Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 12, 2019

Յ. ՊԱ­ԼԵԱՆ

Խորագիրը կրնայ զարմանք պատճառել: Սնապարծութեան որոնում չէ:
Ֆրանսայի «դեղին բաճկոններ»ու շարժման պատճառներէն մին ուշադրութեան չարժանացաւ, քանի որ պատկերները այլապէս հետաքրքրական էին եւ տեղ չէին ձգեր խորքային հարցեր տեսնելու եւ քննելու:

 

Շաբաթ, Յունուար 12, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այս եօթ­ներ­րորդ տա­րին է, որ Նոր տա­րին կը դի­մա­ւո­րեմ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ 
Անց­նող տա­րի­նե­րուն մի­ջեւ շատ մեծ տար­բե­րու­թիւն­ներ չկան, բա­ցի ան­կէ, որ Ա­մա­նո­րի գի­շե­րը ըն­թացք ա­ռած նա­խա­տօ­նա­կան սթրէ­սը, նոյն կեր­պով իր թե­ւե­րը պի­տի եր­կա­րէ եւ տա­րա­ծուի նոր տա­րուան ա­ռա­ջին օ­րե­րուն վրայ։

Շաբաթ, Յունուար 12, 2019

Փարիզի մէջ եզակի խարիսխ մը՝ հայկական ստեղծագործական պտուղներուն հաղորդ դառնալու համար:
«Անաքօ» տափանաւու գործունէութեան ուղղութիւն կու տայ Սարվէն Էօզալթընի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը:

Շաբաթ, Յունուար 12, 2019

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց աշխատակազմի նուիրեալ ծառայութիւնը, որով կը պայծառանայ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը:

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հռոմայեցիներու նամակին Դ գլխուն մէջ Առաքեալը կը հաստատէ «հաւատքով արդարանալ»ու վարդապետութիւնը վկայութիւն բերելով Աստուծոյ վարմունքին Աբրահամի հետ, քանի որ Աբրահամ «արդա՛ր» համարուեցաւ իր հաւատքին եւ ո՛չ թէ իր գործերուն համար։
Գործի փոխարէն բան մը տալ պարտք վճարել է եւ ո՛չ թէ շնորհ ընել։ Առաքեալը մէջ կը բերէ նաեւ Դաւթի խօսքը՝ թէ. Երանի՜ այն մարդուն, զոր Տէրը կ՚արդարացնէ անոր մեղքերուն ձրի թողութիւն տալով։ 

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Եկեղեցու համար ի՛նչ էլ հարկաւոր լինի անպայման կ՚ասէք, սիրով կ՚անեմ:
Ըսած էր բարերարը տարիներ առաջ ու ընթացքին, ամէն մանրամասնութենէ տեղեակ, ան քար առ քար հետեւած էր եկեղեցւոյ կառուցման:

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019

Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ խոստացաւ վերականգնել Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պեշար Էսատ վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու, հայ գործարարներու հետ։

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019

Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի վախճանման 100-րդ տարելիցին առթիւ:
Պատրիարքարանը դարձեալ լոյս ընծայեց մեծանուն հոգեւորականի «Հայոց Եկեղեցին» երկը:

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ղեկավարումի տագնապ՝ ժողովրդավարութեան ցանկալի կամ շեփորուած ամպհովանիին տակ: Խանդավառութիւնները եւ յաղթանակները իրականութիւնները պէտք չէ վարագուրեն:

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019

Getty Research Institute-ը թուայնացուցած է Օսմանեան ժամանակաշրջանի աւելի քան վեց հազար լուսանկարներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ պատմական նշանակութեամբ ճարտարապետական կոթողներու, քաղաքային եւ գիւղական տեսարաններու, հնավայրերու լուսանկարներ եւ այլ փաստաթուղթեր։

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Եփրատի արեւելքին Թուրքիոյ կողմէ ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի դէմ նախատեսուած գործողութիւնները կախում չունին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու Սուրիայէ դուրս բերուելէն։

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019

Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը կրնայ նուազեցնել Հայաստանի մէջ ներդրումներու ծաւալը։ Tert.am կայքէջի հաղորդումներով, «Քոմերսանտ» թերթը անդրադարձած է, որ «Կազփրոմ Արմենիա»ի համար կազի գինը 10 տոկոսով սղած է։

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019

Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ երէկ ընտրողները յանձնեցին պատգամաւորներու վկայականները:
Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովը անդրանիկ նիստը պիտի գումարէ՝ այս երկուշաբթի:

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Սփիւռքի նախարարութեան ապագան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Թիւր տպաւորութիւններ կան։ Լուծումները պէտք է ապացուցանեն իրենց կենսունակութիւնը եւ պէտք է գոհացուցիչ ըլլան պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան աւելցուելուն կողմնակից մարդոց համար, որոնք հետամուտ են համապատասխան խնդիրներու»:

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019

Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքարանի տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձաւ գաղթականներու դիմագրաւած խնդիրներուն։ Արդարեւ, Պատրիարքական Աթոռը վերջին տարիներուն միշտ անմիջական ուշադրութեան տակ կը պահէ այն սուրիահայ եւ իրաքահայ գաղթականները, որոնք տարածքաշրջանի արիւնալի իրադարձութիւններէն խոյս տալով՝ ապաստան գտած են Թուրքիոյ մէջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019

Ներկայ տարեմուտին Պատրիարքարանի շէնքի մուտքի երկու  կողմերուն զետեղուեցան խաչքարեր, որոնք երէկ օծուեցան՝ ձեռամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Սոյն խաչքարերը, որոնց շնորհիւ Պատրիարքարանի մուտքը բարեզարդուեցաւ, պատրաստուած են Հայաստանի մէջ՝ բարերարութեամբ Քրիստիան Կելիճիի, որ արմատներով Սասունէն է։

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժշկական-առողջապահական նիւթերու վերաբերեալ ասուլիս մը։ Իր նմաններու շարքին երկրորդ այս երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր։

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ տօնական արձակուրդի շրջանին փակ էին պետական, կառավարական գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները, ուսումնական կեդրոնները, բայց թանգարանները սկսած էին աշխատիլ յունուարի 3-ին եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը նոյնպէս Նոր տարուան առաջին օրերուն բացած էր իր դռները: Մշտական ցուցադրութիւններէն զատ հոս կը գործեն ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ, որոնցմէ շատեր իրապէս եզակի են:

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դէմքեր կան, որոնք իրենց ուշագրաւ եւ առինքնող դիմագծով եւ տպաւորիչ արտայայտութեամբ կը քանդակուին մարդուս յիշողութեան վրայ եւ հոն կը մնան տարիներով։ Տիպարներ ալ կան՝ որոնք նկարագրի ցայտուն գրաւիչ գիծերով եւ կամ իրենց առանձնայատուկ դրոշմներով կը զանազանուին մարդոց բազմութենէն, եւ անոնց հետ պատահական հանդիպում մը կամ կարճատեւ ծանօթութիւն մը մարդուս յիշողութեանը անկորնչելի մէկ դրամագլուխը կը դառնայ, եւ որուն կ՚ուզէ մարդ անդրադառնալ ատեն ատեն։

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Օրին իմացած էի, որ Հալէպի հանրայայտ «Հոթէլ Պարոն»ի ժառանգորդը՝ Մազլումեանները մեկնած են Միացեալ Նահանգներ։ Այդ օրերուն «ամէն տեղէ» պաշարուած էր Հալէպը,  որուն վրայ ահաբեկիչ զինեալներ անխնայ կերպով կրակ կը տեղացնէին, որուն հետեւանքով ալ կ՚արձանագրուէին տասնեակ զոհեր։

Էջեր