Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

Կը տեղեկանանք, որ վերջերս Մոնրէալ այցելած է բանասէր եւ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Ըստ «Հորիզոն» թերթի հաղորդումներուն, Մոնրէալի Պոլսահայ միութեան երդիքին տակ իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է գիրքի շնորհանդէս մը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

Վերջին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններով ձեւաւորուած Շիշլիի նոր քաղաքապետական խորհուրդը վերջերս գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Քաղաքապետական խորհուրդի այս առաջին ժողովին ընթացքին ձեւաւորուեցան զանազան յանձնախումբերը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ այս առաւօտ մեր համայնքի արժէքաւոր իրաւաբաններէն Սեդրակ Տավութհանին շնորհուեցաւ յուշամետայլ մը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ մտահոգիչ դէպք մը, որով հրկիզուեցաւ տեղւոյն «Արարատ» հայկական գերեզմանատունը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գերեզմանատան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնած է, որ այս բոլոր միջադէպերը ատելութեան նպատակաուղղուած յանցագործութիւններ են։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

«Կովերու պարտէզ»ի տագնապը պայմանաւորուած է Երուսաղէմի կարգավիճակը փոխելու ուղղեալ փորձերով:
Լեմքինի կաճառը կոչ ուղղեց, որպէսզի ջնջուի Պատրիարքարանի եւ «Xana Gardens»ի միջեւ կնքուած գործարքը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

Այսօր հեղինակաւոր գրականագէտ ու յայտնի արուեստաբան Երուանդ Տէր-Խաչատրեան կը դառնայ 75 տարեկան։ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս նախատեսուած է յոբելենական յատուկ հանդիսութիւն մը, որ կը համախմբէ մշակութային շրջանակները, գեղարուեստասէրները եւ բոլոր անոնք, որոնք Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի բազմամեայ ու բազմակողմանի գործունէութիւնը բարձր կը գնահատեն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի արարողութիւն մը։ Այսպէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպսկ. Մաշալեան ստացաւ ծայրագոյն վարդապետութեան տասն աստիճանները։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Արցախի թեմական խորհուրդի անդամներն ու Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Արհեստական վիժում» խորագիրը կրող մեր գրութիւնը, որ գրած ենք 21 մայիս 2014-ին: Զայն կը հրապարակենք, նկատի ունենալով, որ վիժումի հարցը այսօր եւս կը չարչրկէ մարդկութիւնը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յառաջիկայ սեպտեմբերի 21-ին՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին Պատմութեան թանգարանին մէջ կը բացուի կարեւորագոյն ցուցահանդէս մը՝ «Մայր աստուածութիւն. Անահիտէն՝ Մարիամ» խորագրով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մշակոյթը տեւաբար մարդկային գործունէութեան հիմնական ու կենարար մասն է։ Մարդկութիւնը միշտ կարիքը զգացած է մշակոյթի, իսկ ընդհանուր մշակութային կեանքը անբաժան մասը եղած է ժողովուրդներու եւ հասարակութիւններու գործունէութեանց:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Հայրն ու մայրը անիծելու մասին բան գրա՞ծ է առակագիրը:
Պատասխան.
Այո՛: Կը կարդանք. «Ով որ իր հայրն ու մայրը կ՚անիծէ, անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի» (Առ 20.20): 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յակոբոս առաքեալ իր ընդհանրական նամակին մէջ կը զգուշացնէ հաւատացեալները զիրար դատելու վատ սովորութեան դէմ։ Ան կ՚ըսէ. «Մէկզմէկ մի՛ բամբասէք. ան որ եղբայրը կը բամբասէ կամ իր եղբայրը կը դատէ, օրէնքը կը բամբասէ եւ օրէնքը կը դատէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայրիկ իր աշխատութեան երրորդ գլուխին մէջ կը խօսի Հայոց Նահապետական ընտանիքին մասին եւ սքանչացումով կը դիտէ անցեալը, մարդիկ «զարգացած» չէին ինչքան այսօր, սակայն իրենց անուս վիճակին շատ աւելի առաքինի, օրինակելի կեանք մը կ՚ապրէին՝ քան մենք նոր սերունդի «ուսեալ»ներս:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ գիշեր Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած են դարձեալ զանազան դէպքեր

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչը, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդունուեցաւ Հայաստանի մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կազզէի պատերազմով պայմանաւորուած վիճակին մէջ Իսրայէլը կը հալածէ համակարգային փլուզման վտանգը:
«Բոլորի զօրակոչուած» կացութեան զուգահեռ՝ անվստահութիւնը կը խորանայ յատկապէս երկրի բանակի պարագային:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

«Մարդը հանրագումարն է ո՛չ թէ տիրացածներուն, այլ տակաւին չիրագործածներուն», կ՚ըսէ Սարթր։ Անշուշտ, սա անհատական կտրուածքով է։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ հայ իրականութեան օրակարգին վրայ։ Շաբաթավերջին սաղիմահայութիւնը հերթական ահազանգը հնչեցուց՝ ազգապատկան «Կովերու պարտէզ» կալուածի գործարքով պայմանաւորուած տագնապին զուգահեռ։

Էջեր