Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (ՅՈՎՀ. Զ 40)։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Գացի, եկայ վեց տարիէն աւելի լքած ծննդավայրս: Եօթը օրուան կեցութիւնս տարի մըն էր կարծես:

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ այս օրերուն Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները աչքէ անցընելու նպատակով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս նպատակով թրքական պատուիրակութիւն մը մեկնած է Մոսկուա, ուր ձեռնարկած է հանդիպումներու։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր յայտարարեց, որ Անգլիոյ խորհրդարանի վերջին քուէարկութիւններու արդիւնքով առանց համաձայնութեան BREXIT-ի ռիսքը աւելցած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոխորհրդարանէն ներս մասնաւոր նիստ մը տեղի ունեցաւ BREXIT-ի օրակարգով։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի եւ մեներգչուհի Գարին Քիւչիւքօղլու վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Աթէնքի մէջ։ «Քոտալի» երաժշտանոցի նախաձեռնութեամբ եւ անոր երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որ ձօնուած էր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Պետական համալսարանի պաշտօնական ամսագրի երկարամեայ խմբագիր, հեղինակաւոր նարեկացիագէտ  Հրաչիկ Միրզոյեան կը մեկնաբանէ Քասիմի թողած աւանդին նշանակութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանի շրջանի կատարուած կարեւոր նախաձեռնութեան առթիւ:
«Ես արդէն շուրջ 15 տարիէ ի վեր կը զբաղիմ այս գործով, ծանօթ եմ «Մատեան ողբերգութեան»ի բոլոր տարբերակներուն, ուսումնասիրած եմ բոլորը։ Հիմա Նարեկացին նորոյթ դարձած է։ Միայն այս՝ Գօչունեանի վերածածն է, որ որեւէ անգամ չէ վերատպուած»։ Իր թարգմանած «Մատեան»ը ունի պատմական արժէք՝ ըլլալով աշխարհաբար առաջին ամբողջականը»:

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու Մուսթաֆա Սարըկիւլ միացաւ ՏՍՓ-ին։ Ինչպէս ծանօթ է, թեկնածութեան առաջադրման յապաղման պատճառով Սարըկիւլ վերջերս դուրս եկած էր ՃՀՓ-ի շարքերէն։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Ճոն Պոլթըն եւ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ԱՄՆ-ի աջակցութեան:
Փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց. «Ռուսաստան կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումներուն պարբերականութիւնը»:

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Հայաստանի Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Տիգրան Յակոբեան, որ զանգուածային լրատուութեան աշխարհէ ներս փորձառու եւ հեղինակաւոր անուն մըն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յիշեալ յանձնաժողովի հերթական նիստին ընթացքին քննարկման առնուեցաւ նախկին նախագահ Գագիկ Բունիաթեանի հրաժարականը, որու ընդունման զուգահեռ կատարուեցաւ նոր նախագահի ընտրութիւն։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց վարչապետն ու նախարարաց խորհուրդի անդամները:
Հայաստանի նոր կառավարութեան անդամները երէկ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած կարգով կոչուեցան պաշտօնի:

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գերմանիա։ Պերլինի մէջ նախատեսուած են իր հանդիպումները Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի, Պունտեստակի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի եւ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Աւստրալիա։ Այս ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի եւ թեմական խորհուրդի հրաւէրով։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Հայաստանի եւ հայութեան փոխներգործութիւնը Մետաքսի ճամբուն հետ ունի աւելի քան 2000 տարուան պատմութիւն: Այս յօդուածով կ՚ուզեմ լուսարձակի տակ առնել երկու փուլեր, նախ Մեծն Տիգրանի փուլը եւ ապա հետազօտութեամբ 15-18-րդ դարերու Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներու դերը՝ վերականգնելու Մետաքսի ճամբու գործունէութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ:

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Հար­ցում.- Ինչ­պէ՞ս կրնամ ձեր­բա­զա­տիլ ա­գա­հու­թեան մեղ­քէն։

 

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Կը տեղեկանանք, որ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերահրատարակած է՝ Մխիթարեան ուխտէն հոգելոյս Հայր Արիստակէս Վրդ. Պօհճալեանի բացատրական Առձեռն բառարանը։ 1975 թուականին, հեղինակի թոյլտուութեամբ այս բառարանը հրատարակուած էր Ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի՞նչ կը նշանակէ «Քրիստոնեայ ըլլալ»։ Արդարեւ հարցը սա է. «Քրիստոնեայ անուանուի՞լ» թէ «քրիստոնեայ ըլլա՛լ»։ Ուստի անուանեալ քրիստոնեայ ըլլալ եւ հոգւով քրիոտոնեայ ըլլալ տարբեր վիճակներ են, ինչպէս կեանքի մէջ ամէն վիճակ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է, կը պատրաստուի հրաժարիլ իր պաշտօնէն։ Երէկ երեկոյեան Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019

Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ Արմէն Ռուստամեան սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը:
Խորհրդարանէն այս շրջանին դուրս մնացած ըլլալը պիտի չխանգարէ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը:

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019

Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկխօսութեան յանձնախումբը այս օրերուն հերթական ժողով մը կը գումարէ Վատիկանի մէջ։ Արեւելեան Ուղղափառ-Կաթոլիկ միջեկեղեցական երկխօսութեան յանձնախումբի 16-րդ հանդիպումն է այս մէկը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019

«Քալաշնիքով» ռազմական արտադրութեան ռուսական յայտնի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Անտրէյ Պարիշնիքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հիւրընկալեց Պարիշնիքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Էջեր