Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

Ռուսաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն, որու արդիւնքով Վլատիմիր Փութին վերընտրուեցաւ՝ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ։ Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, ընտրողներու աւելի քան 74 տոկոսը մասնակցութիւն բերին քուէարկութեան, իսկ Վլատիմիր Փութին ստացաւ ձայներու աւելի քան 80 տոկոսը։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան Եթովպիոյ Դաշնակցային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան նախագահ Սահլէ Վորք-Զեւտէին յանձնեց իր հաւատարմագիրը:

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

Երեւանին աջակցելու եւ Պաքուի հետ կարգաւորման վերաբերեալ հարցերը Եւրոպական Միութեան օրակարգին վրայ:
ՆԱԹՕ. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան երկարատեւ հակամարտութենէ վերջ այժմ հնարաւորութիւն ունին կայուն խաղաղութեան հաստատման»:

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդկութեան սրընթաց զարգացման ներկայ դարուն յաճախ ականատես կ՚ըլլանք այնպիսի ցաւալի դէպքերու, իրադարձութիւններու, որոնք մեզ յուսահատութեան կը մատնեն՝ մարդ արարածի բարեփոխման եւ անոր ապագայի մասին։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ եթէ կ՚ուզէ իր հոգեւոր կեանքը իբրեւ հաւատքի կեանք զօրացնել, շատ կարեւոր է իր անձը փորձել, ինքզինք քննել ատեն ատեն։ Ասոր համար է, որ առաքեալը կը պատուիրէ. «Փորձեցէք ձեր անձերը հաւատի մէ՞ջ էք»։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ ըսած ենք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ գրելը պատիւ մըն է գրողի մը համար, որովհետեւ անոր էջերուն մէջ յայտնուած են շատեր՝ որոնք որպէս մեծեր կը յիշուին այսօր պատմութեան եւ գրականութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան տօնախմբութեան։ Արարողութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, միաբան հայրեր եւ քահանաներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեանց եւ Արեւագալի ժամերգութեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապի յիշատակութեան առթիւ, շաբաթավերջին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Պատարագ մատոյց Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր հայ եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

Նորաօծ հոգեւոր հայրերուն քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանի աւարտին յորդորներ եւ օրհնութիւն:
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ դժուարութիւնները պէտք է յաղթահարուին խոհեմութեամբ եւ համբերատարութեամբ:

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի երեսունվեցերորդ օրն է:
Վերջին տարիներուն Մեծ պահքի եւ ընդհանրապէս միւս պահքերու ընթացքին, շատեր սկսած են ձուկ ուտել, պատճառաբանելով, թէ Տէր Յիսուս ձուկը օրհնած է, ինչո՞ւ չուտեմ: 

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024

Հայկական մշակոյթի հսկաներէն Սերկէյ Փարաճանովի ժառանգութիւնը, մարմնաւորած կերպարը ժամանակներու մէջ միշտ կը վերարժեւորուին՝ առիթ դառնալով նոր ներշնչանքներու եւ ծնունդ տալով զանազան նոր խորհրդանշաններու։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը կը պատրաստուի այցելել Ֆրանսա։ Այս ուղեւորութիւնը երգչախումբին տեսակէտէ կարեւոր զուգադիպութիւններու առիթ պիտի հանդիսանայ։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024

Հաքան Ֆիտան. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան շատ մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման»:
Թուրքիա համընդհանուր աջակցութիւն կ՚ակնկալէ Զանգեզուրի ուղիի բացման համար: Միրզոյեան յայտնեց փոխըմբնման մակարդակի բարձրացման մասին: Յաջորդ շաբաթ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթոլթենպերկ կ՚այցելէ Երեւան:

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն հիւրեր։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ասպետ Թաթուլեան եւ Միքայէլ Հավլուճեան։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ կը վերաբերի Արցախի գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հիմնական իրաւունքներու ոտնահարման դէպքին։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024

Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի երեսունչորրորդ օրն է:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Կիւրեղ Զ.-ի մէկ քարոզը, պահքի մասին:

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024

Կեդրոնականի ընտանիքը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ համախմբուած է քէրմէսի մը առթիւ։ Այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ աւանդական քէրմէսը, որ ամէն տարի ծնողաց միութեան կողմէ կը կազմակերպուի Ս. Զատկին ընդառաջ։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տակաւին յստակ չէ, որ Իսրայէլի յաջորդ կառավարութեան արծիւները որո՛նք պիտի ըլլան, սակայն պարզ է՝ որեւէ փոփոխութեան կամ նոր կառավարութեան կազմութեան պարագային այժմու ծայրայեղ գործիչները տեղ պիտի չունենան։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի եւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ Եւ աստղերը երկինքէն պիտի թափթփին եւ երկնքի մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։

Էջեր