Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2024

ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմնին ժողովը՝ Անգարայի մէջ
Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ արժեւորուեցան շաբաթավերջի ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իրանի գծով յատուկ յանձնակատար Ապրամ Փէյլի վերջերս այցելեց Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային ուղեւորութիւնը ընդգրկեց Հայաստանը, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024

Ս. Զատկի առթիւ Թոփգաբուի ընտանիքը ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ Աւագ շաբթուան արարողութիւնները ընթացան բարձր տրամադրութեամբ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024

Սուրբ Զատկի համայնքային աւանդական ընդունելութիւնը այս տարի ստիպողաբար օր մը յապաղումով տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ:
«Այսօր ինչ որ կ՚ընենք մեր նախնիներու ըրածին շարունակութիւնն է, մաս կը կազմէ՝ ազգային կեանքի յարատեւութեան եւ քրիստոնէական ոգիի սերունդէ սերունդ փոխանցման ջանքերուն»:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024

Ս. Զատկի Մեռելոցը այս տարի բնորոշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի նախորդ գահակալ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի կիսանդրիի բացումով։ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ կանգնեցուած կիսանդրին գործն է քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024

ՃՀՓ կը բարձրացնէ իր յաւակնութիւններուն նշաձողը: ԱՔ կուսակցութիւնը կը ջանայ ժամանակ շահիլ: Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները ինչպէ՞ս պիտի ցոլանան Թուրքիոյ քաղաքականութեան վրայ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Անցեալին Եւրոմիութիւնը ամէն ջանք կը գործադրէր՝ փոխելու համար Թուրքիոյ մշակութային ու քաղաքակրթական մակարդակը եւ անոր եւրոպական չափանիշներ պարտադրելու ու կարգ մը պայմաններ յառաջ մղելով անդամակցութեան թեկնածու դարձնելու առումով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Արեւոտ ու տխուր իրականութիւններու այս աշխարհին մէջ, «ըսելիքս» նորութիւն մը պիտի չըլլայ, եւ չէ՛ իսկ: Բոլոր տուներէ ներս ալ նոյնը կրնայ պատահիլ: Խօսքս՝ այդ օր մեր տան մէջ, անժամանակ ծնունդ առած փոքր վէճի կամ վիճաբանութեան մասին է, մեր տան ամէնօրեայ խաղաղութիւնը «բզկտող»:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Բանսարկութիւնն ու շողոքորթութիւնը նո՞յն բանն են:
Պատասխան.
Եւ նոյնն են եւ նոյնը չեն: Նոյնն են, իրենց պատճառած արդիւնքով: Նոյնը չեն՝ կատարելու դիտաւորութեամբ: Թէ՛ բանսարկուն եւ թէ՛ շողոքորթը միեւնոյն նպատալը ունին՝ վնասել խնդրոյ առարկայ եղող անձը, կամ անձերը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Իտալիոյ ամենանշանաւոր գրողներէն է Էտմոնտօ տը Ամիչիս: Անոր «Սիրտը» վիպակը (իտալերէնով հրատարակուած 1886 թուականին) թարգմանուած է աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու՝ հռչակ բերելով գրողին:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդիկ կան՝ որ ուրախ են միշտ, կը խնդան, իսկ կան մարդիկ՝ որոնք միշտ տխուր են եւ կու լան միշտ։ Արդարեւ, ասիկա կարելի է տեսնել յաճախ, երբ նոյն պայմաններու մէջ եւ նոյն դէպքերուն ոմանք կը խնդան, ոմանք ալ կու լան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Լաւատեսութեան ու յոռետեսութեան պայքարները միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են. լաւատեսները մեղադրած են յոռետեսները, իսկ վերջիններս՝ մեղադրած են լաւատեսները՝ իրենց երազային համոզումներուն համար: Այդ պայքարը գոյութիւն ունի նաեւ մեր ազգային կեանքէն ներս, որովհետեւ մինչեւ այսօր (հակառակ ամէն տեսակ ամօթալի նահանջներուն) շատեր կը հաւատան, որ հայութեան կը սպասէ փայլուն ապագայ մը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Անկարելի է չափահաս ծառի մը ճիւղաւորուած անդամները շտկել, եթէ ծառը ծուռ է։ Ասիկա, մեզի ցոյց կու տայ նոյնինքն բնութիւնը՝ որ իւրաքանչիւրս կը վկայենք մեր կեանքի փորձառութեամբ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի ներկայ վիճակը հասկնալու համար քաղաքական լրահոսին հետեւելու կարիքը չունինք. բաւ է բանալ հայոց պատմութեան հին էջ մը եւ կարդալ... որովհետեւ ամբողջութեամբ կ՚ապրինք այն՝ ինչ ապրած ենք անցեալին եւ հակառակ ազգովի այդ բոլորին մէջէն անցնելով չենք կրցած դասեր քաղել:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, Հոլատայի վարչապետ Մարք Ռութէի, Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէտ Միրզիյոյեւի եւ Խրղըզիստանի նախագահ Սատըր Ճափարովի հետ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքները հիմնական փոփոխութեան ենթարկեցին Թուրքիոյ ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնները:
ՃՀՓ դարձաւ երկրի յառաջատար ուժը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան միշտ հաւատարիմ կը մնայ ազգային կամքի դրսեւորման ու կը շեշտէ, որ հասկնալի է քուէատուփէն դուրս եկած պատգամը՝ շնորհաւորելով նորընտիր քաղաքապետները: Էօզկիւր Էօզէլ դրական պատգամով արժեւորեց ստեղծուած նոր համայնապատկերը. «Չենք ուզեր, թէ ոեւէ մէկը պարտուած զգայ՝ անկախ իր քուէարկած կուսակցութենէն»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը կարգադրութիւններ ըրած էր, որպէսզի մանաւանդ՝ ձմրան դասընթացքներու մասնակից մանուկ կամ պատանի մարզիկները հաղորդ դառնան տօնի հրճուանքին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբեց Ս. Զատիկը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը։ Երէկ առաւօտ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարուան ընթացքին Տաղաւար հինգ տօներուն յաջորդող օրերը Մեռելոց կը կոչուին։ Եկեղեցւոյ հայրապետները այնպէս կարգաւորած են, որպէսզի մեռելներուն եւս՝ որոնք յաղթական եկեղեցին կը կազմեն, յիշեցնենք յարութեան մասին, որպէսզի անոնց յոյսը չմարի։

Էջեր