ­նա­գիր մը տուաւ Ֆրան­սա­յին։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

​Հայաստան կը ջանայ նոր ուղղութիւն մը տալ Եւրոմիութեան հետ իր համագործակցութեան:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կը մասնակցի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին:

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստան կը պատրաստուի այս տարի հիւրընկալել միջազգային մրցաշարք մը, որու նպատակներէն մին է՝ շարժման անցընել երիտասարդութիւնը:
Նոր ոճով մարզական շարժումը հետզհետէ աւելի մօտիկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ համայն աշխարհի վրայ:

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քը ամ­բողջ պա­տե­րազ­մի դաշտ մըն է մարմ­նա­կան ու հո­գե­կան բա­խում­նե­րու։ Մարդ կը հո­գայ, կը սի­րէ իր մար­մի­նը, իր ֆի­զի­քա­կան էու­թիւ­նը եւ կ՚ու­զէ գո­յա­պահ­պա­նել ու գո­յա­տե­ւու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել ա­նոր։ Ար­դա­րեւ, ա­մէն հո­գե­կան մղու­մի շար­ժա­ռի­թը իր գո­յու­թիւ­նը պա­հե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու բնա­կան զգա­ցու­մին մէջ կը կեդ­րո­նա­նայ։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

ՃՀՓ­-ի կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Շիշ­լիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ կը շա­րու­նա­կէ իր նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւը։ Այս շրջագ­ծով ան ե­րէկ այ­ցե­լեց Թաք­սիմ մար­զա­կումբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մշա­կոյ­թի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցաւ Ա­թա­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ։ Այս տա­րի Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը Ա­րամ Կոս­տա­նեա­նի բե­մադ­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուց «Երգ պան­դուխ­տի»ն, որ պատ­րաս­տուած է հրա­պա­րա­կա­գիր Բագ­րատ Էս­դու­գեա­նի հա­մա­նուն գիր­քին հի­ման վրայ։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

​Առողջապահութեան նախարարութեան քննիչները մանրակրկիտ ընդհանուր քննութիւն մը կատարեցին Գթութեան յարկէն ներս:
Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պարագային 98 առ հարիւր համեմատութեամբ յաջողութեան վարկանիշ մը սահմանուեցաւ: Մատուցուած ծառայութիւններու մասնագիտական արժեւորման արդիւնքը կ՚արդարացնէ հոգաբարձութեան կողմէ որդեգրուած ուղղութիւնը եւ անձնակազմին զոհողութիւնները:

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

Պէյ­րու­թի մէջ հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոյ­թով մը տօ­նախմ­բուե­ցաւ Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ «Ֆե­նի­շիա էն­թէր­քոն­թի­նեն­թալ» պան­դո­կին մէջ սար­քուած պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քին ներ­կայ գտնուե­ցան շուրջ չորս հա­րիւր յի­սուն հիւ­րեր։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի նա­խա­գահ Մի­շէլ Փլա­թի­նի այ­սօր միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, իր շփում­նե­րը ու­նին ան­պաշ­տօն բնոյթ։ Ե­րե­ւա­նի մէջ ան կը հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015

Կապան-Գորիս ճանապարհի 30-րդ քիլօմեթրի հատուածին վրայ ուշագրաւ դէպք:
Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի ինքնաշարժին վրայ երէկ երեկոյեան կրակ բացուեցաւ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան հրէա­կան մշա­կոյ­թի օ­րեր։ Այս առ­թիւ կեան­քի կո­չուե­ցան բազ­մա­թիւ ծրագ­րեր, ո­րոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խորհր­դան­շե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Իս­րա­յէ­լի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Վիեննայի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015»ի առաջին կիսաեզրափակիչը:
«Genealogy» խումբը սկզբնական պատնէշը յաղթահարեց «Առերեսուէ ստուերին» երգով:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով Թո­քիո­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած է Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի շա­բաթ մը, ո­րու բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Տայ­քա­նեա­մա Հիլ­սայթ Թե­րաս» սրա­հին մէջ։ Թո­քիո­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպո­ւած է այս ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը, ո­րու բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ դես­պան Հրանդ Պօ­ղո­սեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Սուրիահայոց մարտահրաւէրները Հայաստանի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ:
Մհեր Շահկելտեան խորհրդարանի ամպիոնէն բարձրաձայնեց Հալէպի ողբերգական վիճակը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րան­շա­նակ դես­պան Քրիս­տիան Ալ­պեր­թուս Պաս­սո­նը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Սերժ Սարգ­սեան այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ Ափ­րի­կէի եր­կիր­նե­րու հետ, նե­րա­ռեալ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, զար­գաց­նել բա­րե­կա­մա­կան ու փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

«Ատրպէյճանի շարունակական սադրանքները կը զուգորդուին ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ եւ հայատեացութեան քարոզով»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի Նախարարաց կոմիտէի 125-րդ նստաշրջանին գծով:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Խրի­մի թուր­քե­րու տե­ղա­հան­ման 71-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Խրի­մի թա­թար­նե­րու ղե­կա­վար Մուս­թա­ֆա Ապ­տիւլ­մե­ճիտ Քը­րը­մօղ­լուի հետ, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ուք­րայ­նոյ խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րէն է։ Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան յայտ­նեց, թէ սու­գի այս օ­րուան առ­թիւ Թուր­քիա զօ­րակ­ցու­թեան մէջ է իր թա­թար ցե­ղա­կից­նե­րուն հետ։

Էջեր