Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

Ֆրանսայի մէջ շուներուն կը սորվեցնեն գտնել քորոնաժահրով վարակուած հիւանդները։ Այսպէս, Ֆրանսայի ծինաբանները կը փորձարկեն քորոնաժահրով վարակուածները գտնելու նոր մեթոտը՝ շուներուն սորվեցնելով զանազանել վարակուածներու հոտը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

Նոր Զելանտան դեռ երկար ժամանակ չի բանար սահմանները օտարերկրացիներու համար։ Այսպէս, Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտերն յայտարարած է, որ, քորոնաժահրով պայմանաւորուած, դեռ երկար ժամանակ չի պատրաստուիր բանալ սահմանները օտարերկրացիներու համար:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

Երեւանի մէջ կը տեղադրուի Մահաթմա Կանտիի յուշարձանը։ Այսպէս, Երեւանի Հալաբեան եւ Մարգարեան փողոցներու միջանկեալ զբօսայգիի տարածքին կը տեղադրուի Մահաթմա Կանտիի յուշարձանը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը 2020 թուականին հաւանաբար տեղի կ՚ունենայ նոյեմբերի 1-8 թուականներուն միջեւ։ Այսպէս, այս մասին հաղորդագրութիւն մը զետեղուած է փառատօնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Անգլիական մամուլի հաղորդումներով, Լոնտոնի «Արսենալ» ֆութպոլի ակումբը պատրաստ է Հենրիխ Մխիթարեանէն հրաժարելու։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հենրիխ Մխիթարեանի անունը մարզական աշխարհէ ներս դարձեալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ է՝ իր հաւանական փոխանցման բերումով։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Նախարար Զօհրապ Մնացականեան խորհրդարանէն ներս խօսեցաւ կարգաւորման գործընթացին շուրջ:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը՝ Երեւանի ամենակարեւոր առաջնահերթութիւնը:

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս հաստատուած սահմանափակումները բազմակողմանի աստիճանաբար կը թուլացուին:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան բացատրութիւններ տուաւ նախատեսուած նոր քայլերուն շուրջ: Նախարար Քոճա յայտնեց, որ Թուրքիա ամիս մը վերջ պիտի հանգստանայ:

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Պատրիարքական Աթոռոյ առաջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած օժանդակութեան աշխատանքները տակաւ կը շարունակուին։ Այս առումով պատրաստուած օժանդակութեան ծրարի թիւը հասաւ երկու հազարի։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական կեանքի երախտաշատ անուններէն Սեդրակ Էօզսան։ Ան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով իր բնակարանին մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տասներեք տարի առաջ յօդուած մը գրած էի ՍԵՓԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՀԱՄԵՄ ՉԷ խորագրով: Հայերէնի նահանջով եւ այլասերումով, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մեր լեզուն եւ մշակոյթը առնուած են սեղմուող օղակի մը մէջ, հետեւաբար մեր գոյութիւնն իսկ՝ որպէս ինքնուրոյն ազգ:

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Մի՛ կարծէք թէ ես ձեզ պիտի ամբաստանեմ Հօրս դիմաց» (Յհ 5.45):
Մեկնութիւն.
ձեր չարութիւնը յայտնեմ:

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մինչ աշխարհը զբաղած է քորոնա վարակի տագնապին յարուցած զանազան խնդիրներով, վերջերս Ուքրայնոյ հարաւը, Խրիմի մէջ, կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ: Հետազօտողները Խրիմի ափերուն, ծովուն խորքերը գտան պատմական «Արմենիա» ջերմանաւը:

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուածային Նախախնամութիւնը այն միջոցառումներն են, որոնցմով Աստուած բոլոր արարածները իմաստութեամբ եւ սիրով կ՚առաջնորդէ մինչեւ իրենց վերջին վախճանը։
Յիսուս կը խնդրէ «որդիական թողլքում» մը՝ հանդէպ երկնաւոր Հօր Նախախնամութեան՝ որ կը հոգայ նուազագոյն կարիքները Իր զաւակներուն։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, երէկուան դրութեամբ նոր փուլ մը սկիզբ առաւ Հայաստանէ ներս։ Այսպէս, կառավարութեան որոշումով համաճարակի պարտադրանքով հաստատուած սահմանափակումները յարաբերաբար թուլացան եւ սկսաւ առօրեան աստիճանաբար բնականոն հունին վերադարձնելու գործընթացը։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) սկիզբ տուած է «AGBU LA Cares» նախաձեռնութեան՝ նպատակ ունենալով օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք անհրաժեշտութիւնը ունին հիմնական սնունդի, Covid-19 համաճարակով պայմանաւորուած առկայ մթնոլորտին մէջ։ Արդարեւ, մարդիկ կը դժուարանան այս շրջանին դիմագրաւել իրենց կարիքները՝ համաճարակին զուգահեռ բխած նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020

Գանատահայ համայնքէն Տքթ. Ալին Խաչիկեան վերջերս նշանակուած է ատենապետուհի՝ Canadian Association of Radiologists Resident and Fellow բաժանմունքին։ Այսպէսով Գանատայի Քէպէք նահանգէն եւ McGill համալսարանէն բժիշկ մը առաջին անգամ նշանակուած է այս բարձր պաշտօնին համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղերէն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի անունը ներկայիս դարձեալ օրակարգի վրայ է մարզական աշխարհէ ներս։ Երբ ֆութպոլի մէջ փոխանցման շրջանը մօտեցած է, Հենրիխ Մխիթարեանի ապագային վերաբերեալ հաւանականութիւններն ալ մարզական մամուլի ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020

Ամբողջ աշխարհի մէջ վարակեալներու ընդհանուր թիւը կը մօտենայ 3.5 միլիոնի:
Քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի մը գիւտին վրայ աշխատանքները ուշադրութեան առարկայ:

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020

Քոճա. «Որքան որ հնազանդինք սահմանափակումներուն՝ արդիւնքը այնքան աւելի լաւ պիտի ըլլայ»:
Թուրքիոյ մէջ 11 մարտէն ի վեր առաջին անգամ առողջացած հիւանդներու թիւը գերազանցեց քորոնաժահրով վարակուածները:

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած դէմքերէն մին՝ Ժիլտա Մուրատօղլու։ Ան կողակիցն էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին հոգաբարձուներէն, երէց սերունդի յայտնի ազգային գործիչ Հարիթոն Մուրատօղլուի։

Էջեր