Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2019

Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի համատեղ նախաձեռնութեամբ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ուշադրութիւն հրաւիրեց մահմետական կանանց ենթարկուած սադրանքներուն վրայ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս սպասման օրեր:
Նախաձեռնարկ մարմինը որոշումի մը չկարողացաւ յանգիլ երէկուան արտահերթ նիստին:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2019

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծնըն-դեան օրն է այսօր։ Քանի որ ներկայ տարին կը զուգադիպի իր ծննդեան 150-ամեակին, անոր յիշատակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքն ալ Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ այս առաւօտ։
«Կոմիտաս» թանգարան-կաճառին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որ բնորոշեց յոբելենական ձեռնարկներու սկիզբը։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ մեզի յանձնուած 85-րդ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հրահանգի (Թալիմաթնամէ) վերաբերեալ տեղապահի իմ կարծիքներս կ՚ուզեմ բաժնել մեր հանրութեան հետ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը այսօր Գումգաբուի մէջ կը գումարէ արտահերթ ժողով մը՝ յստակեցնելու համար իր դիրքորոշումը պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան շուրջ եւ որոշելու համար, թէ ինչպիսի հունով մը պիտի ուղղորդուի գործընթացին շարունակութիւնը:
Կա՛մ կուսակալութենէն հասած փաստաթուղթի հիման վրայ առանց ժամանակ կորսնցնելու պիտի ընտրուի Պատրիարքական Աթոռի նոր գահակալը եւ կա՛մ նոր պահանջներով ու դատական դիմումներով դարձեալ անորոշ ժամկէտով պիտի յետաձգուին գործնական քայլերը - Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ էակը «ովկիանոս» մըն է իր հոգւով՝ խորք եւ տարածութիւն անոնց հասարակաց յատկութիւններն են։ Ուստի ովկիանոսին խորութիւնը եւ տարածութիւնը յաւիտենականութեան, անհունութեան խորհրդանիշներն են, ինչպէս՝ հոգիին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հաւասարութեան համար արդար պայքարը կը շարունակուի: Պէտք չէ ըլլան երկրորդ կարգի քաղաքացիներ, մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը անխախտելի իրաւունք է: Մարդոց հաւասարութիւն, անոնք ըլլան այր թէ կին:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդ յօդուածովս սկիզբ տուի ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ բնակող տարբեր հայկական խմբաւորումներու միջեւ յարաբերութիւններու, փոխընկալումներու եւ փոխադարձ կարծիքներու ու դատողութիւններու նիւթին։ Յիշեցման կարգով նշեմ, որ խօսքն այստեղ ա) Քրիստոնեայ-հայ Թուրքիոյ քաղաքացիներու (աւանդական համայնք), բ) Հայաստանէն Պոլիս գաղթած հայերու եւ գ) Մահմետական կամ ալեւի-հայ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մասին է։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Օրէնքն ու իրաւունքները հիմնուած են մեր կեանքն ու առօրեան առաւել անվտանգ ու ապահով դարձնելու համար։ Երբեւէ խորհած էք, թէ ինչո՞ւ կը գրուին օրէնքներ եւ արդեօք այդ օրէնքները մեզ որմէ՞ կամ ի՞նչ բանէ կը պաշտպանեն։ Այո՛, ճիշդ էք. մեր յօրինած օրէնքները կը պաշտպանեն մեզ՝ մեզմէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Մալթայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը այս տարի նախատեսուած է 13 հոկտեմբերին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու աշխոյժ անդամներէն Նուրհան Տավուլճեանը։ Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին խմբագրատունս եւ բացատրութիւններ տուին թաղի ընդհանուր կացութեան շուրջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան շուրջ։ Իր ընդհանուր արժեւորումին մէջ ատենապետ Մանուկ Էօղէր ըսաւ հետեւեալը.

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան աղբիւրները երէկ համայնքային մամուլին տեղեկացուցին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ ուղարկուած նամակ-զեկուցագրի մը մասին։ 20 սեպտեմբեր 2019 թուակիր այս զեկուցագիրը կը կրէ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի ստորագրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

Հայաստանի վարչապետը ԱՄՆ-ի մէջ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեան կը սպասէ Իլհամ Ալիեւի արձագանգին՝ կարգաւորման իր բանաձեւին համար:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019

«Հարաւային Կովկասը պէտք է դադրի՝ աշխարհի խնդրայարոյց տարածքաշրջաններէն մին ըլլալէ»:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն Պերճ Ութաշ այս առաւօտ խմբագրութեանս հետ հեռաձայնով կապ հաստատեց՝ տեղեկացնելով, որ հրաժարած է իր պաշտօնէն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան պաշտօնապէս պետութեան կողմէ ուղարկուած ըլլալուն կապակցութեամբ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ատենապետ Շիրինօղլու ըսաւ հետեւեալը.

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համար հակիրճ ձեւով մեկնաբանեց պատրիարքական ընտրութեան համար պետութեան կողմէ հասած կանոնադրութիւնը։ Ըստ իրեն, կանոնադրութեան հասած ըլլալը ողջունելի է, սակայն կարգ մը կէտերը կը համարուին ցաւալի։

Էջեր