Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շատերուն համար զարմանալի պիտի թուի, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շատ մը պարագաներու ունեցաւ իր դրական դերակատարութիւնը։
Խօսքը մանաւանդ լիբանանահայ գաղութի ապրած զարթօնքին մասին է, որուն դրական ոգին ցարդ կը շարունակէ թեւածել ամերիկեան ծայրամասերու վրայ։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ այս կիրակի նախատեսուած է Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին խմբագրատունս։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վարդան Մատթէոսեանը, որ Նիւ Եորքէն քաղաքս ժամանած է անձնական այցելութեան մը առթիւ։ Օգտուելով քաղաքիս մէջ գտնուելու հնարաւորութենէն՝ Վարդան Մատթէոսեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր հիւրընկալուեցաւ մեր հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Չեխիոյ Հարաւային Պոհեմիայի համալսարանի վերատեսուչ Թոմաս Մաչուլան եւ իր տեղակալը՝ Ռատքա Զաւոտոքին։ Հիւրերուն ընկերացաւ «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Ռուբէն Միրզախանեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնէն ներս հաւաքոյթ. «Զրոյց՝ ժամանակի հոլովոյթին մէջ»:
Կոմիտասի եւ Թումանեանի 150-ամեակները արժեւորուեցան յատկանշական յայտագիրով մը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

Ֆրանսահայ համայնքէն ներս վերջին շրջանին ծնունդ առած դպրոցաշինութեան շարժումը կը շարունակուի կայուն թափով։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Վալանսի մէջ ձեռնարկուած ծրագիրը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ժողովի մասնակիցներու շարքին էր Ռուսաստանի Պետական տումայի՝ ԱՊՀ-ի, Եւրոասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի ղեկավար Լէոնիտ Քալաշնիքով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

Հայաստան եւ Շուէտ կը ձգտին զարգացնել համագործակցութիւնը նոր ոլորտներու ներգրաւումով:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Անն Լինտէն անդրադարձան միջազգային ու տարածքաշրջանային հրատապ հարցերու:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

Հանրային նախաձեռնութիւն խմբակը երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց, որ իրաւական գործընթացի մը ձեռնարկած է՝ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան աշխատանքներուն դէմ։ Ըստ երեւոյթին, Հանրային նախաձեռնութիւնը դիմած ըլլալ կը թուի դատական իշխանութիւններու՝ օգտուելով անհատներու վիճակած իրաւունքներէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

Հայաստան-Յունաստան-Յունական Կիպրոս եռակողմանի փոխյարաբերութիւնները նոր թափով յառաջ տանելու ուղղութեամբ որոնումներ:
Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս երէկ Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Արմէն Սարգսեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ ծաւալելով բազմակողմանի քննարկումներ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել տեղանուններ, որոնք տարբեր շրջաններու տարբեր ձեւեր եւ հնչիւններ ստացած են. պատմական տեսակէտով տեղանունի մը անցեալի եւ ներկայ ձեւը գիտնալ կարեւոր կը համարենք, քանի որ այդ փոփոխութեան մասին տեղեկութիւն ունենալ կարդացուածը աւելի դիւրահասկնալի կ՚ընէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Այս սիւնակով, ցայսօր, արդէն բաւական գրեցի ուսումնական հետազօտութենէս քաղուած նիւթերու եւ խնդիրներու մասին։ Յիշեցման կարգով, կամ շարքիս ուշ միացած ընթերցողներուն պարագային՝ իրազեկման կարգով, ըսեմ, որ ուսումանսիրութիւնս դաշտային կոչուող տեսակին կը պատկանէր. այլ խօսքով, գրեթէ բոլոր այն տուեալները, այն վերլուծութիւններն ու խոհերը, որոնք շաբաթական յաճախակիութեամբ ի յայտ եկան այս սիւնակի ընդմէջէն, հիմնուած են նոյն Թուրքիոյ մէջ կատարուած անմիջական պրպտումներու վրայ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Տամուկ աչքերով ու համր քայլերով Մինէն հատեց հիւանդանոցի շեմը։
Մի առ մի կարդալով իւրաքանչիւր դրան վրայի աղիւսակները, ահաւասիկ գտաւ ան դուռը, զոր կը փնտռէր՝ «բժիշկ-կնախտաբան»։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դասու անդամուհիներէն Սերա Մերիէմ Ենիճէն եւ Սերենա Քոչաք Ավշարօղլուն։ Ներկայիս Լուսաւորիչ երգչախումբը կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը եւ այս առթիւ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է յոբելենական համերգ մը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Հայաստան:
Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան հերթական ժողովը:
Քուէարկութեան կազմակերպման վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները կը յստակեցուին աստիճանաբար:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019

Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց մեծն Կոմիտաս Վարդապետը՝ իր ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Կոմիտասին ձօնուած գրական-երաժշտական հանդիսութիւնը մաս կազմեց Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի ձեռնարկներու շարքին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ Հայաստեանեայց Առաքելական Եկեղեցին եղած է առաջամարտիկը՝ մտքի յեղափոխութեան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կեանքի թաւալումներուն եւ ամէնօրեայ հեւքին հետ, մեզմէ շատ-շատեր կը մոռնան կեանքին արժէքը։ Հեռու մնալով կրօնափիլիսոփայական «բարձր ոճ»ի մտորումներէն ու հաստատելով ամենէն կարեւոր կէտը մարդկային էութեան, բոլորս ալ տեղ մը պիտի համաձայնինք կեանքի անցողիկութեան շուրջ, սակայն ատով հանդերձ, դարձեալ ու դարձեալ պիտի գովերգենք ու փառաբանենք մեզի ի վերուստ տրուած կեանքը ապրելու ոսկեայ առիթն ու կեանքի ջուրերուն միջով անցնելու եւ մաքառելու դրուածքը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար չարչարուիլ չ՚ըսեր, այլ՝ բարձրանալ:
Պատասխան.
Վարդապետները կ՚ըսեն չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս խաչով բարձրացաւ, ըստ այնմ. «Որ խաչը Իր փառքը կոչեց»: Երկրորդ, որովհետեւ Քրիստոս խաչով օդ բարձրացաւ եւ թշնամին հալածեց:

Էջեր