Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս այսօր, անցեալին եւս մարդոց համար մեծ նշանակութիւն ունէր իրենց «արժէք»ներն ու «սրբութիւն»ները, այդ իսկ պատճառով երբ քրիստոնէութիւնը սկսաւ տարածուիլ, շատ մը հեթանոս աւանդութիւններ ու տօներ պահուեցան՝ իրենց գոյնը հեթանոսութենէ քրիստոնէութիւն փոխելով, որովհետեւ անոնցմէ շատեր հոգեւոր պաշտամունք ըլլալէ աւելի անբաժանելի աւանդութիւն մըն էր մարդոց համար:

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ շփումներու եւ այցելութիւններու երթեւեկը կը շարունակուի թափով։ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ միջոցէ մը ի վեր կը տիրէ գարնանային մթնոլորտ։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ դրական օրակարգը թափով յառաջ կը տարուի:
Նախագահներ Էրտողան եւ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ պիտի քննարկեն Անգարա-Ուաշինկթըն համագործակցութեան ապագան:

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ վաղը տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները. կան նաեւ հայ համայնքէն թեկնածուներ:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնին համար ընտրապայքարը ամբողջ երկրի ուշադրութեան առարկայ:
ԱՔ կուսակցութենէն Մուրատ Քուրումի եւ ՃՀՓ-ական Էքրէմ Իմամօղլուի բուռն մրցակցութեան արդիւնքը կրնայ անմիջականօրէն ցոլանալ ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւններուն վրայ:

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի՝ ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցին.

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Իր՝ Ատրպէյճանին ամէն ինչ զիջելու մոլուցքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնը կը կիրառէ «խորամանկ» հնարք մը. իբր թէ Տաւուշի սահմանի մեր դիրքերը իրականութեան մէջ Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածք են, հետեւաբար, այդ դիրքերը պէտք է յանձնել:

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Երկօրեայ քննարկում. «Հայաստանը՝ որպէս քաղաքական խաչմերուկ. պատմամշակութային առընչութիւններ»:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան կը հիւրընկալէ աշխարհի զանազան երկիրներէ բազմաթիւ փորձագէտներ:

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՚աջակցի՝ աղէտի ենթարկուած Կազզէի բնակչութեան:
Եգիպտոս հասած օդանաւով ուղարկուած են սնունդ, դեղօրայք եւ բժշկական առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ:

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան այս առթիւ լուաց թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաներուն ոտքերը։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն՝ հադիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ոտնլուայի արարողութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ խորանին վրայ հանդիսաւորապէս լուաց մանուկներու եւ պատանիներու ոտքերը, որոնք ստացան իր օրհնութիւնը։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աւագ ուրբաթ օրը եկեղեցւոյ կեանքին ամենէն սրբազնագոյն, նուիրական եւ միաժամանակ ամենածանր օրն է։ Այդ օրուան ընթացքին է, որ կը կատարուին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահն ու թաղումը։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Աւագ շաբթուան ներկայ խորհրդաւոր օրերուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալները երէկ հոգեւոր անբացատրելի ապրումներ ունեցան։ Աւագ հինգշաբթի եւ Աւագ ուրբաթ օրերու աւանդական արարողութիւնները արդէն հաւատացեալները կ՚առաջնորդեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ճայբուր կը գտնուի Հնդկաստանի Ռաճըսթան նահանգին մէջ։ Ան նստավայրն էր թագաւորական ընտանիքին, որոնք իշխեցին այս շրջանը եւ 1727 թուականին հիմնեցին այս «մանիշակագոյն» քաղաքը։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդոց հոգին կը նմանի անհուն ծովերու կոհակներէն ու յորձանքէն փրկուելու ջանացող նաւի մը, որու աշխատակազմին կ՚անդամակցին սիրտն ու միտքը։ Զգացումներու ու մտածումներու համադրումը կ՚օգնեն հոգիին՝ ազատելու փոթորիկներէ, ահագնակերպ ալիքներէ…

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Վեցերորդ ժամը հասածին պէս՝ բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ Իններորդ ժամուն՝ Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց եւ ըսաւ.- Էլօի՜, էլօի, լա՞մա սաբաքթանի, որ կը թարգմանուի՝ Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր». (ՄԱՐԿ. ԺԵ 33-34)։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այժմ ձեռքիս մէջ ունիմ Յ. Նալբանդեանի կողմէ մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ՝ 1939 թուականին Գահիրէի մէջ հրատարակուած «Մեր լեզուն» հայերէն լեզուի դասընթացք աշխատութեան Բ. գիրքը։

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Զանազան ձեռնարկներով եւ հանդէսներով դպրոցի բոլոր դասարաններու սաները հաղորդ դարձան տօնական շրջանի ուրախութեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Երէկ, Սուրբ Զատկի տօնին ընդառաջ, Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցը։ Տօնական օրերուն բնորոշ մթնոլորտի մէջ տղաքը գիրկընդխառնուեցան ջերմօրէն։ Երկու վարժարաններու աշակերտներուն համախմբումը ունէր յատուկ ծրագիր մը։

Էջեր