Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տարի մը առաջ օգոստոսին Պէյրութի մէջ որոտացած աղէտալի պայթումը կը շարունակէ մնալ կիզակէտային։ Անշուշտ այսօրուան դրութեամբ ամբողջ Լիբանանի համար հիմնական խնդիր կը համարուի պայթումի թղթածրարին փակումը ու յանցաւորներուն բացայայտումը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին ուղարկեց շնորհաւորական մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը շարունակէ շնորհաւորականներ ստանալ աշխարհի զանազան երկիրներու իր պաշտօնակիցներէն։ Այս ամբողջին մէջ իր նշանակումը շնորհաւորեց նաեւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եի, որ միեւնոյն ժամանակ այդ երկրի Պետական խորհուրդի անդամ է։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Սա երկու ղեկավարներու վերջին շրջանի հերթական հեռախօսազրոյցն էր, որու ընթացքին անոնք անդրադարձան տարածքաշրջանի իրավիճակին եւ վերջին իրադարձութիւններուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համերգով մը հանդէս եկաւ «Պողազիչի» երիտասարդական երգչախումբը՝ Մասիս Արամ Կէօզպեքի մականին ներքեւ։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ անցեալ շաբաթ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շրջանին բժշկական հսկողութեան տակ է եւ նկատի ունենալով, որ համաճարակի շրջանով պայմանաւորուած յաւելեալ ռիսքեր խնդրոյ առարկայ են՝ բժիշկներու խորհուրդով իր շփումները սահմանափակուած են եւ չ՚ընդունիր այցելութիւններ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան. ­«Փառք Տիրոջ, այս խառնակ ու փորձանաշատ ժամանակներուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նաւարկէ շրջահայեացութեամբ խաղաղ, անվրդով: Ուստի, իր բազմափորձ կեանքով ու մեծավաստակ անձով Ամենայն Հայոց Հայրապետը մեզի՝ հոգեւոր սպասաւորներուս համար օրինակելի է»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէնի հարցազրոյցը «Արմէնփրէս» գործակալութեան՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առթիւ:

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

2021 թուականի Եւրոպայի ճատրակի առաջնութիւնը պատմական յաջողութեան մը թատերաբեմը հանդիսացաւ հայկական մարզական աշխարհին տեսակէտէ։ Այսպէս, նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ իգական սեռէ ճատրակի վարպետ մը հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուս նախարարը նշանակման կապակցութեամբ բարեմաղթութիւններ յղեց հայ պաշտօնակցին։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը։ Մոսկուայի մէջ ռուս ղեկավարը ծաղկեփունջով մը դիմաւորեց գերմանացի շանսէօլիէն, որ յառաջիկայ ամիս արդէն մեծ քաղաքականութենէ պիտի հեռանայ։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին շնորհաւորական մը ուղարկեց՝ ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ Երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն անդրադարձան Աֆղանիստանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ կանգ առին հաւանական գաղթի ալիքին վրայ։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Յաճախ լսած ենք, թէ մարզական խաղերու եւ մրցումներու ընթացքին՝ յաղթելը կամ պարտուիլը կարեւոր չէ՝ այլ մասնակցիլը։ Մարզական ոգին այդ կը պահանջէ, չէ՞։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

2018-ի ամրան առաջին օրերը գեղեցիկ օրեր չէին մեր եկեղեցւոյ համար։
Հայաստանին բարիք բերելու միտումով յաջողութեամբ պսակուած յեղափոխութիւնը, որ կամաց-կամաց կը տարածուէր երկրի բոլոր համակարգերուն մէջ, կը ստեղծէր անօրինութեան այնպիսի տխուր մթնոլորտ մը, որուն հետեւանքները ցայսօր ալ կը շարունակուին։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

Այսօր կը լրանայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ծննդեան 70-րդ տարեդարձը: Այս առիթով յատուկ հարցազրոյց մը ունեցանք իր գահակալութեան շրջանի ձեռնասուններէն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանի ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Պարոյր Ա Քհնյ. Աւետիսեանի հետ:

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարասփիւռ զաւակներուն հայեացքը այսօր դարձեալ ուղղուած է դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այսօր ո՛չ տաղաւար է, ո՛չ տօն, ո՛չ կարեւոր ժողով մը կամ հանդիպում մը կայ եւ ո՛չ ալ նախատեսուած է ձեռնարկ մը։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, 21 օգոստոս 2021-ին կը լրանայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ծննդեան 70-ամեակը: Կեանք մը, որ շաղկապուեցաւ ու կը շարունակէ շաղկապուիլ հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ:

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 30 յուլիս 1908 թուականին, գրիչ մը հայ ազգի ղեկը ստանձնած անձանց ընթացքէն վրդոված, «Զիկ-Զակ» պատկերազարդ ծաղրաթերթի երկրորդ էջին մէջ անոնց տարած գործունէութիւնը կը բնութագրէ հետեւեալ տողերով.-

Ուրբաթ, Օգոստոս 20, 2021

Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած ուխտի շաբաթը այս տարի անցաւ բացառիկ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ ուխտի շաբաթը, որ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի բացառիկ եռանդով կեանքի կոչուեցաւ։

Էջեր