Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիրը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Նորին Սրբազնութիւնը ճաշասեղանով մը պատուած է Մուսթաֆա Տեմիրը։
Վիեննայի նախագահներու այսօրուան ժամադրութեան ընդառաջ Երեւան քաշեց իր կարմիր գիծը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար։
Հայաստան այլեւս մտադիր չէ աչք փակելու միջնորդներու կրաւորականութեան վրայ - Ֆրանսա առաջարկ մը ներկայացուցած է շփման գծին համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոսկուայի Պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Ալեքսէյ Սեմիոնովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջերս շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի դուստրը՝ Սիւմէյյէ Էրտողան շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ամուսնացաւ Սելչուք Պայրաքտարի հետ։ Այս առթիւ Իսթանպուլի մէջ բազմահազար հրաւիրեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ հարսանեկան արարողութիւնը, որ հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ երաժշտական մարաթոն մը։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Բեմը քեզի կը սպասէ… դո՛ւն ալ մասնակցէ՛» կարգախօսով։ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ այս առթիւ տողանցեցին 154 փոքրիկ կամ պատանի երաժիշտներ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Նորածինը կաթին կը փարի ով ալ ըլլայ մատակարարողը, քանի որ տակաւին աչքերը իսկ չեն բացուած. սակայն Պէտքը զինք կ՚առաջնորդէ: Պէտքէն կը յառաջանայ կախուածութիւնը. այս է կենդանական աշխարհի բնական ընթացքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ է նախանձը։ Նախանձը բացատրել, գիտնալ կարելի չէ։ Այո, զգացում մըն է, ունի իր տառացի իմաստը, բայց կարելի չէ իմաստ տալ այդ զգացումին մարդկային յարաբերութիւններու նկատմամբ։
Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ վարժարանի շրջանաւարտներու աւանդական հաւաքին առթիւ։ Խաւիծի օրը առիթ հանդիսացաւ զանազան սերունդներէ սաներուն համախմբման՝ դպրոցի պատմական համալիրէն ներս։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն եռակողմանի ժողովը։
Հաւաքի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան կազամուղ եւ նաւթամուղ խողովակաշարներու անվտանգութեան հարցերը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ սանուց միութիւններու, ակումբներու եւ հայրենակցական միութիւններու առկայ խնդիրները յաղթահարելու որոնումները ունին կենսական նշանակութիւն։
Մտայնութեան եղափոխութեան մը զուգահեռ՝ պէտք է դադրիլ անցեալը կարօտնալէ եւ հրաժարիլ երիտասարդները մեղադրելէ, որպէսզի համայնքի ընկերամշակութային կեանքէն ներս ծնունդ առնէ նոր շարժում մը, ծնունդ տրուի աշխուժութեան։ Համատեղ ձեռնարկներու կազմակերպումը կրնայ ճանապարհ դառնալ առկայ լճացումէն դուրս գալու համար։
Շուէտի մայրաքաղաքը՝ Սթոքհոլմի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2016» երգի մրցոյթը, որ երաժշտութեան աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ այս շաբաթավերջը բնորոշուեցաւ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքով։ Դպրոցի նոր համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական հաւաքոյթը, որուն պատուոյ հիւրերն էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու։ Մասնակիցներու շարքին էին Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները, զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ եւ հիւրեր։
Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 209-րդ տարեդարձին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն արարողութիւններ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան բարձր գնահատեց թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։
ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Վերջին քանի մը տարիներուն հանրութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ արշաւեց Դիմատետրի եւ համացանցի միջոցով հաղորդակցելու եւ տեղեկութիւն քաղելու:
Համակրելի նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլու երէկ անհատական ցուցահանդէս մը բացաւ Պէյօղլուի մէջ։ Իտալական մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ բացուեցաւ այս ցուցահանդէսը, որ ձօնուած է Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելեանին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Վարժապետեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Պետրոս Քահանայ Պուլտուքեան։
Շուէտի մայրաքաղաքը՝ Սթոքհոլմի մէջ այս երեկոյ տեղի կ՚ունենայ «Եւրոտեսիլ-2016» երգի մրցոյթը։
Էսաեան վարժարանի ընտանիքը ներկայիս մեծ հպարտութիւն կ՚ապրի իր շնորհալի սաներէն Գարին Էօճալի նուաճումներով։ Սա բառին ամբողջական իմաստով հպարտութիւն մըն է, որովհետեւ Գարին Էօճալ կու գայ ապացուցանել, թէ յամառ աշխատանքով ու եռանդով հնարաւոր կ՚ըլլայ կեանքի մէջ յաղթահարել ամէն դժուարութիւն։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաստատեցին, թէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Վիեննա, ուր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ նախատեսուած են շարք մը աշխատանքային հանդիպումներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Հոգիին աստուածային գալուստը քարոզուած է բոլոր մարգարէներու կողմէ, բայց կատարելապէս անոր գալստեան մասին առաքեալներուն պատմեց Յիսուս Քրիստոս, մեր Փրկիչը, մինչ իր տնօրինական փրկարար չարչարանքները կը կրէր, որպէսզի ճանչցուի Հոգիին էութիւնը եւ անով մխիթարուին անոնք։