Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Հայաստան:
Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան հերթական ժողովը:
Քուէարկութեան կազմակերպման վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները կը յստակեցուին աստիճանաբար:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019

Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց մեծն Կոմիտաս Վարդապետը՝ իր ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Կոմիտասին ձօնուած գրական-երաժշտական հանդիսութիւնը մաս կազմեց Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի ձեռնարկներու շարքին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019

Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երաժշտահանդէս մը, որու մասնակցութիւն բերաւ մեցցօ սոփրանօ Նաթալի Պօղոսեան՝ նուագակցութեամբ Արտա Արտաշէս Ակօշեանի։ Նաթալի Պօղոսեան որպէս հիւր մենակատար մասնակցեցաւ այս համերգին եւ իրեն երգեհոնով ընկերացաւ Արտա Արտաշէս Ակօշեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արձագանգեց Հանրային նախաձեռնութեան միջոցաւ ընկերային ցանցերու վրայ իրեն հասցէագրուած կոչին:
Նորին սրբազնութիւնը բաց նամակին մէջ կանգ առաւ մեր եկեղեցւոյ վարդապետութեան նկատմամբ հաւատարմութեան անհրաժեշտութեան վրայ եւ ահազանգ հնչեցուց այն շրջանակներուն դէմ, որոնք կը ձգտին գրաւի տակ առնել մեր համայնքի ապագան. «Գուցէ ներկայ կանոնադրութիւնը հարիւր տոկոսով դիւր չէ եկած մեզի, սակայն միթէ պէտք է մսխե՞նք զայն ապահովածներու հաշիւները քուէատուփէն ետ դարձնելու հնարաւորութիւնը։ Ընտրական տուեալ պայմաններու սահմանները կրնանք ընդլայնել միասնականութիւնով ու զօրակցութեամբ»:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019

Էսաեան վարժարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ արտասանութեան ձեռնարկ մը։ Լիսէի բաժնի աշակերտներուն միջեւ կազմակերպուած մրցոյթի մը ձեւաչափը ունէր հանդիսութիւնը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի իր հիմնադրութեան 40-ամեակի շրջանի յոբելենական ելոյթին։ «Մարալ»ի ընտանիքը այս շրջանին կ՚ապրի մեծ եռուզեռ։ 5-25 տարեկան 190 պարողներ համախմբուած են համոյթի կազմին մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ նշուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակը։ Սուրբ Գայիանէի վանքէն ներս մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շրջապատուած էր եպիսկոպոսաց դասու անդամներու, Ս. Էջմիածնի միաբաններու եւ բազում հաւատացեալներու կողմէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Աւստրալուհի երգչուհի Սիան այսօր ամենայայտնի եւ ամենաշատ վերաերգուող երգչուհիներէն մէկն է։ Որքան շատ կը մեծնար երգչուհիին շուքի մէջ մնալու ցանկութիւնը, այնքան կ՚աճէր երգչուհիին համբաւը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ամերիկացի յայտնի գրող Ռէյ Պրետպիւրի 1951 թուականին գրի առաւ «Ֆարենհայթ 451» վէպը, որ կը համարուի հեղինակի ամենանշանաւոր ստեղծագործութիւնը։ Համաշխարհային գրականութեան յայտնի հակաիւթոփիական վէպերէն մին դարձած է գիրքը իր արտասովոր պատմութեամբ։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ յաճախ կը սխալի իր դատումներուն եւ որոշումներուն մէջ, քանի որ ան մարդկային թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի, այսինքն «կատարեալ» չէ։ Եւ մանաւանդ կ՚ըսուի, թէ՝ շատ գիտցողը շատ կը սխալի։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանը երէկ եզրափակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութեան:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդիկ, ընտանիքներ, երբ կը ներգաղթեն իրենց համար բոլորովին անծանօթ երկիր մը, որուն ո՛չ մշակոյթին, ո՛չ լեզուին եւ ոչ ալ օրէնքներուն ծանօթ են, բնականաբար բաւական մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Այսպիսի պարագաներու, օգնութիւնը աւելի ուշ կու գայ ընտանիքներու երեխաներէն, որոնք աւելի շուտ կը համարկուին նոր միջավայրին եւ աւելի արագ կը սորվին լեզուն:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կը շարունակենք հետեւիլ Լիբանանի զարգացումներուն։ Այս առումով բնականաբար հայութեան համար կիզակէտային սկսած է դառնալ ընթացող զարգացումներուն առընթեր լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակն ու պատմական համարուած հայկական գաղութին վերապահուած ճակատագիրն ու ապագան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Իտալացի հռչակաւոր երաժշտահան, անկրկնելի ջութակահար, կիթառահար Նիքոլօ Փականինին ծնած է 27 հոկտեմբեր, 1782 թուականին, Իտալիա՝ Ճենովա: Ան իր ժամանակի ամենայայտնի, ամենատաղանդաւոր եւ առեղծուածային ջութակահարն էր, որ իր գործերով մարդոց սիրտերը կը յուզէր:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜րքան սքանչելի բան է մաքուր խղճմտանք մը ունենալ եւ մաքուր խղճմտանքով ապրիլ այս կեանքը։ Ուստի մաքուր խղճմտանքը մարդուս ներքին մաքրութիւնն է, եւ հոն ուր կայ մաքրութիւն, հոն կայ նաեւ սէր, համբերութիւն, հանդուրժողութիւն, ներողամտութիւն, կարեկցութիւն եւ գութ, որոնք մարդս կը կատարելագործեն, առաքինի եւ ազնիւ մա՛րդ կ՚ընեն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ մէջ էր:
Նորին սրբազնութիւնը նախընտրական քարոզարշաւը յառաջ կը տանի ժողովուրդի հետ հանդիպումներով:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019

Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան հաւաքոյթ մը կազմակերպեց Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ:
Ժողովի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ մեր համայնքի անդամները անպայման պէտք է մասնակցին քուէարկութեան:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց այս հանդիպումը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Սուրիոյ հիւսիսին Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած անվտանգ գօտիի վերաբնակեցման խնդիրը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է զուիցերահայ յայտնի գործիչ Արտէն Շէլլէֆեան։ Սա իսկապէս անժամանակ մահ մըն էր, որովհետեւ Արտէն Շէլլէֆեան տակաւին աշխատունակ վիճակի մէջ էր եւ բնականոն հունով յառաջ կը տանէր իր կեանքը։

Էջեր