Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահը Լոնտոնի մէջ կ՚ունենայ բազմակողմանի շփումներ՝ հիւրընկալուելով ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Մասնաւորապէս կը սպասենք այն օրերուն, երբ Հայաստանի ղեկավարութենէն պիտի տեսնենք տրամաբանական մօտեցումներ»:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ առաւօտ սկսաւ տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի աւանդական մրցաշարքը, որ 14-րդն է իր նմաններու շարքին։ Համայնքային միջնակարգերէ ճատրակի խումբերու մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս եռօրեայ մրցաշարքը
Փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներուն բերումով թէեւ մեր բազում համայնքային կառոյցներ նիւթական նոր միջոցներ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան, սակայն, դժբախտաբար, համայնքային ընդհանուր անկազմակերպ վիճակին հետեւանքով պոլսահայ կրթական կեանքէն ներս նիւթական անբաւարարութիւնները կը մնան առկայ։ Այս ամբողջին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր Կեդրոնական վարժարանն ալ կը դիմագրաւէ նիւթական լուրջ անբաւարարութիւններ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լուսինէ Յովհաննիսեան լրագրող, հրապարակախօս է: Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն, աշխոյժ լրագրողական գործունէութիւն ունեցած է այդ տարիներուն լոյս տեսած «Անկախութիւն», «ԱՐ», «Շրջան», «Այժմ» շաբաթաթերթերուն մէջ:
ՀՐԱՆԴ ՆՈՐՇԷՆ
2007-ին Փարիզի 12-րդ թաղամասին մէջ կը բացուէր Գաղթականութեան պատմութեան ազգային ոստանը։ 1931-ին կառուցուած շէնքը նախապէս կը կոչուէր «Գաղութներու թանգարան»։ Հոն կը ցուցադրուին Ֆրանսայի պատմութեան մէջ շուրջ երկու հարիւր տարուան գաղթականութեան վերաբերող զանազան նիւթեր՝ «աշխատանք», «մշակոյթ», «ապրելու վայր», «կրօնք», «նոր կեանք», «մարմնամարզութիւն» եւ այլն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս որ ընտանիք մը, կամ իր լայն առումով՝ գերդաստան մը անդամներէ կը բաղկանայ, նո՛յնպէս եւ ընկերութեան եւ ընդհանրապէս ազգի մը համար ալ միեւնոյն առընչութիւնը պէտք է ընդունիլ։ Այս իմաստով ընկերութիւնը եւ ազգը լայն եւ մեծ ընտանիք մըն է՝ որուն անդամները այդ ընկերութեան կամ ազգին պատկանող անհատներն են։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի փոքրերու կազմը շաբաթավերջին կազմակերպուած դաշտահանդէսով մը եզրափակեց ներկայ եղանակի աշխատանքը։ «Մարալ»ի շուրջ իննսուն փոքրիկները այս առթիւ մեկնեցան Սկիւտար՝ Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի ընդարձակ պարտէզին մէջ զուարճանալու համար։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պալէի խանդավառ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համանուն սանուց միութիւնը անցեալ եղանակին Կարին Մարտիկեանի վերահսկողութեան ներքեւ կազմակերպած է պալէի դասընթացք՝ 22 փոքրիկներու մասնակցութեամբ։
Շաբաթավերջին Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի պարգեւաբաշխման արարողութիւնը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ապրիլ ամիսը հայ ժողովուրդին համար եղած է տագնապի, դժբախտութեան, կեղեքումի ամիս մը, սակայն ան միաժամանակ վերազարթօնքի, յարութեան եւ գօտեպնդման ամիս է։ 2016 թուականի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմը դժբախտացուց բազմաթիւ հայերու օճախները՝ հարիւրէ աւելի զոհեր խլելով եւ շուրջ երկու հարիւր երիտասարդներ հաշմանդամ դարձնելով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խստաշունչ եւ մռայլ ձմեռուան մը տիրապետութենէն ազատագրուած՝ գարունի արեւոտ եւ հաճելի՜ օր մը վայելել ո՜րքան կը փոխէ մարդուս ընդհանուր տրամադրութիւնը։ Տակաւին գրեթէ ձմեռուան ազդեցութենէն բոլորովին չփրկուած այս օրերուն, ամառուան եղանակի յատուկ զբօսանքը, ամէն մարդու վրայ սփոփարար տպաւորութիւն մը կը թողու բնականաբար։
Հայաստանի նորանշանակ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այս առաւօտ պաշտօնապէս ձեռնարկեց աշխատանքի։ Տարիքով բաւական երիտասարդ Մխիթար Հայրապետեան դիմաւորուեցաւ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանի կողմէ։
Շաբաթավերջին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմը ստացաւ իր վերջնական տեսքը։ Շաբաթավերջի նշանակումներով յայտնի դարձաւ նաեւ Հայաստանի նոր արտաքին գործոց նախարարին անունը։ Այսպէս, վերջին տասն տարիներուն պաշտօնավարած Եդուարդ Նալպանտեանին կը յաջորդէ Զօհրապ Մնացականեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նոր վարչապետը Սոչիի մէջ կը մասնակցի ԵԱՏՄ-ի գագաթաժողովին:
Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ձեռնարկեց շփումներու. օրուան ընթացքին հանդիպում՝ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան հրաւիրեց պոլսահայ աշխարհահռչակ տնտեսագէտը:
Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու ընդունած է հրաւէրը եւ այցելութեան ժամկէտը պիտի ճշդուի յառաջիկայ շրջանին:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Խօսելէ առաջ մարմնի ջրանուազումի (Dehydration) մասին՝ կ՚ուզեմ որոշ տեղեկութիւններ տալ ընթերցողներուն ջուրի կարեւորութեան եւ դերակատարութեան՝ մարմնի առողջութեան պահպանման մէջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միշտ ողջունելի է, երբ յատկապէս արաբական պահպանողական երկիրներու մէջ բարեփոխումներ տեղի կ՚ունենան, եւ մանաւանդ երբ այդ բարեփոխումներէն կիներն ալ կ՚օգտուին: Անշուշտ փափաքելի է, որ ատոնք միայն ժամանցի եւ զուարճանքի բնոյթ չունենան եւ ընդգրկեն բոլոր ասպարէզները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի Ներքին գործոց նախարար Նուհատ էլ Մաշնուք, որ անցեալ Երկուշաբթի օր մամլոյ ասուլիս մը տալով ամփոփեց ընտրութիւններուն արդիւնքները՝ յայտարարեց, որ անոնք տեղի ունեցան ապահով եւ անվտանգ մթնոլորտի մը մէջ:
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն շուրջ։ Այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, որու խօսքերը արձագանգ գտան նաեւ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։
Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ Երկուշաբթի Վլատիմիր Փութինի կողմէ պիտի հիւրընկալուի Սոչիի մէջ:
Ըստ Stratfor-ի վերլուծական կեդրոնին, Ռուսաստան առաւելապէս շահագրգռուած է Հայաստանի կայունութեամբ: