Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Փորձենք թարգմանել գրեթէ բոլորի ծանօթ այն զգացումը, որով մարդիկ յառաջընթաց կ՚արձանագրեն յարաբերութիւններու մէջ։ Բացատրելու փոխարէն սխալ հասկցուիլը յանձնուելու լաւագոյն ձեւն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզնար, չի հպարտանար… միայն ինքզինք չի մտածեր…». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-5)։
Եսասիրութիւնը եւ նախանձը կարծես անասնական բնազդում մըն է, ամէն անհատ աշխարհի վրայ առաջին անգամ ինքզինք կը սիրէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի մերօրեայ ղեկավարութիւնը իր որոշումները քիչ մը շուկայական հասարակութեամբ կը կայացնէ. նախքան որոշում մը կամ օրէնք մը հրապարակելը շա՜տ աննշան ակնարկ մը կ՚ընէ անոր շուրջ, ստուգելու եւ տեսնելու ժողովուրդին հակադարձութիւնը, անոր ազդեցութեան լոյսին տակ որոշելու հրապարակել նման յայտարարութիւն, թէ ոչ:
Երեւանն ու Թիֆլիզը կը ձգտին առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերել իրարու՝ որպէս ռազմավարական գործընկեր:
Իրակլի Քոպախիծէի խօսքով՝ Հայաստան-Վրաստան համագործակցութիւնը կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ու մեծ ջանքերով պէտք է ամրանայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ Կազզէի հարցի յստակ լուծման պատկերացումը կը պակսի:
Տանըլտ Թրամփ այս ամիս Սպիտակ տունէն ներս պիտի տեսակցի Պենիամին Նեթանիյահուի հետ, որու կառավարութեան ապագան անորոշ կը մնայ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Վարչապետը վերջին շրջանին հեղինակը դարձաւ երկու կարեւոր յղացքներու՝ «Իրական Հայաստան» եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ». ռազմավարական առումով շատ կարեւոր հայեցակարգեր, որոնք մինչեւ 2020-ի պատերազմը Հայաստանի քաղաքական մտահորիզոնին մէջ այսքան պարզ, բնորոշ ու կուռ սահմանում չէին ստացած։
Հայաստան-Վրաստան առանցքը միշտ բանուկ՝ Հարաւային Կովկասի յարափոփոխ ու բախտորոշ իրադրութեան պայմաններով:
Երեւան եւ Թիֆլիզ կ՚ընդգծեն իրենց գործընկերութեան ռազմավարական բնոյթը՝ յստակօրէն շեշտելով զայն ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը:
Անգարայի մէջ, երէկ, կարեւոր հաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Էօզպեքիստան ձեւաչափով եռակողմանի այս հարթակին վրայ որոնումներ տեղի կ՚ունենան՝ տարածաշրջանային երթուղիներու, ուստի զուգահեռաբար՝ տարանցման հնարաւորութիւններու ընդլայնման, տեսակաւորման ուղղութեամբ։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ աշխատանքները անընդհատ կը շարունակուին՝ մասնաւորապէս կազմակերպչական եւ կառոյցներու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից քահանաներու հերթական խումբը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ երաժիշտ, յօրինող, խմբավար, քանոնահար, աւանդական շարականներու մեկնաբանող, հայ աւանդական հոգեւոր երաժշտութեան եւ երգասացութեան մասնագէտ Արամ Քերովբեան հեղինակ է հայկական ձայնային երաժշտութեան, եկեղեցական երգեցողութեան պատմութեան եւ փոխանցման, համակարգի նիւթերով բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին աւելի քան վեց տարիներու ընթացքին այլեւս զարմանալի ու տարօրինակ չէ, որ Հայաստանի ղեկին յայտնուող անձնաւորութենէն որոշ ժամանակը մէկ «նորութիւն» մը, «նորարար գաղափար» մը լսենք, որ չե՛ս գիտեր, թէ ո՞ր ախոռէն, կամ ո՞ր յիմարանոցէն կը բերէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչ մատեանի գիրքերու հեղինակները զանազան աստիճանի կրթութիւն ունէին եւ զանազան կարգի կը վերաբերէին։ Ոմանք օրէնսդիր եւ օրէնսգէտ էին, ինչպէս Մովսէս. ուրիշներ՝ սաղմոսերգու եւ բանաստեղծ, ինչպէս Դաւիթ եւ Սողոմոն. ոմանք՝ զօրավար, ինչպէս Յեսու, ոմանք՝ քահանայ, ինչպէս Եզրաս, ուրիշներ՝ հովիւ, ինչպէս Ամովս, տէրութեան պաշտօնեայ՝ ինչպէս Դանիէլ, գրագէտ՝ ինչպէս Պօղոս, կամ ձկնորս եւ «տգէտ եւ առանց ուսումի մարդիկ»՝ ինչպէս Պետրոս եւ Յովհաննէս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօրուան մեր թիւով կ՚ուզենք վերջ դնել մեր «Հաշուետուութիւն» խորագրեալ յօդուածին, յոյս ունենալով, որ միւս տարի՝ յունուար ամսին բախտաւորութիւնը կ՚ունենանք դրական ձեւով գրելու բոլոր այն գործերուն ու ձեռքբերումներուն մասին, ինչ որ պիտի ունենայ «Աւանդութիւններուն վերակենսաւորման տարի»ն.
Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա անմիջական կապի մէջ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներուն շուրջ:
Անգարա երթուղիկներու եւ հաղորդակցութիւններու ցանցերու զարգացման համար նոր նախաձեռնութիւններու հետամուտ:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Պզտիկ էինք…Կախարդ բառէն կը սոսկայինք։ Կախարդը գէշ եւ չար կին կամ մարդ էր, տուները կը քանդէր, սիրածները կը բաժնէր, հարս ու կեսուր իրար կը ձգէր, թուղթ ու գիր կ՚ընէր, ի՛նչ ըսես, որ չէր ըներ… Յետոյ կախարդները չար աչք ալ ունէին…
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ժողովո՞ւրդ:
Ի՞նչ ժողովուրդ է ասիկա, որ ամբողջ գիշերը մինչեւ առաւօտեան կողմերը կը գովէք, մինչ ան բերանով մէկ կը յօրանջէ ովկիանոսէն մինչեւ ծոց:
Ձեր լեզուներով խաշեցէ՛ք զայն ո՜վ բանաստեղծներ, գրողներ եւ վիպասաններ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն…». (ՄԱՏԹ. Ե 3)։
Կարելի չէ ուրանալ, թէ հարստութենէն աւելի աղքատութիւնն է, որ կը խթանէ ճիգը, ինքզինքին ընդարձակումը։ Ուստի, ստացուածքներէ աղքատանալը ուժերով հարստանա՛լն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ ուսումնասիրենք մարդկային պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ մարդ արարածին համար ինչքան կարեւոր եղած է աւանդութիւնը, որոնք դարերու ընթացքին ձեւաւորուելով կազմած են մարդկային ըմբռնումն ու հասկացողութիւնը:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձու Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է այս վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Հորոզօղլուները խմբագրատունս այցելեցին՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։