Արխիւ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ըստ ծնողքիս, պէտք է բժիշկ ըլլայի։ Դպրոցական տարիներուն արձանագրած փայլուն յաջողութիւններուս սլաքը միայն ա՛յդ կողմը ցոյց կու տար։ 90-ական թուականներուն դեռեւս ընդունուած համոզմունք էր, որ ամենադժուարը բժիշկ ըլլալն է, ուրեմն, դժուարը գլուխ հանողները՝ աշխատասէր ու փայլուն աշակերտները բժշկութիւն կ՚ուսանին ու տոքթոր կ՚ըլլան։
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ամօթալի գայթակղութեան մը վերածուած՝ համայնքային հաստատութիւններու ի նպաստ նուիրահաւաքման համակարգի կացութեան կը վերաբերի այս յայտարարութիւնը, որ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն թողարկուեցաւ Գումգաբուէն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հասարակութեան մը մշակոյթը կարելի է հասկնալ անոր գրաւոր եւ բանաւոր գրականութենէն։ Լեզուն մտքի արտացոլումն է որպէս մշակոյթի կրողը: Ամենաընդհանուր ձեւակերպմամբ՝ մշակոյթը կը կազմէ մեր մտածումները, գործողութիւնները, համոզումները եւ արտայայտութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդունելով հանդերձ, թէ Հայաստան շատ կանուխէն ունեցած է իր առաջին հրեայ քարոզիչները կամ առաքեալները՝ որոնք ուղղակի կամ անցողակի եկած եւ աւետարանած են Քրիստոսի կրօնը, ընդունելով այդ, պէտք է նկատի առնել նաեւ, թէ Հայաստանի շրջակայ երկիրներն ալ կրնային ունեցած ըլլալ իրենց ազդեցութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հին ժամանակաշրջանի մտայնութիւնը աւելիով հասկնալու համար պէտք է աչքէ անցընել նաեւ օրէնքները։ Մարդկային պատմութեան ու քաղաքակրթութեան մէջ մեծ դեր ունին օրէնքները, որոնք եղած են միջոց ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը վերացնելու եւ զանազան հարցերու մասին յստակ բարոյական կեցուած որդեգրելու եւ վստահաբար օրէնքները սերտած ժամանակ պէտք է մօտէն ուսումնասիրենք Համմուրապիի օրէնքները, որոնց ընտանիքի մասին օրէնքները կարեւոր դեր ունին հասկնալու համար ծնողք եւ զաւակ յարաբերութիւնները:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկսը այս օրերուն կ՚այցելէ Զուիցերիա։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ ուղեւորութիւնը կը տեւէ շաբաթ մը։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
«Գիտցի՛ր հայ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու եւ խօսք ունիս ասելու այս նամարդ աշխարհին։ Հիւր ենք այստեղ ու դատ ու դատաստան ունինք։ Երկիր ունինք։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ տպագրութեան պատմութիւնը անհնար է պատկերացնել առանց տառատեսակներու։ Հայ առաջին տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտի եւ անոր հետեւորդներու հիմնած գործը բաւարար չէր հայ տպագրութեան պատմութիւնը կատարելագործելու համար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաճախ կը լսենք կամ կը կարդանք հետեւեալ արտայայտութիւնը, թէ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ», եւ ոմանք ալ ցաւով կ՚արձանագրեն, թէ «մեր ազգը դժբախտաբար պատմութենէն դասեր չի՛ քաղեր եւ ամէն անգամ նոյն սխալին մէջ կ՚իյնայ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեր սրտերը պատրաստեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. քանզի անիկա ողորմած եւ գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ է եւ չարիքի համար կը զղջայ». (ՅՈՎԷԼ. Բ 13)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այո, հին ժամանակ նահապետական կարգով հայրը տան բացարձակ հեղինակութիւնն էր, սակայն իր ուսերուն ունէր կարեւոր պաշտօն մը (ինչ որ այսօր եւս կը շարունակուի). մեր օրերուն շեշտը աւելիով կը դրուի մայրերուն իրենց զաւակներուն փոխանցած դաստիարակութեան մասին (որովհետեւ մայր մը իր զաւակին հետ շատ աւելի ժամանակ կ՚անցնէ՝ քան հայր մը), սակայն, հին մշակոյթին մէջ շատ կարեւոր էր հօր ներկայութիւնը դաստիարակութեան մէջ, որովհետեւ բարձրագոյն հեղինակութիւն ըլլալով անոր ներդրումը շատ աւելի մեծ ու կարեւոր էր:
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ եւ Ղազախիստանի վարչապետ Օլժաս Պեքթենով երէկ վարեցին բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ եկան ուժանիւթի միջոցներու տարանցման հեռանկարները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ Ուաշինկթընի բազմակողմանի շփումները։ Ան երէկ մասնակցեցաւ Միջազգային կրօնական ազատութեան 5-րդ գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Կազզէի մէջ հրադադարի պահպանման ուղղութեամբ մեծ պատասխանատուութիւն կը վիճակի բոլորին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Մենք, դարձեալ մենք անհատի համար ենք, անհատի մէջ ենք ու միայն անհատի ետեւէն կ՚երթանք»:
Պիղատոսներ ենք պատմութեան առջեւ, որոշած ենք առանձինն քալել դէպի դժոխքի ճանապարհը՝ ոչինչ բաժնելով ուրիշներու հետ:
Կենսականն ու երկրորդականը ընդելուզուած են ամբողջութեամբ. երկրագունդի վրայ մոլորութիւն է՞ ուղղութիւն գտնելը դժուար է՝ քանի հաղորդակցութեան միջոցներու տեսակաւորութիւնը անսահմանափակ հնարաւորութիւննար կ՚ընձեռէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սիրվարդ Մալխասեանն ու Սարվէն Տանէն, որոնք իրեն նուիրեցին «İstanbul Ermenileri Ve Patrikleri» անուն գիրքը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժիշկներէն Արտաշէս Աքտաղ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոնը, որ իր պաշտօնավարութեան շրջանին առաջին անգամ այցելեց Գումգաբու։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երէկ ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ իր երիտասարդ միաբաններէն Տ. Անանիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գուճանեանին, որ վերջին օրերուն ցաւալի ոճիրի մը զոհ գացած էր՝ իր հովուական պաշտօնին գլուխը։