Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2018

Նիւ Եորքի մէջ կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը, որ կը ցոլացնէ համահայկական վիթխարի ժառանգութիւն:
Հայաստանի անկախութեան 27-րդ տարեդարձը կը բնորոշուի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի ցուցահանդէսով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Էրտողան խօսեցաւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Սոչիի մէջ գոյացած համաձայնութեան շուրջ:
Փենթակոն վերապահութիւն կը դրսեւորէ Իտլիպի հարցին շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան նկատմամբ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Ս. Փ. Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ։ 40 վայրկեան տեւեց զրոյցը, որու բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ առայժմ չկան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ վարժարաններու ցանցը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ։ Համայնքի օրակարգը ներկայիս ծանրաբեռնուած է համապատասխան խնդիրներով։ Տարիներէ ի վեր մեր համայնքը մեծ զոհողութիւններով կը պահէ թէ՛ դպրոցները եւ թէ միւս հաստատութիւնները։ Այդ կառոյցներու ցանցը ստեղծուած է այնպիսի ժամանակներուն, երբ այս քաղաքին մէջ ո՛չ միայն շատ բարձր թիւով հայեր կ՚ապրէին, այլեւ՝ քաղաքի ընդհանուր բնակչութեան մէջ հայերը կը կազմէին լուրջ համեմատութիւն ու բոլոր բնագաւառներու մէջ ունէին ստուար ներկայութիւն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանահայ գործարարներու միութեան անդամները, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն Հայաստան։ Այս միութեան նախագահն է Մուրատ Աքեիւզ։ Գերմանահայ գործարարներուն ուղեկցեցան Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան եւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Գալֆաեան Տան մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը սկսաւ տօնական մթնոլորտով։ Վերամուտի առաջին օրը բնորոշուեցաւ հանդէսով մը, որուն ներկայ էին խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր գործակից ընկերները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասու, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը սկսաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Պատմական դպրոցը այս առթիւ ողջունեց իր 188-րդ վերամուտը՝ դռները լայն բացած իր սիրասուն սաներուն առջեւ։ Նոր տարեշրջանի մեկնարկին առթիւ աշակերտներուն հետ դպրոցին մէջ համախմբուեցան նաեւ իրենց ծնողները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Գումգաբուի ընտանիքը ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկած է՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ սարքուելիք տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանի սեմին։ Երէկ երեկոյեան, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Պէզճեան սրահին մէջ համայնքային շրջանակներէ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տրուեցաւ սիրոյ սեղանի պատրաստական աշխատանքներուն մեկնարկը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս յօդուածը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին ղրկած է Հոլանտայի մէջ գործող
«Հոլանտական օրագիր» կայքէջը, որ տասը տարուան պատմութիւն ունի՝ հոլանտահայ կեանքը բազմակողմանի կերպով լուսաբանող եւ մեծ համբաւ ունի Եւրոպայի հայութեան մօտ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»:
բ) Երկինքին մէջ որո՞նք են Հօր Աստուծոյ կամքը կատարողները:
Այս խնդրանքին մէջ Տէրը կը սորվեցնէ մեզի Աստուծոյ կամքին կատարումը երկրի վրայ ինչպէս որ երկինքի մէջ: Այստեղ հարցումը, որ կու գայ իւրաքանչիւր հաւատացեալի միտքին մէջ, այն է, թէ երկինքին մէջ որո՞նք են Հօր Աստուծոյ կամքը կատարողները: 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին մէջ տեղի կ՚ունենայ գրքի փառատօն։ Այսպէս, Երեւանի Կենդանաբանական պարտէզը տարիներէ ի վեր կը զբաղի ոչ միայն կենդանիներու պահպանութեամբ, խնամքով եւ վերականգմամբ, այլ նաեւ մշտական ուշադրութիւն կը դարձնէ կրթական, հետազօտական, գիտական ծրագրերու, որոնք պարբերաբար կ՚իրականացուին բազմաբնոյթ միջոցառումներու, էքօ-ակումբներու, յատկանշական օրերու եւ զանազան նախաձեռնութիւններու տեսքով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազնուականութիւնը միայն դասակարգի, հարստութեան տիտղոսի, եւ դիրքի մէջ փնտռել եւ գտնել կարծել՝ նախապաշարո՛ւմ մըն է լոկ. ախտաժէտ մտայնութիւն մը՝ որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին ընկերային դասակարգերը ըմբոստացուցած է թէ՛ խորհուրդով, թէ՛ գործերով։
Այս իմաստով, «ժողովրդապետութիւն»ը այդ հին եւ ժամանակավրէպ մտայնութեան հասունցուցած պտո՛ւղն է։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

«Երկու Յովհաննէս՝ երկու մեծ հայ» ցուցահանդէսը նուիրուած է Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Յովհաննէս Թումանեանի յոբելեաններուն։ Այսպէս, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետին՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակներուն նուիրուած ցուցադրութեան դէմ-դիմաց ներկայացուած էին երկու մեծ հայերու ընդհանրութիւններու, ճակատագրերու համընկնումներու մասին պատմող ցուցանմոյշներ՝ որպէս ընտանիքի հայրեր, զինուորներ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «ՓՈՒՇ» նախագծի համատեղ ջանքերով:
Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան. «Սա գեղեցիկի հետ ապրելու նոր մօտեցում մըն է»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս ցուցահանդէս-տօնավաճառը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած Ումութ Ալի Էօզմէնի կացութիւնը կը շարունակէ զբաղեցնել տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու օրակարգը։ «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ումութ Ալի Էօզմէն երէկ պիտի դատուէր Հայաստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ նահատակուեցաւ զինուոր մը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ժամը շուրջ 13.30-ին երկրի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պաշտպանութեան տարածքէն ներս, պայմանագրային ժամկէտային զինուորական ծառայող Հայկազ Մատթէոսեան (1980) դարձած է Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակի թիրախը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատարը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ:
Փաշինեան եւ Միյաթովիչ անդրադարձան քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ուղղեալ ջանքերուն:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2018-2019 տարեշրջանի վերամուտը ստեղծեց տօնական մթնոլորտ։ Ներկայ էին Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, ծնողներ եւ հիւրեր։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Եկուարդ Հարբութ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Վերամուտի հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչական կազմը, տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Էջեր