Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ այս շաբաթավերջի տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանի սեմին:
Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը համայնքին աջակցութիւնը կ՚ակնկալէ՝ կայուն թափով յառաջ տանելու համար իր բազմակողմանի գործունէութիւնը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Արեւիդ մեռնեմ, սիրուն ճան»…
Փարիզի «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ տեղի ունեցած սգահանդէսին ժամանակ, ֆրանսացի զինուորականին կատարմամբ, այս երգը զարմանք եւ յուզմունք պատճառեց միլիոնաւոր մարդոց, որոնք թէ՛ ներկայ էին սգահանդէսին եւ թէ ուղիղ կապով աշխարհի զանազան վայրերէն կը հետեւէին մեծն Շարլ Ազնաւուրի հրաժեշտի արարողութեան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018

Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ, Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Զա­ւակ­նե­րը պար­տա­ւոր են ծնող­նե­րուն հնա­զան­դիլ.-
ա) Ո­րով­հե­տեւ Աս­տուած Ի՛նք պա­տուի­րած է. «Զա­ւակ­նե՛ր, իբ­րեւ Տի­րոջ հե­տե­ւորդ­ներ՝ ձեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է հնազն­դիլ ձեր ծնող­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ ա՛յդ է շի­տա­կը» (Եփ 6.1):

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ լե­զուա­բա­նու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան ծնած է Պո­լիս, 1825 թուա­կա­նին։
Վիեն­նա­յի Մխի­թա­րեան­նե­րու մօտ, ան հետզ­հե­տէ կը հմտա­նայ մա­տե­նագ­րու­թեան, փի­լի­սո­փա­յու­թեան, ի­տա­լե­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի, անգ­լե­րէ­նի, գեր­մա­նե­րէ­նի, ա­րա­բե­րէ­նի եւ թրքե­րէ­նի մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին ձեռնարկեց նոր եղանակի բացման աշխատանքներուն։ Համոյթի թէ՛ մեծերու եւ թէ փոքրերու խումբերը շաբաթ կէսօրին համախմբուեցան Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018

Պոլ­սա­հայ սա­նուց միու­թիւն­նե­րու հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ խրախ­ճանք մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գալ­ֆաեան Տան ննջա­րա­նի բաժ­նի ըն­դար­ձակ պար­տէ­զին մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները զօրակցութիւն ցուցաբերեցին Պէզճեան Մայր վարժարանի համար: Աշակերտներու ելոյթները արժանացան ծափահարութիւններու: Պիւտճէն փակուեցաւ մասամբ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018

Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­նաս­տեղծ Մատ­թէոս Զա­րի­ֆեա­նի վե­րա­նո­րո­գեալ շիր­մի բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018

Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայոց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ առասպելական արուեստագէտի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Շարլ Ազնաւուր պատմութեան մէջ թողած է իր լուսաւոր հետագիծը եւ մեր բոլորի սրտերուն մէջ՝ իր անմար յիշատակը, կը փոխադրուի յաւիտենութիւն։ Այդ հետագիծը իր աստուածահաճոյ գործերու խոր ակօսն է՝ ձգած համամարդկային արժէքներու անծայրածիր անդաստանին մէջ»

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան ընթացքին խօսեցաւ հետեւեալ դամբանականը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այս օրերուն մամուլի ուշադրութեան կեդրոնին է Շարլ Ազնաւուրը։ Մարդը, արուեստագէտը, հասարակական գործիչը եւ զանազան ճակատներու վրայ հայութեան անունը բարձր պահած անկրկնելի Շարլը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին, հանդիսապետութեամբ թեմի բարեխնամ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Իզապէլ Պայրաքտարեանի մենահամերգը։ Ելոյթին ներկայ էին հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խա­չը զօ­րու­թիւն է՝ փրկու­թեան ճամ­բա՜յ։
5-րդ դա­րու կէ­սե­րուն, երբ Վա­ղար­շա­պատ քա­ղա­քի մէջ հայ գի­րե­րու ստեղ­ծիչ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց, ար­դէն տա­րի­քը ա­ռած, փա­կեց իր աչ­քե­րը։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին դամբանախօսութիւնը՝ «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցած սգահանդէսի ընթացքին:
Մաքրոն. «Իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ ան կը շարունակէ իր ճանապարհը՝ քայլելով ուղիղ, ձեռքերը գրպանին, ժպիտը դէմքին եւ մեզի հետ միասին ան հպարտօրէն կ՚անցնի այս դարը»:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018

«Ազնաւուրի երգերը առաջին հերթին բանաստեղծութիւններ են, որոնց վերնագրերը եւ երգերու յանկերգները մեզի համար ժառանգութիւն դարձած են»:
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչին յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայոց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ինչ՝ որ տեղի ունեցաւ անցեալ երեքշաբթի օր, գրեթէ անսպասելի էր։ Անսպասելի էր ո՛չ թէ անոր համար, որ մի քանի ժամուան մէջ հազարաւոր քաղաքացիներ փողոց կ՚իջնէին անսալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին, այլեւ այն առումով, որ Փաշինեանի կառավարութեան մաս կազմող երկրի երկու քաղաքական ուժերը կը քուէարկէին օգտին օրինագիծի մը, որ ըստ Փաշինեանին առնուազն կը խթանէր հակայեղափոխական իրավիճակ մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018

Պաղլարպաշիի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրիմի բացման հանդիսութիւնը։ Սա առիթ մըն է վերյիշելու համար մեծանուն բանաստեղծը եւ վերագնահատելու համար իր ժառանգութիւնը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018

Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Դ) Գրուած է առաքեալի մը կողմէ։ Ասիկա կը յատնուի առաքեալներուն իրարու միջեւ ունեցած խօսակցութիւններէն եւ արատայայտած խորհուրդներէն ու զգացումներէն։ Աւելի յստակացնելու համար կը մէջբերենք հետեւեալ վկայութիւնը. «Աշակերտները իրարու կը նայէին, շուարած՝ թէ որո՞ւն համար կ՚ըսէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խաչվերացի յաջորդող 4-րդ կիրակի օր Սուրբ Պատարագի ընթացքին՝ որպէս Ճաշու Աւետարան կը կարդացուի Մարկոսի Աւետարանի ԺԱ գլխուն 27-33 համարները։ Խաչվերացի յաջորդող 4-րդ կիրակին, այս տարի կը հանդիպի 7 հոկտեմբերի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս։ Վստահ եղիր թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես», (ՄԱՏԹ. Ե 25-26)։

Էջեր