Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

1. Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Շնորհազարդ Պատրիարք Հօր վախճանման առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս սահմաններէն ներս, ազգային-եկեղեցական սուգ կը հրահանգուի մինչեւ Ս. Զատկի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

Ուղղափառ եկեղեցւոյ ծայրագոյն պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. երէկ յետմիջօրէին ցաւակցական այցելութեան մը փութաց Գումգաբու։ Պատրիարքարանի մուտքին ան դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

Հայաստանի պետական աւագանին շաբաթավերջին ցաւակցականներ հրապարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման կապակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատգամներով հանդէս եկան՝ արտայայտելով իրենց ցաւը։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

Պատրիարքական Աթոռի նորոգ վախճանեալ 84-րդ գահակալի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ կիրակի:
Համայնքային շրջանակները զօրակոչի ենթարկուած են կազմակերպչական աշխատանքներուն համար: Կրօնական ժողովի շաբաթավերջի արտահերթ նիստը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր. մշակուեցաւ սուգի շրջանի ճանապարհային քարտէսը։  Խորհրդակցական մարմնի երէկուան ընդլայնուած կազմով ժողովին զուգահեռ կազմուեցաւ կարգադիր յանձնախումբ մը՝ ատենապետութեամբ Մելքոն Քարաքէօսէի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ պիտի փութան քաղաքս։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այս հինգշաբթի պիտի ժամանէ Իսթանպուլ։ 17 մարտին ամբողջ թրքահայութիւնը ժամադրուած է Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

Հանրապետութեան նախագահը անձամբ վշտակցութիւն յայտնեց պատրիարքական ընդհ. փոխանորդին:

էրտողանի առընթեր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ կապ հաստատեցին նաեւ արտաքին գործոց
նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու: Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ գլխաւոր քաղաքապետ Մեւլիւտ Ույսալ այսօր կէսօրին կ՚այցելեն Գումգաբու:

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

«Ի խորոց սրտի կը հայցենք առ Ամենողորմ Տէրը, որ երկնային բարձունքներու վրայ խաղաղութեան եւ հանգստութեան մէջ ընդունի հոգին հաւատարիմ իր սպասաւորին՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի։ Մենք այսօր աղօթական ոգիով կ՚ուղեկցինք վախճանեալ պատրիարքին դէպի յաւերժական կեանքի ճանապարհ»:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան կարգ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի նորոգ հանգուցեալ գահակալին համար:

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահքի շրջանի վեց կիրակիի երկրո՛րդն է «Արտաքսման կիրակի»ն՝ որ կը յաջորդէ «Բարեկենդանի կիրակի»ին եւ կ՚արտայայտնէ նախաստեղծներու մեղանչումը եւ անհնազանդութեան պատճառով վտարումը դրախտէն։
Արդարեւ, անհնազանդութեան արարքը միշտ կարելի է տեսնել մարդու մէջ, նոյնպէս անոր հնարաւորութիւնը որպէս փորձութիւն։ Ուստի մեղքը միշտ կ՚ուղեկցի մարդուն։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019

Նշանթաշըի «Մարքի» գեղարուեստասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յայտնի նկարիչ Սամուէլ Լաճիկեանի ցուցահանդէսին բացումը։ Ան առաջին անգամ իր ստեղծագործութիւնները կը յանձնէ Իսթանպուլի գեղարուեստասէրներու դատին։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Որքան դժուար է հաշտուիլ ցաւառիթ իրականութեանց հետ։ Մեր մարդկային տկարութիւնն է որ ի յայտ կու գայ, երբ դէմ յանդիման կը մնանք անդարմանելի ցաւի մը կամ մահուան պարագաներուն։ Ոչ միայն կը դժուարանանք հաշտուիլ, այլ նաեւ կը զգանք մեր անզօրութիւնը, յիշելով Արարչին Աստուծոյ զօրութիւնը։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019

Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման տխուր առթիւ երէկ հետեւեալ ցաւակցականը ուղարկեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019

Թրքահայ համայնքը կը սգայ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր անժամանակ կորուստը. 63 տարեկան:
Յուշերու քաղցրութեան ընդմէջէն անխուսափելի դառնութիւնը համակած է մեր հաւաքական կեանքը, ուր առկայ ծանր մարտահրաւէրը հերթական անգամ միասնականութեան անյետաձգելի հրամայականը կը բերէ օրակարգի վրայ:

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019

Համայնքը խոր սուգի մէջ. ոչ եւս է Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Մեսրոպ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան։
Շուրջ 11 տարուան ծանր հիւանդութենէ վերջ ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը երէկ կէսօրուան ժամերուն ի տէր հանգաւ սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր կը խնամուէր երկար ժամանակէ ի վեր։
Նորին ամենապատուութեան մահուան լուրը անմիջապէս հաղորդուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ, որ փոխանցեց իր բարոյական զօրակցութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ ընդհանուր փոխանորդին հետ հեռաձայնով կապ հաստատեց՝ յայտնելով իր ցաւակցութիւնները։ Այսօր երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենայ Կրօնական ժողովի նիստ մը, որով կը ճշդուի յառաջիկայ սուգի օրերու ընթացքը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մարմինը երէկ յետմիջօրէին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի։ Եւ առաջին աղօթքը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Զանազան թաղերէ հաւատացեալներ բօթը լսելով համախմբուեցան Գումգաբուի մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019

Թրքահայութեան պատմութեան մէջ այսօր կը բացուի նոր էջ մը։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գաւազանագրքի վառ ու հեղինակաւոր անուններէն մին հրաժեշտ կ՚առնէ մեզմէ։ Պատրիարք ընտրուելէ առաջ ու վերջ ծաւալած գործունէութիւնով՝ նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան անջնջելի հետք մը թողած է մեր համայնքի արդի պատմութեան վրայ։ Սերունդներու պատրաստութեան իմաստով երկար տարիներ վիթխարի աշխատանք մը տարած է ան։ Պոլսոյ մէջ մեր եկեղեցւոյ այժմու սպասաւորներուն կարեւոր մասը եղած են իր ձեռնասունները։ Սերնդափոխութեան գործը, ժառանգութեան փոխանցման մարտահրաւէրը միշտ գտնուած են իր ուշադրութեան կիզակէտին։ Սա եղած է այն բնագաւառը, որու պարագային Մեսրոպ Պատրիարքի աշխատանքին գնահատականը միանշանակ է։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019

Թուրքիոյ Հայոց 84-րդ Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան ծնած էր 16 յունիս 1956 թուականին, Իսթանպուլի մէջ։ 1963-1968 թուականներուն յաճախած էր Էսաեան վարժարանի նախակրթարանի բաժինը, ուրկէ վկայուելէ վերջ մուտք գործած՝ «Հայ Սքուլ» անգլիական վարժարանը։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019

Այսօր, 8 մարտ 2019, ուրբաթ ժամը 12.15-ին իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ Գահակալ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը, խոր սուգի մատնելով Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին եւ իր հոգեւոր զաւակները, ի Իսթանպուլ, ի Գաւառս եւ ի Կրետէ։ Ծանօթ է, թէ Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասը տարի անգործութեան մատնուած էր անդարմանելի հիւանդութեան հետեւանքով եւ ութը տարի վայելած էր Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի խնամքը։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սրբազան,
Որքա՛ն դժուար է նուաստիս տեսակէտէ հրաժեշտի խօսք մը գրել ձեզի համար։ Ի՞նչ հրաժեշտի մասին է խօսքը խորքին մէջ, իսկապէս չափազանց վերացական կը թուի այդ բանը՝ մանաւանդ, որ ձեր հիւանդութեան տասնմէկ տարիներուն որեւէ շփում ալ չէինք կրցած ունենալ իրարու հետ։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019

​​Խոր ցաւով եւ սրտի ճմլումով կը հաղորդենք, որ այսօր կէսօրուան ժամերուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կը տառապէր «տեմանս»է եւ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն բուսական կեանք կ՚ապրէր։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019

Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանի լիկէոնի բաժինը 25-28 փետրուար 2019 թուականերու միջեւ, օգտուելով նաեւ Բարեկենդանի արձակուրդէն, կատարեց քառօրեայ պտոյտ մը դէպի Վենետիկ: Աւելի քան վաթսուն մխիթարեանցի աշակերտներէ բաղկացեալ խումբը կը գլխաւորէր տնօրէնուհի Եւա Օրագեան: Աշակերտներուն կ՚ընկերակցէր նաեւ չորս ուսուցիչ:

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019

Երէկ երեկոյեան ամերիկահայ յայտնի երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեան ելոյթ մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վահէ Պէրպէրեանի զուարճախօսութիւնը։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանը։ Զրոյցի ընթացքին թեմակալ առաջնորդը իր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ տակաւին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագութեան տարիներէն սկսեալ իրեն նկատմամբ մշտապէս ցուցաբերուած հայրական խնամքի ու վստահութեան համար։

Էջեր