Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամենէն վերջը սեղան բերուեցաւ օրուան հաւաքը իմաստաւորողը՝ հինգ փոքր, գունաւոր եւ վառուած մոմերով զարդարուած տարեդարձի կարկանդակը։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնական ամսաթերթի՝ «Սիոն» նոր շրջանի առաջին տարիի 3-րդ թիւի (մարտ 1927, էջ 65-68) խմբագրականէն հատուածներ Մեծ պահքի մասին:

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Գործք Առաքելոցին մէջ շատ հետաքրքրական դէպք մը կը պատմուի՝ այն ինչ որ՝ ոչ մէկ բան գաղտնի կը մնայ, եւ ի վերջոյ կը յայտնուի, եւ ճշմարտութիւնը երեւան կու գայ եւ ըստ այնմ հատուցում կ՚ըլլայ։ Արդարեւ, ճշմարտութեան բնութիւնն է ի վերջոյ երեւան գալ եւ յայտնուիլ։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պատմութիւնը մեծագոյն վկան է, որ Հայ Եկեղեցին դարեր շարունակ հոգեւորին կողքին (գուցէ նաեւ հոգեւորէն շա՛տ աւելի) ընդարձակ աշխատանք տարած է հայ գրականութեան, երաժշտութեան եւ մշակոյթին համար. այսօր «հայրենասէր»ի տարած հագած շատ մը երախտամոռաց մարդիկ կը քննադատեն եկեղեցին, նոյնիսկ կ՚ատեն՝ մոռնալով որ հայկական ամէ՛ն արժէքի խորերը, որպէս սիւն կը յայտնուի հայոց եկեղեցին. գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, լեզուն, մշակոյթը եւ ի՛նչ որ կարելի է յիշել որպէս արժէք, դարեր շարունակ պահպանուած ու զարգացած է եկեղեցւոյ կողմէ:

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսատեպեց Մեծ պահքի շրջանի Միջինքին։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր ճարտարագէտներէն Նազար Շիկահեր վերջերս արժանացած է կարեւոր մրցանակի մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ «Elle Decoration» պարբերաթերթին կողմէ կազմակերպուած «EDIDA 2024»ի շրջանակներէն ներս Նազար Շիկահերին տրուած է մրցանակ մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

ՃՀՓ-ի կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ երեկոյեան Շիշլիի «Radisson Blu» պանդոկին մէջ ընթրիքի սեղանին շուրջ համախմբուեցաւ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Կէօքհան Եիւքսէլ երէկ առաւօտ Շիշլիի «Radisson Blu» պանդոկին մէջ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

Հարաւային Կովկասի իրադրութեան պայմաններով Երեւան-Թեհրան առանցքին վրայ համագործակցութիւնը թափով կը շարունակուի՝ ընդգրկելով նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառը։ Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց Իրան, ուր հիւրընկալուեցաւ ոլորտի բարձր պատասխանատուներուն կողմէ։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

Իլհամ Ալիեւ. «Ատրպէյճան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները հասած են որակական նոր մակարդակի մը»:
Անգարա-Պաքու-Մոսկուա առանցքին վրայ կարեւոր շփումներ, որոնք կը պայմանաւորեն Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը:

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

Յառաջիկային պիտի կազմակերպուի Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական յանձնաժողովին նիստը:
Նիկոլ Փաշինեան գործարարներուն. «Մեր նպատակն է բարձր թեքնոլոժիով տնտեսութեան տէր երկիր մը ունենալ»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024

Էրտողան. «Արեւմուտքին ալ աջակցութեամբ, Նեթանիյահու ակնյայտ ցեղասպանութիւն մը կը կատարէ»:
Հանրապետութեան նախագահը Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավարը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի նոր սաները օրեր առաջ հասան Սուրբ Երկիր։ Այս տարի Ժառանգաւորաց վարժարան արձանագրուած են ինն նոր սաներ, որոնց բոլորն ալ Հայաստանէն են։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի քսանչորրորդ օրն է: Ժողովրդային անուանումով՝ Միջինք:
Շատեր, Միջինքը որպէս հանգստութեան եւ ուրախութեան առիթ կ՚ընկալեն, ոմանք նոյնիսկ իրենց պահեցողութիւնը կը խախտեն՝ մտածելով, թէ այդ օրը հանգիստի օր է: 

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հաղորդեց, որ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնը փոխուած է։ Այսպէս, դպրոցի նոր տնօրէնուհին է Մարալ Էօզտաղ, որ այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսին, որ ունեցաւ կարճ պաշտօնավարութեան շրջան մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024

ԶԱՐՄԻՆԷ Գ․ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի շրջանի կիրակիներէն Անառակ որդիին նուիրուած կիրակիին նախորդ օրերը՝ փետրուարի 23 եւ 24-ը երկար պիտի յիշուի մեր համայնքէն ներս, մատուցուած հարուստ ու իւրօրինակ յայտագիրներով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Առաջին արաբ. բարի լոյս:
Երկրորդ արաբ. Լիբանանի, Արեւմտեան ափի, Հարաւային Լիբանանի, Յորդանան Գետի վտակներուն, ալ-Աքսա մզկիթի հրդեհին, Իրաքի աթոմական կայանին հասած հարուածներուն, Սինայի համաձայնագիրին, Քամփ Տէյվիտին, հնազանդութեան պայմանագիրին, Արաբական լիկայի գագաթաժողովներուն, ընդդիմութեան հակառակութիւնները, Ծոցի պատերազմին, Սապրայի ու Շաթիլայի ցեղասպանութեան, Թրիփոլիի ցեղասպանութեան, արտակարգ օրէնքներու եւ ռազմական դրութեան բարի լոյս, ա՜յ անճաշակ ու անդաստիարակ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ամէն տարի Ծնունդ-Զատիկ մայրս անպայման եղբօրս եւ իմ ձեռքերէն բռնած կը տանէր պրն. Մուրատին այցելութեան։
-Եղբօրդ՝ Արշակին թոռներով եկանք Ծնունդը (կամ Զատիկը) շնորհաւորելու։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ճշմարտութիւնը էականն է, իսկ սուտը՝ բացառիկ, արտակա՛րգ։ Ուստի, որեւէ ճշմարտութեան վրայ եթէ սուտ մը փակցուի, կը վնասէ ճշմարտութեան, ինչպէս կ՚արատաւորուի մաքուր կտաւը՝ փոքր բիծով մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր քաղաքական գործիչներու պատասխաններն ու խօսքերը լսելով, անոնց անհաւասարակշիռ պահուածքը դիտելով կ՚ուզեմ հասկնալ, թէ անոնք մանկապարտէ՞զ կը ղեկավարեն, թէ ոչ դարաւոր պատմութեամբ հայրենիք մը, որ կարծես իր մայրամուտը կ՚ապրի:

Էջեր