Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տեղապահի ընտրութիւնը նոր ու հետաքրքրական պատուհան մը բացած է մեր համայնքին առջեւ։ Շուրջ տասնմէկ տարիէ ի վեր Պատրիարքական Աթոռը չունի գահակալ։

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Տուներու բարեկամական այցելութեան ընթացքին հայրենադարձները՝ յատկապէս կիները, յաճախ զիրար կ՚ընդունին հայկական սովորութեամբ: Ատենին խորթ թուացող կարգ մը հիւրասիրական երեւոյթները հիմա մեծ սիրով կը կիրարկուին՝ «Սուրճը, պաղպաղակը, խմորեղէնը, հիւթը, պտուղը միասին կը հիւրասիրուի՞ն», զարմանքով հարցուած հարցումները հիմա հասկնալի են, այլ՝ նոյնութեամբ կիրարկելի:

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քաղաքակրթութիւնը արագօրէն կը յառաջանայ, կեանքը հետզհետէ կը բարեփոխուի, կը զարգանայ։ Որքան որ էականը անփոփոխ կը մնայ, շատ բաներ կը փոխուին եւ անշուշտ այդ փոփոխութիւնները կ՚ազդեն նաեւ էականին։

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019

1963 թուականի գարնան, Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ըստ որուն մարտ-ապրիլ ամիսներուն, ամբողջ Հանրապետութեան տարածքին զգալիօրէն պակսած էր յանցագործութիւններու եւ անկարգութիւններու քանակը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած, հայ մամուլին ձօնուած համահայկական համաժողովը այսօր կ՚եզրափակուի:
Արա Գօչունեան երէկ Անթիլիասի մէջ հանդէս եկաւ զեկուցումով մը՝ հայաշխարհի լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը ցանցային մօտեցումով զարգացնելու հարցին շուրջ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան համար այս առաւօտ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը գումարուի Եկեղեցականաց համագումարը։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հաւաքուելէ առաջ հոգեւոր հայրերը ժամերգութեան համար մէկտեղուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան համար այս առաւօտ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը գումարուի Եկեղեցականաց համագումարը։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հաւաքուելէ առաջ հոգեւոր հայրերը ժամերգութեան համար մէկտեղուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

Գումգաբուի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Եկեղեցականաց համագումարը։ Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ մը յապաղումով գումարուեցաւ այս ժողովը, որու օրակարգին վրայ էր տեղապահի ընտրութիւն։ Միշաբաթեայ այդ ակամայ յետաձգումը, Եկեղեցականաց համագումարի թուականի ստիպողական փոփոխութիւնը ծնունդ տուաւ ահաւոր լարուածութեան մը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

Պոլսոյ Պատրիարքութեան Եկեղեցականաց համագումարը այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ յետ Մայր եկեղեցիէն ներս կատարուած ժամերգութեան:
Պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին անկիւնադարձային քայլ: Գործընթացը փուլ առ փուլ յառաջ կը տարուի՝ աթոռը 85-րդ գահակալով օժտելու առաջադրութեամբ:
Հոգեւոր հայրերը Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ գումարուելով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը ընտրեցին տեղապահ, որու պաշտօնի կոչուած ըլլալը կը տեղեկացուի պետութեան եւ Մայր Աթոռին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կեանքը կրթութիւն է», ըսած է հեղինակաւոր կենսաբան մը։ Արդարեւ, կեանքը «ցաւի դպրոց» մըն է, որ կրնայ երկար ժամանակ տեւել եւ կամ կարճ, բայց անպայմա՛ն նիւթը ցաւ եւ վիշտ եղող դպրոց մը՝ կրթարան մը։ Ուստի կեանքը «կեա՛նք» ընողը ցաւեր եւ վիշտեր են, որոնք կը կրթեն, կը կատարելագործեն մարդը՝ որ ցաւերու եւ վիշտերու մէջ կը հասնի, կը հասուննայ, կը ձեւաւորուի։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Այսօր ի վերջոյ ընտրուեցաւ պատրիարքական տեղապահը։ Եթէ մինչեւ շաբաթ մը առաջ տեղապահի ընտրութիւնը անկիւնադարձային էր, ապա ներկայ դրութեամբ արդէն կը համարուի բեկումնային։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գերիներու արգելավայրին մէջ Ճոն Ուինսթանլէյ անունով տղայ մը կար, որ աւագափող մը ունէր: Այս տղան զայն բերած էր իր ծննդավայրէն՝ Սինսիննաթիէն, եւ պահպանած էր զայն երկու տարի՝ պատերազմի ամբողջ միջոցին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

In The Air Tonight երգը բրիտանացի երգիչ եւ երաժիշտ Ֆիլ Քոլինզի առաջին երգն էր, որ ան ձայնագրեց իբրեւ մենակատար-երգիչ։ Մինչ այդ, ան կը հանդիսանար Ճենըսիս (Genesis) խումբի անդամ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1 յուլիս 2019-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց յիշատակը Սուրբ Եպիփան Կիպրացիին, Բաբելա Հայրապետին եւ անոր երեք աշակերտներուն:
Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնամ Սուրբ Եպիփան Կիպրացիին ու անոր գրական վաստակէն փոքրիկ ծաղկաքաղ մը պիտի ներկայացնեմ ընթերցողներուն:

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019

Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնն է։ ԱՄՆ-ի անկախութեան 243-րդ տարեդարձին առթիւ երէկ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային անձը մասնակից է աստուածային Հոգիին լոյսին եւ ուժին։ Իր բանականութեամբ, ան կարող է հասկնալ կարգ եւ կանոնը իրերուն՝ հաստատուած Արարիչին կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2019

Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

«Կ՚ուզէի մեծահարուստ ըլլալ։ Այնքան հարուստ, որ աշխարհի վտանգաւոր կիզակէտերուն, զոր օրինակ՝ պատերազմական գօտիներու, ծայրայեղ աղքատ երկիրներու եւ կամ բնական արհաւիրքներէ տուժած գօտիներու մէջ, ուր դրամատուները ինչ-ինչ պատճառներով հասանելի չեն՝ մարդոց նիւթական, ինչո՞ւ չէ, նաեւ բարոյահոգեբանական օգնութիւն ցուցաբերէի։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2019

«Հին օրերի երգը» ճաշարանին յարդարանքը «անցած-գացած» ժամանակները կը յիշեցնէ իր հին կահոյքով: Հոն հարահրոց չկայ, ականջ ծակող երաժշտութիւն՝ նոյնպէս, իսկ երիտասարդուհիներու փոխարէն՝ կը սպասարկեն ժպտադէմ տիկիններ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անշուշտ որ շատ ուշագրաւ եւ ուրախալի է, երբ կը խօսիս մէկու մը հետ, որ հակառակ Սուրիոյ պատերազմի մեծ արհաւիրքներուն, կարողացած ու յաջողած է իր արժանի տեղը գրաւել այն երկրին մէջ, ուր ան յայտնուած է որպէս փախստական-գաղթական։ Այդ անձնաւորութիւններէն է Մարինա Կէօզիւքիւչիւքեանը, որ շնորհիւ իր ձիրքերուն ու բաւական կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին յաջողեցաւ ոչ միայն աշխատանք ճարել, այլ նաեւ դառնալ Ֆրանսայէն սփռուող «Ռատիօ Այբ» կայանի սիրուած ձայներէն մին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Համշէնցիներու մասին շարքս դեռ չեմ աւարտած, բայց անսպասելի դէպք մը ահա կու գայ ընդմիջել զայն։ Մի քանի օր առաջ, Երեւանի մէջ սովորական օրերէս մէկը կ՚անցընէի։

Էջեր