Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրէնքն ու իրաւունքները հիմնուած են մեր կեանքն ու առօրեան առաւել անվտանգ ու ապահով դարձնելու համար։ Երբեւէ խորհած էք, թէ ինչո՞ւ կը գրուին օրէնքներ եւ արդեօք այդ օրէնքները մեզ որմէ՞ կամ ի՞նչ բանէ կը պաշտպանեն։ Այո՛, ճիշդ էք. մեր յօրինած օրէնքները կը պաշտպանեն մեզ՝ մեզմէ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Մալթայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը այս տարի նախատեսուած է 13 հոկտեմբերին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու աշխոյժ անդամներէն Նուրհան Տավուլճեանը։ Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին խմբագրատունս եւ բացատրութիւններ տուին թաղի ընդհանուր կացութեան շուրջ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան շուրջ։ Իր ընդհանուր արժեւորումին մէջ ատենապետ Մանուկ Էօղէր ըսաւ հետեւեալը.
Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան աղբիւրները երէկ համայնքային մամուլին տեղեկացուցին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ ուղարկուած նամակ-զեկուցագրի մը մասին։ 20 սեպտեմբեր 2019 թուակիր այս զեկուցագիրը կը կրէ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի ստորագրութիւնը։
Հայաստանի վարչապետը ԱՄՆ-ի մէջ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեան կը սպասէ Իլհամ Ալիեւի արձագանգին՝ կարգաւորման իր բանաձեւին համար:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Հրեաներուն Զատիկը մօտ էր» (Յհ 2.13):
Մեկնութիւն. Եւ գիտելի է, թէ հրեաները պարտաւոր էին երեք հանդիսաւոր տօներու Երուսաղէմ երթալ, որ է Զատիկը, Պենտեկոստէն եւ Տաղաւարահարացը:
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն Պերճ Ութաշ այս առաւօտ խմբագրութեանս հետ հեռաձայնով կապ հաստատեց՝ տեղեկացնելով, որ հրաժարած է իր պաշտօնէն։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան պաշտօնապէս պետութեան կողմէ ուղարկուած ըլլալուն կապակցութեամբ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ատենապետ Շիրինօղլու ըսաւ հետեւեալը.
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համար հակիրճ ձեւով մեկնաբանեց պատրիարքական ընտրութեան համար պետութեան կողմէ հասած կանոնադրութիւնը։ Ըստ իրեն, կանոնադրութեան հասած ըլլալը ողջունելի է, սակայն կարգ մը կէտերը կը համարուին ցաւալի։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը երէկ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ պաշտօնեայի մը միջոցաւ ուղարկուեցաւ Գումգաբու։
Նախաձեռնարկ Մարմինը հերթական նիստին ժամանակ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեց պաշտօնական փաստաթուղթը եւ վաղը արտահերթ ժողով մը պիտի գումարէ՝ գործադրութեան ճանապարհին դիրքորոշումը յստակեցնելու համար։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան գործընթացի փուլերը պիտի հունաւորէ՝ ըստ իր լիազօրութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն։
Ազգային պատգամաւորական ժողովի անդամներուն թիւը բարձրացած է 120-ի, անցեալ անգամուան 89-ին փոխարէն։ Թեկնածու պիտի կարենան ըլլալ միայն Աթոռին ենթակայ սրբազանները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի խօսք մըն է. «Գայլին անունը ելած է, մինչ աղուէսն է որ աշխարհ կը քանդէ»։
Շատ անգամ անմեղ մարդիկ կը մեղադրուին պարզապէս անոր համար, որ իրենք «մեղաւոր» ճանչցուած են։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի անկախութեան 28-րդ տարեդարձը այս տարի առանձնակի շուքով նշուեցաւ: Ձեռնարկներուն մեծ մասը Կիւմրիի մէջ էր: Կիւմրին էր այս տարուան անկախութեան օրուան տօնական քաղաքը, որ պատշաճ կերպով ընդունեց եւ ճանապարհեց անկախութեան օրուան ձեռնարկին մասնակից հիւրերը:
ՍԵԴՕ ՊՕՅԱՃԵԱՆ
Աւա՜ղ, Լոս Անճելըսի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մսխեց սփիւռքահայուն հետ սրտբաց զրուցելու ոսկէ առիթը։ Հանրահաւաքին ներկայ թէ եթերային միջոցով վարչապետի պատգամին հետեւող սփիւռքահայը իր հայրենիքի առաջնորդէն կ՚ակնկալէր ազգային հեռանկար, հաւաքական աշխատանքի ծրագիր, հայրենիքը եւ սփիւռքը հզօրացնելու տեսութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
23 սեպտեմբերը ուրիշ օրերէն տարբեր օր մը պիտի չըլլար, եթէ ան աշնանամուտի, աշնան օրերը աւետող օր մը չըլլար։ Սակայն 23 սեպտեմբերը աշնան օրերու նման տրտմալի, տրտմութենէ աւելի՝ կեանքին մութ կողմը ցոյց տուող օր մըն է այս տրուպ գրիչին համար։ Տարուայ այս օրը կարծես հոգեցունց՝ հոգին եւ ամբողջ կեանքը ցնցող, հոգին յուզող, կեանքի մը տարբեր երեսակը արտայայտող «օր» մըն է այս տողերը գրողին համար։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Թեքսաս նահանգի Սան Անթոնիոյ քաղաքէն։ Հոն ապրող Ռայըն ընտանիքի՝ հայր, մայր եւ երկու զաւակներ, մերթ ողբերգական եւ մերթ յուսադրական կեանքի ելեւէջները հարազատօրէն ներկայացնող պատկերն է այդ։
Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վախճանման 20-րդ տխուր տարելիցը:
Լուսահոգի հայրապետի անձը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին ու ժամանակներու մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող շաբաթը Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ տարբեր առումներով ալ «ցնցող» ըլլալու բոլոր հիմնադրոյթները ունէր։
Մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին շրջանի ամենաերկար մամլոյ ասուլիսներէն մին կու տար (ի դէպ Փաշինեանի լրագրողներու հետ այս երկար ձեւաչափի հարցազրոյցները կը կրեն այսօրուան իշխանութիւններուն ստորագրութիւնն ու մտայղացումը) եւ իր հարցազրոյցի ընթացքին արագ ակնարկ մը նետելով կը խօսէր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արթուր Վանեցեանի կողմէ ներկայացուելիք հրաժարականին մասին։