Արխիւ

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ հարցով քաղաքական լուծումներ որոնելու ընդհանուր համակարգը կը կաղայ։ Արդէն տարի մը անցած է Ռուսաստանի հովանաւորութիւնը վայելող Աստանայի ժողովէն, իսկ արեւմտեան երկիրներ, բոլորիս յայտնի պատճառներով, ոչ ալ կը յիշեն կամ կը յիշատակեն Սուրիոյ տագնապին յատկացուած Ժընեւեան ժողովները։

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի նորանշանակ Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը։ Նորանշանակ նախարարը առաջին անգամ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեց պաշտօնը ստանձնելէ վերջ։

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ գիշեր մեկնեցաւ Հայաստան՝ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ չուերթով։ Իր կեցութեան օրերուն նորին սրբազնութիւնը պիտի նախագահէ Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան մը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019

Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց գեղանկարիչ Նարեկ Աւետիսեանի ցուցահանդէսը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կը խրախուսէ ստեղծագործական աշխատանքները:

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է շահեկան գիրք մը, որ պատմական ուսումնասիրութիւն մըն է։ «Պաքուի կոմունը 1917-1918. ազգն ու դասակարգը ռուսական յեղափոխութեան շրջանին» կը կոչուի այս գիրքը, որու հեղինակն է յայտնի պատմաբան Ռանըլտ Գրիգոր Սիւնի։ 1972 թուականին հեղինակին այս գործը հրատարակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019

Զարեհ Սինանեան. «Չեմ պատկերացներ, որ առանց միացեալ ջանքերու կարենանք որեւէ տեղ հասնիլ»:
Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը արտասահմանեան առաջին այցը կու տայ դէպի Ռուսաստան:

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Յունաստանի մէջ նոր իշխանութեան գլուխ եկած ղեկավարութեան Արտաքին գործոց նախարարը՝ Նիքոս Տենտիաս նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ամերիկացի պետական քարտուղարը զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Աթէնք Միջերկրականի արեւելքին եւ Պալքաններու մէջ կայունութեան առանցք մըն է։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Ֆրանսահայ համայնքը կորսնցուց իր երիցագոյն, յատկանշական անդամներէն մին։
Ոչ եւս է Ռոժէ-Կարպիս Ջրբաշեան, որու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Փարիզի մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Այս օրերուն, Երեւան կ՚այցելէ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեան, որու այցելութիւնը ունի մասնաւոր բնոյթ։ Ան Երեւանի մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր այցելեց անմոռանալի նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի բնակարան-արուեստանոցը։ Հոգելոյս նկարչի այրիին՝ Մարի Յակոբեանի եւ դստեր՝ Նորա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց բնակարանէն ներս, ուր իրեն ներկայացուեցան մեծանուն վարպետի կտաւներն ու իւրայատուկ քանդակները։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ «Կրօնական ազատութեան հարցերով նախարարական համաժողով»:
Զօհրապ Մնացականեան կանգ առաւ քրիստոնեաներու Մերձաւոր Արեւելքէ ներս ենթարկուած հալածանքներուն եւ Հայաստանի որդեգրած զգայնութիւններուն վրայ:

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը Նիւ Եորքի մէջ պատուեց Հայաստանի փոխ-վարչապետը:
Տիգրան Աւինեան բարեգործութենէ անդին կարեւորեց սփիւռքի գիտելիքը, փորձառութիւնն ու մասնագիտութիւնները:

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեր ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահեր կ՚ըսէ, թէ 40 տարեկանը երիտասարդութեան ծերութիւնն է, իսկ 50 տարեկանը՝ ծերութեան երիտասարդութի՛ւնը։
Արդարեւ հոգեբանական եւ կենսաբանական իրողութիւն մըն է, որ ամէն մարդ նոյն աստիճանով եւ համեմատութեամբ չի ծերանար։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

ՍԵԴԱ ՔԻՒՓԵԼԵԱՆ

«Շնորհակալ ենք, որ մեզի բացառիկ ուրախութիւնը կու տաք, կազմակերպելով նման երեկոներ, որոնց ընթացքին կը պանծացուի հայ երգը, հայ գիրը, հայ գրականութիւնը, հայ գիրքը...», նման արտայայտութիւններով, յուզումնախառն ծափերով ներկաները շնորհաւորեցին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ «Արեւիկ» գրատան կազմակերպած, Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը, հովանաւորութեամբ Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի, որուն երկրէն բացակայութեան պատճառաւ զինք փոխարինած էր դեսպանորդ՝ Բաւել Փըսճքեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Այս ճաշարանին լէհմէճունը (մսաշօթ) շատ համով է, Հալէպի համն ու հոտը ունի. տունը մնացողներուն մի քանի հատ տանինք, թող ուտեն:
Կ՚ըսէ քուէյթահայ մը իր մանչուկին, անոնք ամառնային արձակուրդի եկած են եւ հայր ու որդի արեւելեան ճաշարանի մը մէջ նստած, կը ճաշակեն ֆուլն (արեւելեան պատրաստութեամբ բակլայի չոր հատիկներ) ու հումմուսը ձիթապտուղի ձէթով եւ առատ կանաչեղէնով:

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Պաքըրգիւղի վերընտրեալ քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու յառաջիկայ շրջանին ալ պիտի տեւականացնէ մեր համայնքէն Յովհաննէս Կարապետեանի խորհրդականի պաշտօնը։ Անցեալ շրջանին Յովհաննէս Կարապետեան միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցէր Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդին։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Պոսթընի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Առաքել Քհնյ. Ալճանեանի եւ Օլպանիի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ստեփանոս Քհնյ. Տուտուքճեանի կողմէ գլխաւորուած էր ուխտաւորներու խումբը։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկան «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու Թուրքիա տեղափոխման գործընթացին կապակցութեամբ։ Այսպէս, նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ «Ս-400»ներու յանձնումը կը շարունակուի նախապէս ծրագրաւորուած ձեւով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընտրութեան անկիւնադարձային փուլերէն մին կը բնորոշէ Նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորումը։ Պատրիարքարանի մէջ երէկ տեղի ունեցած ժողովի լոյսին տակ կարելի է ըսել, որ դրական մեկնարկ մը ապահովուած է՝ Պատրիարքական Աթոռը նոր գահակալով մը օժտելու ճանապարհին։

Էջեր