Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Վայոց Ձորի Խաչիկ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան Գաթայի փառատօնը, ուր այցելուները տեսան եւ համտեսեցին աշխարհի ամենամեծ գաթան: Նոյն առիթով տեղի ունեցան՝ գաթայի պատրաստութեան մրցում, ազգային խաղեր, ձիավարութիւն, արիշտայի պատրաստութիւն եւ ինչպէս միշտ՝ երգ ու պար:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած վերջին զրոյցին։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու ղեկավարները ԱՊՀ-ի Տուշանպէի գագաթաժողովին ժամանակ ունեցած էին զրոյց մը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Պրիւքսելի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովը։ Երկօրեայ հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ ժամանակը եկած է՝ որպէսզի ԵՓԿ-ականները ամբողջութեամբ դուրս բերուին Մենպիչէն եւ այնտեղ վերադառնայ տեղացի ժողովուրդը։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը Զուիցերիոյ մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն յայտարարութիւններ ըրաւ դիւանագիտական օրակարգի հարցերուն շուրջ։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը կը բնորոշէ Հայաստանի ներքին օրակարգը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան դարձեալ մեծ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ երէկ երեկոյեան աղօթք հնչեց աշխարհահռչակ արուեստագէտի հոգւոյն ի հանգիստ:
Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, «Էնվալիտ»ի մէջ: Ներկայ պիտի ըլլան Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շարլ Ազնաւուրի կորուստին հետ դէմ յանդիման, մեր խոնարհումը կը բերենք՝ իր մարմնաւորած կերպարին եւ վիթխարի վաստակին առջեւ։
Ազնաւուր ֆրանսական շանսոնի արքան էր եւ հայոց ազգային հերոսը։ Իր մահէն վերջ կը նշուի, որ ան աշխարհի ամենայայտնի ֆրանսացի արուեստագէտն էր եւ աշխարհի ամենայայտնի հայը։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Խումբին միացած էր նաեւ թաղի պատուոյ ատենապետուհին՝ համայնքային յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Եթովպիոյ աւագ հիւպատոս Ուոնտիմու Կեպրեմիքայէլը։
Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքիս մէջ գոյութիւն ունի եթովպացի համայնք մը, որու հաւատացեալները՝ իբրեւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու խումբի անդամ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանակիցներու շարքին կը դասուին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորրորդ Աւետարանը՝ ինչպէս նաեւ համատեսական աւետարանները, անանուն են, այսինքն, աւետարանիչը իր անունը չէ արձանագրած գրութեանը մէջ։ «Ըստ Յովհաննէսի»ն, յետագային տրուած անուն մըն է՝ երբ աւետարանները սկսան շրջաբերիլ որպէս մէկ ամբողջութիւն՝ զատորոշելու համար միւս աւետարաններէն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Անհրաժեշտ են որոշակի փոփոխութիւններ՝ յիշողութեան քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս։ Ունինք շուրջ երեսնամեայ ազգային պետականութիւն մը, վաղուց ժամանակն է վերաիմաստաւորել յիշողութեան օրուան խորհուրդը, ձեւափոխել զայն, իրականացնել առնուազն շեշտադրումներու փոփոխութիւն»:
Յարութիւն Մարութեան. «Տասնամեակներ շարունակ մենք շեշտած ենք, որ աշխարհը, յառաջադէմ մարդկութիւնը օգնութեան ձեռք մեկնած է հայ ժողովուրդին՝ անոր պատուհասած ողբերգութեան տարիներուն եւ աւելի վերջ: Մենք երախտապարտ ենք այդ մարդոց եւ կազմակերպութիւններուն, սրբօրէն կը պահպանենք անոնց յիշատակը։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ  մենք մեզ փրկած ենք ու նոյնպէս՝ արդիւնաւէտ կերպով: Այս մասին համեմատաբար քիչ կը խօսուի»:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Այն ատեն, ոտքի ելլելով, սաստեց հովերուն եւ ծովուն. եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ», (ՄԱՏԹ. Ը 26)։ Ահաւասիկ, հրաշք մը՝ որ ցոյց կու տայ՝ թէ Յիսուս Տէ՛րն է նաեւ բնութեան, թէ Ան կրնայ զայն հպատակեցնել իրեն, եւ թէ զօրութիւն եւ կարողութիւն ունի անոր տիրելու եւ անոր ընթացքը որոշելու։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Հնագէտները Եգիպտոսի մէջ պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերած են 4 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող 800 դամբարան։ Այսպէս, Եգիպտոսի մէջ հնագէտները յայտնաբերած են հնագոյն դամբարաններ, որոնք ունին աւելի քան 4 հազար տարուան պատմութիւն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018

Նոյեմբերի 1-11 թուականներուն միջեւ Թուրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյենութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն հրապարակեց հաւաքականի կազմերը, որոնք պիտի մասնակցին այս ախոյենութեան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018

Երեւանի մէջ, «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս սկսաւ ներկայացումներու նոր շարք մը։ Այսպէս, թատերախումբը կը ներկայացնէ «Սասնայ ծռեր» հայկական ժողովրդական էպոսին հիման վրայ բեմադրուած համանուն ներկայացումը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան կոմիտէի առեւտուրի հարցերով նիստը:
Եւրոպական կողմը կ՚ակնկալէ արտադրութիւններու հիմնում, անհրաժեշտ կը նկատէ յստակութիւնն ու կայունութիւնը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Նախագահ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ վաղը պիտի մասնակցի Արեւելք-Արեւմուտք կաճառի տարեկան կալա-մրցանակաբաշխութեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018

«Եւրոմիութիւնն ու Թուրքիան կը թեւակոխեն գործընթաց մը, ուր իսկապէս ճանապարհ պիտի կտրեն իրարու հետ՝ դժուարութիւնները ետին թողլով»:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Ազգային մեծ ժողովի մէջ խիստ քննադատութիւններ հասցէագրեց Ուաշինկթընի ղեկավարութեան քաղաքականութեան դէմ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018

Հայաստան խոր ցնցումով հրաժեշտ կու տայ իր ազգային հերոսին, որ երեք տասնամեակէ ի վեր անվերապահօրէն զօրակցեցաւ պետականաշինութեան վեհ գործին:
Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն՝ պետական աւագանիէ դէմքերու եւ Ֆրանսայի դեսպանի մասնակցութեամբ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր երէկ 94 տարեկանին աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր ցաւ եւ յուզում պատճառելով համայն մարդկութեան:
«Դարու արուեստագէտ» կոչման արժանացած մեծանուն վարպետը յաւիտենականութեան ճանապարհը կը բռնէ՝ վիթխարի վաստակով ու համատարած համակրանքով:

Էջեր