Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան ժողովրդական հանդիպման մը մասնակցեցաւ Գատըգիւղի մէջ։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ նորին սրբազնութիւնը՝ որպէս թեկնածու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց քաղաքիս Ասիական ափի բնակիչ իր համակիրներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019

Մեծն Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ հերթական յոբելենական ձեռնարկը մեր համայնքէն ներս:
Էսաեանի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած՝ ճոխ յայտագրով երեկոյթը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդ յօդուածով տուած էի մեկնարկը հետազօտական փորձառութեանս անդրադարձող այս շարքին։ Ի մասնաւորի՝ որպէս հայ, եւ յատկապէս որպէս պէյրութահայ, Թուրքիոյ մէջ հայերու շուրջ ուսումնասիրութիւն կատարելը ի՞նչ կ՚ենթադրէ. հարցուցած էի, եւ սկսած պատասխանել։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հեռաւոր գիւղի մը մէջ կը բնակի Քաջազնունիներու գեղեցիկ, հաշտ ու համերաշխ բազմանդամ ընտանիքը։ Ի դէպ, նշեմ, որ այս երջանիկ մարդոց խումբը ոչ մէկ ազգակցական կապ ունի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920/21 թթ.) առաջին վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդը՝ ամբողջ բնութեան մէջ էակ մըն, որ յաճախ տիրել, գերազանցել կ՚ուզէ բնութեան եւ կը կարծէ տիրել, բայց ի վերջոյ դարձեալ բնութիւնը տիրական կը հանդիսանայ։ Եւ ո՛րքան ճիշդ տեսութիւն մըն է՝ ճշմարտութի՛ւն մը՝ թէ մարդ ի՛նչ որ կ՚առնէ բնութենէն, ի վերջոյ կը պարտաւորուի զայն վերադարձնել բնութեան, հատուցանել նոյնիսկ աւելիով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Յովհաննէս պատասխանեց»:
Մեկնութիւն.
Նախ գիտելի է, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, որովհետեւ պատասխանը հարցումէն չորս բանով կը զանազանուի. նախ՝ որ հարցումէն ետք է, երկրորդ՝ հարցնողին կամքին համաձայն է, երրորդ՝ հարցումին կարգին համաձայն է, չորրորդ՝ մերժողական կամ հաստատողական է, ինչպէս այստեղ:

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յախաճ կը խօսինք բարեկամութեան մասին. կը խօսինք, քանի որ մարդկային կեանքին մէջ կարեւոր է բարեկամը, բարեկամութիւնը։ Մարդ միշտ կ՚ուզէ բաժնել իր զգացումները, իր ապրումները, իր յոյզերը, իր փափաքները իմ նմանին հետ՝ «ուրիշ»ի մը հետ, քանի որ ան ընկերային էակ մըն է եւ երբեք ինքնաբաւ չէ՛։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի լրագրողներու փոխադարձ այցերու լոյսին տակ:
Ստեփանակերտէն մասնակցած Էդգար Էլբակեան արդիւանաւէտ ու ջերմ կ՚որակէ ուղեւորութիւնը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Եւրոպայի երկիրները բաւարար չափով տեղեկացուած չեն Ատրպէյճանէ ներս ձեւաւորուած հայատեացութեան երեւոյթին մասին։ Դէպի Իտալիա պաշտօնական այցելութեան զուգահեռ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հարցազրոյց մը տուաւ «Corriera Della Sera» յայտնի թերթին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանի համալիրէն ներս տեղի ունեցան բազմակողմանի քննարկումներ:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդներու հանդիպում:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Տոհա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի էմիր Էլ Սանիի հետ։ Էմիրութեան դիւանէն ներս Էրտողան Էլ Սանիի հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ անոնք գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ՝ իր նախընտրական հանդիպումներու ծիրէն ներս։ Նորին սրբազնութիւնը հաւաքոյթի մասնակիցներուն հետ զրուցեց մեր համայնքի ներկայ առաջնահերթ օրակարգի հարցերուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Յայտնի բարերարը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ դիտարկումներուն շուրջ:
Արէտ Երկանեան. «Ոչ մէկ ատեն այսքան ճնշող ներկայութիւն մը չէ ունեցած Նախաձեռնարկ մարմինը, որ պարզապէս կազմակերպչական աշխատանք պէտք է տանի»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Սրտի դառն կսկիծով վերահասու եղանք, որ երէկ գիշեր մեզմէ անդարձ բաժնուած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն Արութ Քէօսէ, որու կորուստը խոր ցաւ պատճառած է իր սիրելիներու շրջանակին։ Ան հայրն էր մեր համայնքային շրջանակներու յայտնի դէմքերէն՝ հասարակական գործիչ Ժագլին Քէօսէի եւ Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախկին ատենապետներէն Յովհաննէս Քէօսէի, որոնք ներկայիս կը սգան իրենց սիրեցեալ հօր կորուստը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ գիշեր իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի երախտաշատ ու յայտնի ներկայացուցիչներէն Կարպիս Մասկաֆեան։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մասկաֆեանի անզուգական հայրն էր ան, որ երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առած է 89 տարեկան հասակին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի վիճարկումները կը շարունակուին դատական իշխանութիւններու մօտ։ Կը տեղեկանանք, որ երէկ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան դատ մը բացած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի այժմու երթին դէմ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

BBC-ի ճամբորդական բաժնի վերջին անդրադարձներէն մէկը, որ նուիրուած էր հայերու եւ պասքերու նմանութիւններուն, քննարկուեցաւ նաեւ հայկական մամուլին մէջ: Յօդուածագիր Ճասթին Քալթերոն անդրադարձած է հայերու ու պասքերու մշակոյթին, լեզուին եւ եղած նմանութիւններուն:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագէն վերջ նորին սրբազնութիւնը կ՚երեւի մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Էֆրիմ Պաղի եւ Գէորգ Օքճուի հետ, որոնց գրեթէ բոլորն ալ իր կողմէ առաջադրուած են պատգամաւորի թեկնածու՝ յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան համար:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Անձնասպանութիւնները՝ յատկապէս երիտասարդներու եւ բանակային զինուորներու մօտ, բազմապատկուած են վերջերս։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնք ճնշուած կեանք մը կ՚ապրին եւ տքնաջան կ՚աշխատին՝ որպէսզի կարենան պարզ օրապահիկ մը ճարել եւ իրենց ապրուստը ապահովել։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ բռնկած ցոյցերուն մեծամասնութիւնը առերեւոյթ առաջնորդ մը չունի, սակայն անշուշտ կայ մղող-համակարգող ուժ մը, որ Հոնկ Քոնկէն մինչեւ Լիբանան առաւելագոյնս կ՚օգտագործէ ընկերային ցանցերը, մանաւանդ՝ երիտասարդներու շրջանակներուն մէջ, իշխանութիւններէն աւելի արագ շարժելու եւ աւելի առաջ անցնելու համար:

Էջեր