Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ինչպէս Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող շրջանը Եկեղեցին պահեցողութեան եւ ապաշխարութեան շրջան մը կ՚անցընէ, որ ծանօթ է Մեծ պահք կամ Քառասնորդացի պահեցողութիւն անուանումով, այդպէս ալ, Սուրբ Յարութեան յաջորդողը ուրախութեան եւ ցնծութեան շրջան է, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Փեսան՝ Տէր Յիսուս հրաշափառապէս Յարութիւն առաւ, մահուամբ մահը կոխելով եւ Իր յարութեամբ մարդոց կեանք պարգեւելով:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

Այսօր Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը։ Եռակողմանի այս ժամադրութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնէ օրակարգը՝ մինչ շահագրգիռ կողմերը կը բարձրաձայնեն իրենց մտադրութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն մասին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

Ռուսօ կ՚ըսէ, որ կեանքին իմաստը ոչ թէ յաջողութեան, այլ ազատութեան մէջ է. «Անոնք, որոնք միայն յաջողութեան համար կ՚ապրին, ստրուկի ոգի ունին ու չեն կրնար ազատ ըլլալ»։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Իզապէլ Տիւմոնը։
Բարձրաստիճան դիւանագէտի քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արդէն երկու տարի է, որ Հրայրը մեկնած է այս աշխարհէն: Ճիշդ է, որ ան ֆիզիքապէս բաժնուած է մեզմէ, սակայն բոլոր անոնք որոնք կրցած էին Հրայրի մտերմութիւնը շահիլ, ճանչցած էին զինք, առիթ ունեցած էին մօտիկէն զրուցելու, կամ գէթ համացանցի վրայ միտքեր փոխանակելու եւ կամ հետեւելու իր «համով-հոտով» գրութիւններուն, վստահ եմ, որ անոնց միտքերուն, սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ Հրայրը տակաւին ողջ է եւ ողջ ալ պիտի մնայ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տանըլտ Թրամփ բաց աչքերով կը հետեւի Կազզէի պատերազմին ու կը ձգտի օգտուիլ ժամանակի սլաքներէն:
Միջին Արեւելքի պարագային ԱՄՆ-ի ձախողած քաղաքականութիւնը կ՚ազդէ նախագահական ընտրութեան հաշուարկներուն վրայ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Այն պահուն, երբ մարդիկ համաճարակներու, պատերազմներու եւ տնտեսական ծանր տագնապներով մթնոլորտին մէջ երջանկութիւն կ՚երազեն, հրապարակուեցաւ երջանկութեան համաշխարհային զեկոյցը, ուր երիտասարդութեան կեանքին մասին ահազանգ կայ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդիկ իրենց շրջապատին հետ հաղորդակցելու համար կ՚օգտագործեն շարք մը խորհրդանշաններ, որոնք կ՚անուանենք լեզու: Մինչ մարդիկ կը շփուին լեզուով, միւս կենդանի էակները ունին հաղորդակցութեան աւելի պարզ միջոցներ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբեմն յիշատակներու մէջ թաղուիլ, հիները վերյիշել աղօթքի չափ մխիթարական եւ խորհուրդի մը չափ տպաւորիչ կ՚ըլլայ։ Աղօթքի կարգին, ես ալ յաճախ կը թաղուիմ յուշերու խորհրդաւոր անհո՜ւն ծովին մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երէկուան մեր յօդուածով խօսեցանք հայրենիքի մարգարէին՝ Խրիմեան Հայրիկի մասին, որուն ծննդեան 204-ամեակն էր: Այս գրութիւնը պատճառ եղաւ, որպէսզի դարձեալ մեր ձեռքը առնենք Խրիմեան Հայրիկի երկերը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ Ս. Զատկի առթիւ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուած աւանդական հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ բարձր տրամադրութեան ձեւաւորման։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024

Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան ծով փորձառութեամբ եւ ամենայն թափով կը շարունակէ գիտական գործունէութիւնը:
Կրետէ կղզիի նորանշանակ տեսուչը երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024

ՆԱԹՕ այսօր կը նշէ իր հիմնադրութեան 75-ամեակը։ Հիւսիսատլանտեան դաշինքը, որ Երկրորդ աշխարհամարտին յաջորդած իրավիճակին մէջ 12 անդամ երկիրներով ճանապարհորդութեան դուրս եկած էր, այսօր արդէն ունի 32 անդամ երկիր։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024

Պրիւքսէլի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ Ուաշինկթըն-Պաքու բարձր մակարդակի վրայ շփում:
Հակադիր շահերու եւ իրերամերժ դիրքորոշումներու մթնոլորտին մէջ Երեւան կը ջանայ երաշխիքներ ապահովել:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024

Իսրայէլի մէջ պետութեան ձեռքով բռնութեան կ՚ենթարկուի Երուսաղէմի հայկական թաղամասը:
Տեւական ոտնձգութիւն. «Կովերու պարտէզ»ին վրայ ոստիկանութեան կողմէ յարձակում՝ Մեծ պահոց նուիրական օրերուն:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեան գրեթէ մասնակցած է կիրակնօրեայ մեր ընտանեկան հաւաքոյթներուն ճաշէն ետք։ Ծնողքս երկուքն ալ Թէքէեանի երկրպագուներ… Հայրս ոչ միայն Թէքէեան բանաստեղծը իր գիրքերով ճանչցած՝ այլեւ աշակերտած էր անոր Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վստահաբար շատեր պիտի համաձայնին, որ կարդալը զբաղում մը ըլլալէ անդին ու վեր, մասնագիտութիւն մըն է, աւելի ճիշդ՝ արուեստ մըն է: Այդ արուեստին տիրապետողներն են միայն, որ իրենց կարդացածէն բան կը հասկնան, իրենց կարդացածը կ՚արժեւորեն ու կը գնահատեն:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Շարլ Ազնաւուր-100» միջոցառումներու հայաստանեան շարքի առաջին ձեռնարկներէն մէկը տեղի ունեցաւ Կիւմրիի մէջ, որ հոգեհարազատ քաղաք եղած է Շարլ Ազնաւուրին համար՝ 1988 թուականի երկրաշարժէն յետոյ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բարեկամութիւնը ուրախութի՜ւն է՝ սրտին ամենէն թանկագին գոհարներէն մին կը կազմէ։ Ո՞րն է այն սիրտը, որ աւելի արագ չի բաբախեր, երբ երկար տարիներ սպասելէ վերջ, իր բարեկամը կը տեսնէ յանկարծ ողջ առողջ, ուրախ, երջանիկ, զուարթ եւ սիրալիր։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գրականութիւնը ապերախտ ոլորտ մըն է, որ մտային կարողութեան ու աստուածատուր գրելու շնորհքին կողքին քիչ մըն ալ «բախտ» կը պահանջէ: Յաճախ գրութիւն մը, բանաստեղծական գոհար մը «յայտնի» կը դառնայ՝ սակայն մոռացութեան կը տրուի գրողն ու բանաստեղծը։

Էջեր