Արխիւ
Տատեան վարժարանի ընտանիքը վերջին օրերուն ընդունեց Երեւանէն խումբ մը հիւրեր։ Այսպէս, տատեանցիները հիւրը եղան Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն ներկայացուցիչներ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմը երէկ հաստատութեան համակիր տիկիններուն համար կազմակերպեց նախաճաշի հաւաքոյթ մը։ Ֆլորիայի «Ուլուտաղ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթը, որ կազմակերպուած էր Մայրերու օրուան նախօրեակին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յինանց 7-րդ Կիրակին կը կոչուի «Երկրորդ Կիրակի», պարզապէս այն պատճառով, թէ՝ օրուան Ճաշու Աւետարանը Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի մասին է, ինչպէս կը վկայէ Յովհաննէս Աւետարանիչ. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 12-23)։
Ըստ եկեղեցական օրացոյցին, «Երկրորդ Կիրակի»ն, այս տարի կը հանդիպի 13 Մայիս Կիրակի օրուան։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Երբ Պետրոս Կաթողիկոս Ձորովանքէն Անի կը վերադառնար, հրաման կը տրուի, որ ձերբակալեն զինք՝ իբրեւ կասկածելի մէկը յունական կայսրութեան ծառայող։ Այդ ժամանակ աթոռը պարապ չթողելու համար, Սանահին վանքի վանահայր Դէոսկորոսը կաթողիկոս կ՚օծուի։
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն շուրջ։ Այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, որու խօսքերը արձագանգ գտան նաեւ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։
Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ Երկուշաբթի Վլատիմիր Փութինի կողմէ պիտի հիւրընկալուի Սոչիի մէջ:
Ըստ Stratfor-ի վերլուծական կեդրոնին, Ռուսաստան առաւելապէս շահագրգռուած է Հայաստանի կայունութեամբ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 186-րդ տարեդարձը նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն հանդիսութիւններով ու աւանդական շուքով։
Խանդավառ արարողութիւններուն նախագահեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ՝ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութեան ջանքերով արձանագրուած ոստումին մասին։
Գթութեան յարկի համալիրէն ներս անմահացաւ երախտաշատ ու անմոռանալի անունի մը՝ հոգելոյս Փիլօ Աթանի յիշատակը եւ իր 20-ամեայ վաստակը կը յաւերժանայ նոր բաժանմունքով մը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Այս տեսակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալով ստեղծուած իրավիճակը եւ տարածքաշրջանի ընդհանուր կացութիւնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Հայաստանի կառավարութիւնը այս առաւօտ առաջին նիստը գումարեց նոր վարչապետի գլխաւորութեամբ
Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու մասին - Նոր նշանակումները օրակարգի վրայ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ըրած է տեղին կարգադրութիւն մը։ Հաստատութեան համալիրէն ներս երէկ պաշտօնապէս բացուեցաւ նոր բաժանմունք մը, որ ձօնուած է հոգաբարձութեան նախկին ատենապետներէն Փիլօ Աթանի յիշատակին ու վերանուանուած՝ համապատասխանաբար։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պատշգամիս թաղարի վարդատունկին վրայ այսօր բացուեցաւ գինեգոյն թաւշեայ վարդս, քաղեցի զայն որպէս առաջինը այսօրուան մտադրութեանս:
Զգլխիչ է կլիման, ոչ տաք, ոչ պաղ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քննադատութիւն՝ բան մը, որ անպակաս է մարդկային կեանքին մէջ, մանաւանդ ընկերային-հաւաքական կեանքին մէջ, եւ չկայ օր մը, որ մարդ չքննադատէ ուրիշ մը եւ չքննադատուի ուրիշի մը կողմէ։ Բնական է ասիկա, քանի որ քննադատութիւնը ընկերային յառաջդիմութեան կարեւոր ազդակներէն մին է։
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեան ստացաւ իր ասան՝ ձեռամբ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի: Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան յանձնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նոր վարչապետը երէկ անդրանիկ մամլոյ ասուլիսը սարքեց Ստեփանակերտի մէջ, ուր տուաւ առաջին այցը:
Նիկոլ Փաշինեան. «Փոխզիջումներու մասին կարելի է խօսիլ՝ երբ Պաքուն ըսէ, որ պատրաստ է ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն Սան Խոսէի պետական համալսարանի պատուիրակութիւնը։ Խումբի գլուխը կը գտնուէր համալսարանի վերատեսուչ Մարի Փափազեան։
Շիշլի մարզակումբը վերջերս ճատրակի մէջ ունեցած է շարք մը կարեւոր յաջողութիւններ։ 2017-2018 շրջանի Իսթանպուլի փոքրերու եւ աստղերու մրցաշարքերուն մէջ շիշլիցիները դասուած են դափնեկիրներու շարքին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի համար քաղաքական իրարանցումի եւ փոփոխութիւններու վերջին օրերուն աննկատ մնաց մշակութային կարեւոր իրադարձութիւն մը՝ այդ օրերուն Հայաստանը փայլուն կերպով ներկայացաւ Մալթայի Միջազգային երաժշտական փառատօնին:
Գրաբարէն աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մայիս ամիսը քրիստոնեայ աշխարհին համար յատկանշական է անով, որ այս ամիսը ան նուիրած է Ս. Մարիամ Աստուածածինին: Սխալ կարծիք կայ այն մասին, թէ Կաթոլիկ Եկեղեցին շատ աւելի մեծ կերպով յարգանք կը տածէ Մայրիկ Աստուածածինին նկատմամբ, քան միւս եկեղեցիները: