Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Թոռնիկիս՝ Վանային, իր տարեդարձին իբրեւ նուէր այս տարի խաղալիքի փոխարէն գնած էի վարդագոյն կողքով յուշատետր մը, որուն առաջին էջին նախ պիտի արձանագրէր իր անունն ու մականունը, ծննդեան թուականն ու ծնած քաղաքը, ապա, ըստ մեր ներքին համաձայնութեան, ամէն երեկոյ քանի մը տող յուշ պիտի գրէր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, ընդհանրապէս, իր ծոցին մէջ կը կրէ աղէտաբեր սերմը, որ ամէն ինչ կը փճացնէ իր գաղտնի թոյնով, կոյր եւ ծածկեալ ամբարտաւանութեամբ։
Սան Մարինոյի մէջ պիտի կայանայ ֆրանսահայ բեմադրիչ Անրի Վերնէօյի «Մայրիկ» վէպի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:
Արժանթինի մէջ աւանդական դարձած «Encuentros 2015» միջազգային փառատօնի ժամանակ յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Արիւն մաքրելու (տիալիզ) փոքր, աժան եւ արդիւնաւէտ սարքը, որուն հեղինակը գանատահայ Անիա Փողարեանն է, միջազգային ուշադրութեան արժանացած է։
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ պարգեւատրեց վերջերս տեղի ունեցած Միջհամալսարանական համաշխարհային մարմնամարզի մրցաշարքերուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած հայ մարզիկներն ու անոնց մարզիչները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Անտիոքի Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։
Հայաստանի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացը կը հասուննայ փուլ առ փուլ։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային ժողով ուղարկեց սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն նախագիծը։
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյճի Թակուչի յայտարարեց, որ ամէն տարի իր երկրէն տասը հազար հոգի կ՚այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ըսաւ, թէ ներկայիս դեսպանատունը կ՚ուսումնասիրէ առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։
Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մէջ այցելեց ճամբարներ:
«Աշխարհին մէջ կան շատ մարտահրաւէրներ, որոնք կրնան յաղթահարուիլ համատեղ ուժերով»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի ապահովութեան մարմինները անցեալ Շաբաթ օր, Օգոստոսի 15-ին, յաջողեցան ձերբակալել Շէյխ Ահմէտ Ասիրը: Ձերբակալումը տեղի ունեցաւ Պէյրութի օդակայանին մէջ: Ասիր եւ անոր ընկերակիցներէն մէկը յաջողած էին անցնիլ «Ռաֆիք Հարիրի» օդակայանին բոլոր խուզարկութեան կէտերը ու իրենց տեղերը գրաւել Գահիրէ մեկնող օդանաւին մէջ:
Երուսաղէմի պատրիարքը այս շաբթուան սկիզբէն ի վեր կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ:
Մանուկեան, որուն կ՚ընկերանայ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան, վաղը հրաժեշտ պիտի առնէ քաղաքէս:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աչքը լո՜յս ամերիկացի քուէարկողներուն, նաեւ՝ բոլոր անոնց, որոնք կը հաճոյանան ամերիկեան քաղաքական կեանքի… խեղկատակութիւններով։ Նախագահական յառաջիկայ ընտրապայքարի կրկէսը բացուա՜ծ է եւ կը խոստանայ աւելի քան տարի մը հաճելի ժամանցի դրուագներ ներկայացնել զանգուածներուն, զանոնք զբաղեցնել դատարկաբանութեան նորագոյն հնարքներով, ամենէն ուժեղ մրցակիցը դառնալով պատկերասփիւռի սնամէջ կատակերգութիւններուն…
ԵԴՈՒԱՐԴ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Կոմիտա՜ս…
Հայ բազմադարեան մշակոյթի անպարագիծ մեծութիւնը։
Կոմիտա՜ս…
Հայ երաժշտութեան ոգեղէն տաճարը եւ հայ հոգիի խորհրդանիշը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս ծնած է Ափրիկէի Տագաստէ քաղաքը՝ նախկին Նումիտիան, այժմ Ալճերիա, 354 թուականին։ Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն Սուրբ Օգոստինոս բարձրացած է աստուածային Սիրոյ եւ Միութեան գագաթնակէտերը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ այս տարի 28-րդ անգամ կազմակերպուած ամրան սթաժի ծրագիրը եզրափակուեցաւ յաջողութեամբ։
ՏՔԹ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ջերմակորիզային համաձայնութիւնը, որ կնքուեցաւ Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ, Իրանի եւ վեց գերպետութեանց միջեւ, անկասկած պատմական անկիւնադարձային, ուշագրաւ դէպք մըն է։ Այդ վեց պետութիւններն են Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամները - Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան ու Չինաստանը - ինչպէս նաեւ Գերմանիան։ Այս առիթով մասնակից եղաւ Եւրոպական միութիւնը եւս։
Կիւմրիի ոճրագործի դատավարութեան առաջին փուլին լայն արձագանգները կը շարունակուին:
Փաստաբանները կը դժուարանան համոզուիլ, թէ Փերմեաքով առանձին էր Աւետիսեանները սպաննելու ժամանակ:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ հրապարակեց կանխահաս ընտրութեան թուականը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Ժամանակ կորսնցնելու հետամուտ չեղայ ու պիտի չըլլամ»:
Հայաստանի մէջ այս շրջանին վերանորոգման կ՚ենթարկուի Օձունի պատմական վանքը։ Երկրի հիւսիսին գտնուող այս հնամենի սրբավայրը Հայաստանի ճարտարապետական ժառանգութեան կարեւորագոյն հարստութիւններու շարքին կը դասուի։