Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանայ Սուրբ Աթոռի Կալուածոց գրասենեակի ղեկավար Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ արդէն հրապարակեց երկար ատենէ ի վեր սպասուած զեկոյցն ու շրջաբերականը։ Այս երկու կարեւոր փաստաթուղթերը արդէն կը յստակեցնեն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի յաջորդ փուլերուն հունը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Հայաստանէն՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան այս առաւօտ խմբագրութեանս ուղարկեց յայտարարութիւն մը՝ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ արտասահմանի թեկնածուներուն համար նախատեսուած սահմանափակումներուն կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնին հերթական ժողովը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ:
Հրապարակային մամլոյ միջոցաւ հրապարակման գրեթէ պատրաստ են պաշտօնական զեկոյց մը եւ շրջաբերական մը, որոնք պիտի ճշդեն յառաջիկայ իրադարձութիւններու հունը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Սա շատ կարեւոր փուլ մըն է վարժարանին համար, որովհետեւ Կեդրոնականն ալ այս շրջանին միւսներուն նման կը դիմագրաւէ ծանր դժուարութիւններ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թափով յառաջ կը տանի իր նախընտրական ծրագիրը եւ ժողովրդական հանդիպումներով կը ջանայ լսելի դարձնել պատգամները:
Նորին սրբազնութիւնը երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի մէջ կազմակերպուած զրոյցին ժամանակ հերթական անգամ բաժնեց իր դիտարկումները՝ համայնքային կեանքի ընդհանուր ընթացքին շուրջ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ լոյս տեսաւ ամերիկա-անգլիական ծագումով պատմաբան Ճանըթըն Քոնլինի «Պարոն Հինգ տոկոս. Աշխարհի ամենահարուստ մարդու՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի բազմաթիւ կեանքերը» խորագրով անգլերէն գիրքը: The Guardian օրաթերթը զայն անուանեց աշխարհի ամենահարուստ մարդուն մասին գրուած լաւագոյն գիրքը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Եթէ խաղաղութիւն կ՚ուզես, գործէ արդարութեան համար: Հակառակ գիտութեան՝ իմաստութիւնը չի ծերանար: Արդարութեան բացակայութիւնը կը խոչընդոտէ խաղաղութիւնը այսօր, ինչպէս երկու հազար տարի առաջ: Այս չէ փոխուած:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ» (Յհ 3.8):
Մեկնութիւն.
Հովը օրինակ կու տայ հոգիին. նախ՝ անունին համար, որովհետեւ հովը հոգի կը կոչուի, ըստ այնմ. «...Տիրոջ Հոգին անոր վրայ փչեց» (տե՛ս Ես 40.7), եւ Սուրբ Հոգին ոգի է:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գիտութիւնը սահման չունի. այն որ կը կարծէ, թէ ամէն ինչ գիտէ, չարաչար կը սխալի, քանի որ ան «չգիտցածները» չի գիտեր, «չգիտցածներուն» չ՚անդրադառնար։ Այս իմաստով գիտունը այն է՝ որ իմաստութիւնը ունի չգիտցածներուն անդրադառնալու, չգիտցածները «գիտնա՛լու»։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Հայաստան-Անգլիա յարաբերութիւնները նոր մակարդակի մը բարձրացնելու ուղղեալ որոնումներ:
Մնացականեան եւ Փինչըր անդրադարձան այն ոլորտներուն, որոնց շնորհիւ կրնայ զարգանալ համագործակցութիւնը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Այսպէս, միօրեայ այցելութեամբ ան կ՚ուղեւորուի Սոչի, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Les Nouvelles d՚Arménie ֆրանսահայ ամսագրի խմբագրատունը շաբաթավերջին յարձակման ենթարկուեցաւ:
Անծանօթներ կոտրած են դուռը ու գողցած՝ լուսանկարի սարքեր եւ համակարգիչներ. 2006 թուականէն վերջ երկրորդ անգամ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հանդիսապետեց Շիշլիի գերեզմանատան հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Անմոռանալի աշխարհահռչակ վարպետ Արա Կիւլէրի շիրիմը ուխտավայր մը դարձած է իր սիրելիներուն համար:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեան նամակով մը տեղեկացուց, որ պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը:
Պատրիարք ընտրուելու անխուսափելի թեկնածուները դարձան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեւոր հաւաքոյթ մը։ Սա թէեւ անմիջական շրջանակի համար նախատեսուած երեկոյթ մըն էր, սակայն Գատըգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ ունէր զգացական նշանակութիւն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբաթավերջին օդային ճամբով մեկնեցաւ Մարտին՝ ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին սրբազնութիւնը նոյն իրիկուն ներկայ գտնուեցաւ ընթրիքի սեղանի մը, միւս եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ պետական աւագանիին հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան նախագահեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը անանտեսելի զօրակցութիւն մը ապահովեց Մէրամէթճեան վարժարանին համար: Արձանագրուած յաջողութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ՝ կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան, որ ահազանգ հնչեցուց համայնքային առկայ հարցերուն շուրջ:
Թաղային խորհուրդը ի յիշատակ յուշանուէր մը պատրաստած էր Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինի համար: Դպրոցի սաները ներկաներուն կողմէ գնահատուեցան իրենց ելոյթներով:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ շաբաթավերջին յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ համայնքէն ներս։ Իր յիշատակին ձօնուած յարգանքի երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ Հարպիյէի «Քենթէր» թատերասրահին մէջ՝ Կեդրոնականի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Բոլոր անոնք, որոնք լսած են այս երգը, անկասկած կը համարեն, որ ան Ճիփսի Քինկ խումբի հեղինակային երգն է։ Իրականութեան մէջ ան շատ աւելի երկար կեանքի պատմութիւն ունի՝ քան խումբին որոշ անդամները:

Էջեր