Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ:
Տ. Յովակիմ Եպսիսկոպոս Մանուկեան. «Պէտք է հասկնալ՝ չշփոթել ազատութիւնը ամենաթողութեան հետ»:

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ ընդդիմութեան մօտիկ համարուող «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքէջը օրեր առաջ տեղեկութիւն կը փոխանցէր այն մասին, որ մասնաւորապէս Ալ Հարա գիւղաքաղաքին մէջ Սուրիոյ բանակին պատկանող ուղղաթիռներ թռուցիկներ կը նետէին, պահանջելով այդ շրջանին մէջ գտնուող զինեալներէն արագօրէն վար դնել իրենց զէնքերը եւ յանձնուիլ այդ շրջան հասնող բանակի ստորաբաժանումներուն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018

Ռուսաստան կ՚ողջունէ ամէն տեսակ շինիչ շփում՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գծով:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շրջանին պիտի հիւրընկալուի Քրեմլինի պալատին մէջ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Միացեալ Նահանգներու մէջ բժիշկները արգիլած էին Տքթ. Ճոն (Յովհաննէս) Օյունճեանին՝ օդանաւ բարձրանալ: Տարիքը այլեւս յառաջացած էր, ծերունական հիւանդութիւնները՝ սրած:

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Այ­սօր 7.6 մի­լիառ բնա­կիչ հա­շուող երկ­րա­գուն­դը կը դի­մագ­րա­ւէ մար­դոց քա­ղաք­նե­րու մէջ բնա­կեց­ման ծան­րա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րը։
Յու­լիս 11-ին քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թիւ­նը կը նշէ «Աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան օր»ը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Բազմաթիւ խորհողներու կողմէ աղօթքը սահմանուած է, որպէս խօսակցութիւն, երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ, ուր մարդը ազատ կերպով յարաբերութեան մէջ կը մտնէ Աստուծոյ հետ, կը խօսի Անոր, իր մտահոգութիւնները, խնդրանքները եւ երախտագիտական խօսքերը կը յայտնէ Անոր:

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հետաքրքրական չէ՞. մարդ, որ միշտ հպա՜րտ է իր բանականութեամբ, եւ ինքզինք գերադաս կը համարէ բոլոր միւս ապրող էակներէն, երբեմն այնպիսի դասեր կ՚առնէ որեւէ ապրող էակէ մը, որ երբեք չի համապատասխաներ իր բանականութեամբ օժտուած ըլլալու իրականութեան։ Արդարեւ, բնութիւնը ամբողջ դասերով, ազդարարութիւններով լեցուն է, եւ այն, որ կ՚անդրադառնայ եւ զիջողութիւն կ՚ընէ, տեղի կու տայ իր գերադաս վիճակէն, ա՛ն, ահաւասիկ կը յառաջդիմէ եւ կը կատարելագործուի։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Կը սիրեմ իմ երկիրս, ժողովուրդը, եկեղեցին եւ մեր երաժշտութիւնը»: Խոէլ Օրթեկան երիտասարդ հոգեւորական-կղերական մըն է եւ Քուպայի Եկեղեցիներու խորհուրդի քարտուղարն է:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018

Աշխատասիրեց՝
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Եսայի մարգարէին գիրքը կը սկսի Աստուծոյ յանդիմանութիւններով ուղղուած Իսրայէլի ժողովուրդին, սկիզբը Տիրոջ բարկութիւնը, ահեղութիւնը անհաւատ քաղաքներուն հանդէպ, բարոյական ազդարարութիւնները կը նկարագրուի (Հմմտ. Ես.1-12), որոնց համար Աստուած Եսայի մարգարէն կը ղրկէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարմնական որեւէ հիւանդութիւն, ցաւ եւ տառապանք կը պատճառէ։ Մարդկային մարմինը սքանչելի՜ ջղային մեքենականութիւն մը ունի. որեւէ գործարանի տկարութիւնը եւ կամ աններդաշնակ գործունէութիւնը կը տանջէ մարդուս մարմինը ցաւով։ Այս իմաստով՝ ցաւը ազդանշա՛ն մըն է՝ որ կ՚ազդարարէ, թէ անբնական բան մը կայ մարմնին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018

Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի արձանը։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի պետական աւագանիի ներկայացուցիչները՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բարձրաստիճան պատասխանատուները եւ այլ հիւրեր։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018

Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեաեայ յոբելեանը Հայաստանի մէջ կը նշուի հանդիսաւորապէս։ Վաղը, Բիւրականի մէջ պիտի սկսի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բանակումը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան առանձնատան մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հանդիպումը։ «Առաջին նախագահը իր տեսակէտները յայտնեց Հայաստանի առջեւ ծառացած շարք մը մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներուն վերաբերեալ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Վայոց ձորի բաժանմունքը շարժման անցած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի շաբաթավերջին ենթարկուած դէպքին շուրջ:
Մասնակիցներու ինքնութիւնը կը պարզուի, կ՚ուսումնասիրուին տեսանիւթերը:
Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան երէկ պաշտօնապէս կարգալոյծ հռչակուեցաւ՝ եկեղեցականի անյարիր վարքագծի եւ վերջին շրջանի հակականոնական ընթացքի հետեւանքով:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018

Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս, «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ, վերջին շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցան ամրան դասընթացքներ։ Վերջին տարիներուն արդէն աւանդական դարձած է այս ծրագիրը, որ կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու ուշադրութեան եւ առիթ կը հանդիսանայ խանդավառութեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018

Հա­նա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ հայ­կա­կան սահ­ման­նե­րուն հրա­դա­դա­րի դրու­թեան խախտ­ման վի­ճա­կագ­րու­թիւ­նը բա­ւա­կան ցած է, սա­կայն լա­րուած է ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը։ 
Նի­կոլ Փա­շի­նեան շա­բա­թա­վեր­ջին հա­մա­ցան­ցի վրայ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցախ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի եւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի վրայ տի­րող ներ­կայ կա­ցու­թեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018

«Վերջնագիրը երկխօսութիւն չ՚ենթադրեր։ Բոլոր պահանջները, ձեւակերպումները կ՚ըլլան միայն այն ժամանակ, եթէ ըլլայ հոգեւոր լուրջ ինքնաքննութիւն»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զինուորեալ միաբանութեան անդամները զանգուածային լրատուութեան միջոցներով կը հակազդեն Վեհափառ Հայրապետի դէմ ձեռնարկուած տխուր արշաւին:

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց արժանթինահայ «Գայիանէ» պարախումբը։ Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երկու պարախումբերու պատասխանատուներու եւ պարողներու ջերմ հանդիպումը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը ոչ միայն տա­րիք չի ճանչ­նար, այ­լեւ խտրա­կա­նու­թիւն չի դներ զո­հին ինք­նու­թեան։ Հի­մա թոյլ տուէք բա­ցատ­րեմ։
Վա­տա­համ­բաւ այս դէպ­քը կը պա­տա­հի Գա­լի­ֆոր­նիոյ մեր­ձա­կայ Ա­րի­զո­նա նա­հան­գի Ֆաուն­թին Հիլլզ քա­ղա­քին մէջ, ուր 92 տա­րե­կան Ան­նա Մէյ Պլէ­սինկ (տես՝ նկա­րը) կը սպան­նէ իր 72 տա­րե­կան տղան։

Էջեր