Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ներկայ դարաշրջանի պարտադրած պայմաններով, բոլորս ունինք որոշ նպատակներ եւ անոնց հասնելու համար կը փորձենք զանազան միջոցներ, կ՚օգտագործենք տարբեր մեթոտներ եւ կ՚անցնինք տարբեր ճանապարհներով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Անկարելի է չափահաս ծառի մը ճիւղաւորուած անդամները շտկել, եթէ ծառը ծուռ է։ Ասիկա, մեզի ցոյց կու տայ նոյնինքն բնութիւնը՝ որ իւրաքանչիւրս կը վկայենք մեր կեանքի փորձառութեամբ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի ներկայ վիճակը հասկնալու համար քաղաքական լրահոսին հետեւելու կարիքը չունինք. բաւ է բանալ հայոց պատմութեան հին էջ մը եւ կարդալ... որովհետեւ ամբողջութեամբ կ՚ապրինք այն՝ ինչ ապրած ենք անցեալին եւ հակառակ ազգովի այդ բոլորին մէջէն անցնելով չենք կրցած դասեր քաղել:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, Հոլատայի վարչապետ Մարք Ռութէի, Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէտ Միրզիյոյեւի եւ Խրղըզիստանի նախագահ Սատըր Ճափարովի հետ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքները հիմնական փոփոխութեան ենթարկեցին Թուրքիոյ ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնները:
ՃՀՓ դարձաւ երկրի յառաջատար ուժը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան միշտ հաւատարիմ կը մնայ ազգային կամքի դրսեւորման ու կը շեշտէ, որ հասկնալի է քուէատուփէն դուրս եկած պատգամը՝ շնորհաւորելով նորընտիր քաղաքապետները: Էօզկիւր Էօզէլ դրական պատգամով արժեւորեց ստեղծուած նոր համայնապատկերը. «Չենք ուզեր, թէ ոեւէ մէկը պարտուած զգայ՝ անկախ իր քուէարկած կուսակցութենէն»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը կարգադրութիւններ ըրած էր, որպէսզի մանաւանդ՝ ձմրան դասընթացքներու մասնակից մանուկ կամ պատանի մարզիկները հաղորդ դառնան տօնի հրճուանքին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբեց Ս. Զատիկը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը։ Երէկ առաւօտ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարուան ընթացքին Տաղաւար հինգ տօներուն յաջորդող օրերը Մեռելոց կը կոչուին։ Եկեղեցւոյ հայրապետները այնպէս կարգաւորած են, որպէսզի մեռելներուն եւս՝ որոնք յաղթական եկեղեցին կը կազմեն, յիշեցնենք յարութեան մասին, որպէսզի անոնց յոյսը չմարի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի՝ տաղաւարի հայրապետական մեծահանդէս Սուրբ Պատարագը մագնիսացուց աշխարհացրիւ հայութեան ուշադրութիւնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով եւ հոգենորոգ զգացումներով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը, որ եկաւ յոյսի ճամբուն վրայ ամրապնդել հաւատացեալները:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ֆրանսայէն ետք Հայաստանի մէջ ալ պաշտօնապէս մեկնարկեցին աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակի միջոցառումները:
Աւագ շաբաթուան եւ Սուրբ Յարութեան տօներէն մէկ շաբաթ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ կայացաւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններու մեկնարկը ազդարարող հանդիսաւոր արարողութիւնը։ 

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Դարձեալ կը տօնախմբենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը: Իրողութիւն մը, որ մարդկութեան պատմութիւնը յեղաշրջեց: Եթէ մինչեւ Քրիստոսի ժամանակները որոշ մարդիկ կ՚ապրէին յարութեան յոյսով, այսինքն՝ կը հաւատային, թէ այս կեանքէն անդին, ուրիշ կեանք մը կայ, ապա Տէր Յիսուսի Յարութեամբ այդ յոյսը մէկ անգամ ընդ միշտ իրականութիւն դարձաւ, որով մարդուն բացարձակ համոզում տրուեցաւ այս կեանքէն անդին՝ ուրիշ կեանքի մը մասին:

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Այս օրերուս, երբ կը պատրաստուինք տօնել Աստուածորդիին Հրաշափառ Յարութիւնը, մարդ երբեմն-երբեմն մտածումներու գիրկը իյնալով, կը սկսի մտածել իր ներքին ապրումներուն եւ զգացումներուն մասին: Երբեմն ալ ինքն իրեն կը հարցնէ, արդեօք բաներ մը կը զգա՞յ:

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գոհութիւն եւ փառք Աստուծոյ, որ այս տարի եւս մեր եկեղեցիներուն մէջ կատարուած արարողութիւններով, կ՚արժանանանք Քրիստոսի մեր մէջ յայտնութեան նպատակը տեսնելու, Աստուածային փրկարար մեծագոյն ծրագրին վկաները դառնալու եւ չարին դէմ տարուած յաղթանակը տօնելու։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ծանօթ է բոլորիս, թէ ամանորը կը գտնուի անցեալի վերջին ու ապագայի առաջին օրերու խաչմերուկին վրայ։ Այս կէտը առիթ է, որ նայինք մեր անցեալին, դիտարկելու համար մեր թերութիւնները, սխալները, տկարութիւնները ու յուսադրուինք ապագային զանոնք սրբագրելու կամ լրացնելու առաջադրութեամբ։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վաղը առաւօտ Ս. Զատկի առթիւ պիտի պատարագէ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր համայն հայութեան պիտի ուղղէ իր տաղաւարի պատգամը։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Մէկշաբթի օրը Մարիամ Մագդաղենացի առտուն՝ դեռ չլուսցած՝ գերեզման կ՚երթայ եւ կը տեսնէ որ քարը գերեզմանին դռնէն վերցուած է։ Անմիջապէս կը վազէ կ՚երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր եւ կ՚ըսէ անոնց. -Տէրը գերեզմանէն վերցուցին եւ չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա». (ՅՈՎՀ. Ի 1-2)։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս այսօր, անցեալին եւս մարդոց համար մեծ նշանակութիւն ունէր իրենց «արժէք»ներն ու «սրբութիւն»ները, այդ իսկ պատճառով երբ քրիստոնէութիւնը սկսաւ տարածուիլ, շատ մը հեթանոս աւանդութիւններ ու տօներ պահուեցան՝ իրենց գոյնը հեթանոսութենէ քրիստոնէութիւն փոխելով, որովհետեւ անոնցմէ շատեր հոգեւոր պաշտամունք ըլլալէ աւելի անբաժանելի աւանդութիւն մըն էր մարդոց համար:

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ շփումներու եւ այցելութիւններու երթեւեկը կը շարունակուի թափով։ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ միջոցէ մը ի վեր կը տիրէ գարնանային մթնոլորտ։

Էջեր