Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018

Հայաստանի հարաւին մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի արկած մը, որու հետեւանքով զոհուեցաւ չորս զինուոր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ Գորիս-Որոտան ճանապարհի 39-րդ քիլօմեթրի հատուածին մէջ։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018

Ալեքսանտր Ռամ երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ: Յայտնի թաւջութակահարը արժանացաւ հայ երաժշտասէրներու համակրանքին ու ջերմ ծափահարութիւններուն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կայ սուրբգրային համար մը, որուն հիմամբ՝ եթէ Աստուծոյ խօսքերը վէմի վրայ դրուին, լաւ արդիւնք պիտի տան։ Համարը մօտաւորապէս այդպէս կը յիշեմ, բայց վստահ եմ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի միւս գործընկերներս, որ գիշեր-ցերեկ կրօնական նիւթերով կը զբաղին, լաւ գիտեն այդ համարը, անգիր գիտեն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018

ՀԱՊԿ-ի երկօրեայ գագաթաժողովի ընթացքին կը ճշդուի նաեւ նոր ընդհանուր քարտուղարին անուն: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկումներ կը ծաւալէ դաշնակից երկիրներու ղեկավարներուն հետ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018

«Փարոս» ամսագրի հիմնադրութեան ութերորդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ Պէյօղլուի մէջ կազմակերպուած նկարչական ցուցահանդէսով մը։ Յունաստանի հիւպատոսարանի առընթեր «Շիշմանօղլու» ապարանքի երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018

Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչին այցը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեան երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ սերտ համագործակցութեան համար:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հոկտեմբերի վերջին օրերէն մէկն էր, երբ Երեւանի մէջ աշնան ցուրտ հովը կ՚աւլէր չորցած տերեւները, երբ քաղաքական դաշտը կրկին փոթորկած էր եւ մայրաքաղաքին երկինքը պատուած վերահաս անձրեւի գոյնով, գոյժ մը ստացանք Պէյրութէն՝ մահացած է գրող, մտաւորական Արա Արծրունի…

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ համասեռականութեան դէմ ցոյց մը։ Այս ցոյցը կազմակերպուած էր բողոքելու համար համասեռամոլներու այն ֆորումին դէմ, որու կազմակերպումը յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է Հայաստանի մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018

Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութեան կողմէ կարեւոր օժանդակութիւն:
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Նաճարեան» կեդրոնի կատարելագործման համար 900 հազար տոլար:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018

Հանրապետութեան նախագահը քննադատեց ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները:
Էրտողան. «Մեր համոզմամբ՝ այս բոլորը աշխարհի հաւասարակշռութիւնը խանգարելու ուղղեալ քայլեր են»:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդոց միջեւ որքան հաւասարութիւն, նոյնքան եւ աւելի, տարբերութիւններ կը գտնուին։ Իսկութեան մէջ հաւասարութեան կարեւորութիւնը եւ արժէքը կը յայտնուի այդ տարբերութիւններու շնորհիւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ողջոյն իմ հին օրերու ոչ անկեղծ, սակայն շատ սիրելի նախկին ընկեր-բարեկամ։ Սա պահուն մեծ ուրախութեամբ, հիասթափութեամբ, ինչո՞ւ չէ նաեւ քիչ մըն ալ ափսոսանքով կը յիշեմ մեր անցած-գացած լաւ ու բարի օրերը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ 

Հրապարակի վրայ բաւականաչափ աճ սկսած է արձանագրել ճարտասան ու «փիլիսոփայ» մարդոց թիւը։ Հազիւ երեւոյթ մը կամ միջադէպ մը պատահած, ընդհուպ պատրաստաբաններ ու կոկոզաբաններ կը սկսին զանազան «մեկնաբանութիւն»ներ կատարել իրենց իսկ չհասկցած նիւթին կամ խընդ-րոյ առարկայ անձին շուրջ՝ իրենց այրած սիրտը մխիթարելու եւ հանգստացնելու համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018

​Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ՝ տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն եւ քարոզխօսութիւն։ Օրուայ պատուոյ հիւրն էր թաղեցի բարձր ճարտարապետ Նշան Եաղուպեան։ Ներկաներու շարքին էին եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ մեծարեալի անմիջական բարեկամներէն Տքթ. Ժիրայր Ճամկէօզեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018

​Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Գէորգ Պետրոսեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս, երէկ հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Իրեն ընկերացաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ուրուկուայէն մեկնած խումբ մը ուխտաւորներ։ Հանդիպման սկիզբին, յանուն ուխտաւորներուն շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ «Արաքս» ռատիօկայանի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեան։ Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը ուխտաւորներուն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2018

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջերս ընդունեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Երեւանի գրասենեակի նորանշանակ ներկայացուցիչ Աննա-Գարին Օստը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան հաստատուած սուրիահայոց դիմագրաւած հիմնախնդիրները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2018

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը օտարերկրեայ գործընկերներու հետ համաձայնութիւն կը հաստատէ՝ երկրի պատմամշակութային յուշարձաններու վերականգնման նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց վերջերս բացատրութիւններ տուաւ այս նիւթին շուրջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2018

Աէլիտա Տոլուխանեանի կողմէ հեղինակուած գիրքին համար շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Յայտնի գիտնականներ գինեձօնի ժամանակ գնահատանքով արտայայտուեցան բազմակողմանի այս ուսումնասիրութեան մասին:

Էջեր