Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ներկայիս Ռումանահայոց միութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը։ Եւրոպահայ կեանքի տեսակէտէ յատկանշական տարեդարձ մըն է այս մէկը։ Անցեալ շաբաթավերջին Պուքրէշի մէջ նշուեցաւ Ռումանահայոց միութեան յոբելեանը։
Ֆրանսահայ մեծանուն երաժիշտը 87 տարեկան հասակին մահացաւ՝ խոր ցաւ ստեղծելով հայաշխարհէ ներս:
Միշել Լըկրանի մահուան առթիւ Հայաստանի պետական աւագանին եւ Վեհափառ Հայրապետը հրապարակեցին ցաւակցականներ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովի հիման վրայ գործի կը լծուի նորընտիր պիւրոն:
Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան բարձր մակարդակի շնորհաւորական հանդիպումներ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը բարձր գնահատեց կրթական ոլորտին ներդրուած հետեւողական ջանքերը:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձուները պարգեւատրուեցան «Պօղոս Նուպար փաշա» շքանշանով:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը։ Իտալիոյ Ազգային հետազօտական խորհուրդի դէպի Երեւան այցելութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր այս գիտաժողովը, որու բացման Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փարիսեցիները կրօնամոլ եւ մոլեռանդ դասակարգ մըն էին։ Անոնց ծագումը յստակ չէ. ոմանք անոնց «մաքրակրօն» հակումը Եզրասի եւ Նէեմայի բարեկարգական շարժումին մէջ տեսնել կ՚ուզեն։
Արցախեան հիմնախնդրի շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, բանաձեւերը կը փոխուին, սակայն իրականութեան մէջ կացութիւնը կը մնայ նոյնը:
«Ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու» դիւանագիտական բանաձեւումը փաստօրէն ժողովուրդները զիջումի առաջնորդելու քօղարկուած ձեւ մըն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Չեմ գիտեր, դեռ որքան ժամանակ Հայաստանը կարիք պիտի ունենայ աշխարահատարած իր որդիներու նիւթական օժանդակութեան։ Անկեղծ եւ ճիշդ տուեալները ցոյց կու տան, որ յատկապէս մեր աչքերուն, որպէս «Աղէտի գօտի» ներկայացող շրջանները այսօր եւս կարիքն ունին մեր բոլորին անմիջական օժանդակութեան։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Յաճախ կը պատահի, որ մեր լսած երգը նորէն ու նորէն լսենք, օրեր, ժամեր, տարիներ անցընենք այդ երգին ընկերակցութեամբ, յուզուինք, ուրախանանք, տխրինք, սիրահարինք, հիասթափինք անոր լուռ ընկերակցութեամբ: Կան երգեր, որոնք տեսած են մեր կեանքի գրեթէ բոլոր փուլերը յաջորդաբար եւ աւելի շատ յուշեր կը պահեն իրենց մէջ, քան մենք: Երբեմն ալ անոնք մեր միակ ընկերներն են օրուան այս կամ այն ժամուն կամ կեանքի մէկ կարեւոր շրջանին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրել, գթալ եւ ներել, արդար, անաչառ ըլլալ եւ պատժե՛լ։ Ահաւասիկ երկու հակադիր զգացումներ՝ որոնց հետեւանքներն ալ բոլորովին ներհակ են իրարու, «ներել» եւ «պատժել»։
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Վերջերս Խրղըզիստանի մայրաքաղաքը՝ Պիշքեքի մէջ ծայր առած հակաչինական ցոյցերը այս հարցով զգուշացում մը պէտք է ըլլան Հայաստանին: Պիշքեքի ցոյցերը կը հետապնդէին երեք նպատակ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը 21 դեկտեմբեր 2018-ի իր թիւով բացայայտեց նիւթական վերջին գայթակղութիւնը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դուստրերուն վերաբերեալ:
Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները Լոնտոնի մէջ ուզած են ձեռք բերել 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ երկու շքեղ բնակարաններ՝ օգտագործելով գաղտնի ստուերային ընկերութիւն մը:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Իր կատարած մարդահամարի քննութենէն յայտնի եղած է, որ 1930 թուականէն առաջ Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն մէջ հայոց թիւը 67 հազարի կը հասնէր, որոնց մեծագոյն մասը 64 հազարը՝ Ֆրանսայի մէջ. Փարիզի մէջ՝ 45 հազար, Լիոնի մէջ՝ 2.500, եւ Մարսէյլի մէջ՝ 4 հազար։ Ֆրանսայէն դուրս մօտաւորապէս 3 հազար հայութիւն։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Խօսքի ազատութիւնը ոչ թէ օրէնքով իրականացած է, այլ գիտական նուաճումով: Թէեւ գիտութեան ընձեռած ազատութիւնը ճշդումի կարիք ունի՝ չշփոթուելու համար խառնիճաղանճի, անհեթեթութեան եւ այլ բացասականութիւններու հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ քաղաքական հարթակի վրայ եղած որեւէ «մեծ» զարգացում արագօրէն կը փոխակապակցուի Արցախի ընդհանուր իրադրութեան եւ, մանաւանդ, արցախեան հիմնախնդրին վերաբերեալ «սպասելի» յառաջընթացներու հետ։
Եւ այս առումով ալ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք անցեալ ապրիլին Հայաստանի զարգացումները, բողոքի ցոյցերն ու տեղի ունեցած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը կ՚առընչեն արցախեան ճակատի վրայ առկայ զարգացումներով կամ նոյնիսկ «սպասելի» դէպքերով։
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան նախընթաց օր Սաքըզաղաճըի Արքեպիսկոպոսարանին մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի գլխաւոր միւֆթի Փրոֆ. Հասան Քեամիլ Եըլմազը։ Այցելութեան ընթացքին միւֆթիին ընկերացաւ իր օգնականը՝ Ճանէր Աքտեմիրլի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Արարատ Միրզոյեանը։ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց խորհրդարանի նորընտիր նախագահը ու մաղթեց, որ իր պաշտօնավարումը նշանաւորուի բարի արդիւնքներով՝ երկրի օրհնեալ ու բարօր կեանքին համար։
Հայ երաժշտութեան արդի շրջանի առասպելական մաէսթրոն ութսուն տարեկան:
Տիգրան Մանսուրեանի տարեդարձին առթիւ Երեւանի մէջ յաջորդ շաբաթ տեղի պիտի ունենայ մեծարանքի շքեղ համերգ մը, որուն մասնակցութիւն պիտի բերէ «Խաչատուրեան» եռեակը:
Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Երեւան։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալէ եւրոպացի յանձնակատարը։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ստանձնեց ԵԱՏՄ-ի շրջանային նախագահի առաքելութիւնը:
Փաշինեան. «Կարեւոր է շարունակել երրորդ երկիրներու կամ միութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը»: