Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2019

Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը:
Սուրբ Ներսէս եւ Սուրբ Վլատիմիր ընծայարաններու համագործակցութեան 50-ամեակը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2019

Հայաստանի Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ ան տեղեկացուց, որ որոշած է դուրս գալ Հանրային խորհուրդի կազմէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս երէկուան դրութեամբ արդէն երկրորդ անգամ դիմում ներկայացուեցաւ դատական իշխանութիւններուն մօտ։ Այսպէս, իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատ բացաւ Իսթանպուլի Asliye Hukuk ատեանին մօտ, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան գործադրութեան ընթացքը կասեցուի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019

Հայաստանի վարչապետը մասնակցեցաւ Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին. «Ոեւէ մէկը մեզի հետ չի կրնար խօսիլ ուժի լեզուով»:
Նիկոլ Փաշինեան. «Անձնապէս խնդրած եմ պարոն Ալիեւէն՝ բեկում մտցնել այս բանակցային գործընթացին մէջ։ Մենք ոեւէ մէկուն չենք սպառնար տարածքաշրջանէ ներս»:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս երէկ երեկոյեան թեկնածուներէն՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ժողովուրդի հետ խանդավառ հանդիպում մը ունեցաւ Սամաթիոյ մէջ։ Նորին սրբազնութեան ժողովուրդի հետ այս հանդիպումը արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն։ Երեկոյթը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած մանիշակագոյն շարժումի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանրահաւաք մըն էր եւ այս առումով պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս ցարդ կազմակերպուած հաւաքոյթներու ամենայաջողն ու ամենաոգեւորը կը համարուէր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Թուրքիա գացող եւ ապրող պէյրութահայուս մօտ այդ երկրի հանդէպ վերաբերմունքի զարգացման մասին պատմող զոյգ այս յօդուածներէս առաջինին մէջ, անցեալ շաբաթ, գրած էի. «Գիտակցաբար կարծես որոշեցի մէկ կողմ դնել պատկերացումներս, եւ կարելի եղածին չափ առանց կանխակալ վերաբերմունքի երթալ Թուրքիա, տեսնել աչքովս, յարաբերիլ երկրին ու մարդոց հետ…»։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իրենց մանկութեան ընկերուհիին՝ Անիի տասնամսեայ մանկան տեսութեան եկած ընկերուհիները, նախաճաշի սեղանի շուրջ նստած՝ բռնուեցան հաճելի զրոյցի։ Այդ ընթացքին անոնք ամէն կերպով կը փորձէին համոզել նորաթուխ մայրիկը, որպէսզի այլեւս դադրեցնէ կրծքով կերակրումը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օրինաւոր պաշտպանութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ ինքնապաշտպանութիւն, անմեղի մը սպանութեան արգելքին նկատմամբ բացառութիւն մը չի ներկայացներ, քանի որ ասիկա եւս «կամաւոր մարդասպանութիւն» է։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ իմաստասէր, երաժիշտ, մանկավարժ, հոգեբան, գեղագէտ եւ գրող Շահան Պէրպէրեան, որդին Ռեթէոս Պէրպէրեանի, մեծ համարում ունեցած է Կոմիտաս Վարդապետի անձին եւ գործին հանդէպ, եւ կը դասուի նշանաւոր կոմիտասագէտներու շարքին:  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքը երկար ճամբորդութիւն մըն է. մարդ կը գտնուի ճամբու մը վրայ՝ ուր կան հանգրուաններ, կայաններ, որոնք առիթներ են նայելու եւ տեսնելու թէ՝ ո՛ւրկէ եկաւ եւ ո՛ւր կ՚երթայ, կերպով մը անցեալին նայելով՝ որոշել նոր ուղղութիւն մը դէպի ապագայ։ Մարդ կրնայ շարունակել իր ճամբան նոյն ուղղութեամբ եւ կամ փոխել իր ուղղութիւնը, աւելի լաւ եւ արդիւնաբեր տեղ մը հասնելու մտադրութեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կիրակի նախագահեց Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնք առիթ հանդիսացան մեծ ոգեւորութեան։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին պատմական եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019

Փաշինեան երէկ Էլիզէի պալատին մէջ մասնակցեցաւ պաշտօնական ընթրիքի. Մաքրոնի հետ ողջագուրում:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ելոյթ մը կ՚ունենայ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 40-րդ ընդհանուր վեհաժողովին ժամանակ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը:
Յառաջիկայ օրերուն պատրաստութիւն պիտի տեսնուի այն պատասխանատուներուն հետ, որոնք պիտի վերահսկեն քուէատուփերը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019

Ռուսաստանի արտաքին գործաց նախարարը խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին:
Լաւրով ափսոսանք յայտնեց Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ճակատագրին համար եւ շեշտեց, որ մերձեցում մը չկայ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Օրեր առաջ հայ մամուլը գուժեց սփիւռքահայ ամենէն տարեց բանաստեղծ՝ Ժագ Յակոբեանի մահը։ Անոր համար, այս օրերուն գրական մեր աշխարհէն ներս, սուգ է, որովհետեւ ոչ եւս է երկար տասնամեակներէ ի վեր մեր գրականութեան ածուին մէջ անխոնջ վարուցան ընող մեր երիցագոյն բանաստեղծը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ցաւալիօրէն Հայաստանի քաղաքական-հասարակական կեանքը մտած է փակուղի։ Փակուղի այն իմաստով, որ բոլոր հարթակներու վրայ գոյութիւն ունի մէկ մօտեցում, որն է արագօրէն հակազդել այսօրուան իշխանութիւններուն կողմէ մշակուող, քննարկուող, ձեւաւորուող օրակարգերուն, որոնք մօտիկ ապագային, ու շատ հաւանաբար, տարուին Ազգային ժողով, ուր ալ ստանան օրէնքի ուժ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Իսկ որ կ՚ըսէ. «Արդէն իսկ դատապարտուած է». երեք է իմացումը:
Նախ՝ որովհետեւ մեղաւորները մեղանչելով է, որ դատապարտութեան տակ կը մտնեն, ինչպէս Ադամը պտուղը ուտելով մահկանացու եղաւ, թէեւ իննհարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ, սակայն մահով գրաւուած էր, այդպէս ալ մեղաւորներու պարագային իմացիր: 

 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2019

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընթրիքի սեղաններու շուրջ մէկտեղուեցաւ պատգամաւորի թեկնածուներուն հետ:
Նորին սրբազնութեան նախընտրական քարոզարշաւի վառ փուլերէն մին շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2019

Սոյլու եւ Կիւլմէզկիլ շաբաթավերջին մէկուկէս ժամուան առանձնազրոյց մը ունեցան Իսթանպուլի մէջ:
Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ ներքին գործոց նախարարէն դրական պատգամներ կը հասնին համայնքին:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2019

Երէկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը արտասովոր շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Էջեր