Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Անգարայի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պաշտօնակալման արարողութեան մասնակցելէ վերջ վերադարձաւ քաղաքս։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հրապարակեցին Պեշթեփէի համալիրին մէջ նկարահանուած Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ նորին սրբազնութեան լուսանկարը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Վեհափառ Հայրապետը երէկ հիւրընկալեց նորանշանակ պապական նուիրակը:
Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը փոխանցեց իր սէրն ու զօրակցութիւնը՝ Նորին Սրբութեան:

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

«Ես Այվազովսքին եմ, ծնունդով Խրիմէն» շարժապատկերի հեղինակները նոր ժապաւէնով փորձած են ցոյց տալ, թէ մարդիկ ինչ կը մտածեն հանճարեղ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի մասին: 2018 թուականին արտադրուած ժապաւէնը Երեւանի 15-րդ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնին «Հայկական համայնապատկեր» մրցոյթային ծրագրին մէջ է:

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի շարք մը լրատուամիջոցներուն կողմէ վերջին օրերուն տարածուած լուրերը, ըստ որոնց Փարիզի ղեկավարութիւնը ջնջած է արգելքը՝ Ատրպէյճանին ռազմական արդիւնաբերութեան արտադրանք արտածելու ուղղութեամբ։ Այդ պնդումները վերջին օրերուն լուրջ արձագանգ գտած էին Հայաստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ ԵՄ-ի առաջնահերթութիւններու շարքին:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Պաշտպանական արդիւնաբերութեան գետնի վրայ Անգարա-Պաքու կապերը յատկապէս կարեւոր:
Էրտողան զրուցեց Ալիեւի հետ. «TANAP Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութեան դրսեւորումներէն մին է»:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ:
Որոշուեցաւ շաբաթ մը եւս սպասել՝ որպէսզի անդրադարձումի առիթ մը եւս ընծայուի Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեանի կողմէ գլխաւորուած տխուր շարժման անդամներուն՝ դադրեցնելու հակականոնական իրենց գործողութիւնները եւ զղջման ու ապաշխարութեան ճանապարհով վերադառնալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ խնամակալ հովանիին տակ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Խասգիւղի Ապուտարա սինակոկին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը:
Փոքրամասնութիւնները կը հետեւին Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերուն:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս այս շրջանին ծագած է փոթորիկ մը։ Շուրջ ամիս մը առաջ իսկապէս արհեստական լոզունգներով, շինծու պատճառներով հրահրուած տագնապ մը ներկայիս կը բնորոշէ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Խումբ մը մարդիկ ասպարէզ կը կարդան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ։ Տխրահռչակ խումբ մը ձեռնոց նետած է մեր հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մերօրեայ յաջորդին դէմ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ) այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ նախատեսուած են մեծ տօնակատարութիւններ, որոնք պիտի համախմբեն ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած ցանցի ներկայացուցիչները։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Յունիս 12-ին Սինկափուրի մէջ կայացաւ պատմական հանդիպումը Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եանկ Ունի միջեւ եւ աշխարհ պահ մը շունչ քաշեց, որ հակամարտ ուժերը հեռացած էին հիւլէական բախումի մը վտանգէն: Սակայն, տարի մը առաջ սպառնալիքներ կը փոխանակուէին երկու կողմերու միջեւ եւ նախագահ Թրամփ կը սպառնար քարտէսի երեսէն ջնջել Հիւսիսային Քորէան:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Աշխատասիրեց՝ 
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երկու ամիսներու վրայ տարածուող մեր այս համեստ աշխատասիրութիւնը կ՚եզրափակենք տաղանդաշատ, սրբակենցաղ, երանաշնորհ Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի խօսքով. «Սուրբ Պատարագը միայն Քրիստոսի զոհագործումը յիշատակող եւ անոր փրկագործական խորհուրդը տեւականացնող եւ այժմէականացնող ծէս մը չէ, միայն գեղեցիկ, վեհացնող ու վերացնող երաժշտութիւն չէ, այլ մանաւանդ՝ գագաթնակէտն է Եկեղեցւոյ ծէսին, այլ խօսքով՝ պաշտամունքին, որովհետեւ Պատարագին մէջ հաւատացեալ մարդը ո՛չ միայն մտքով ու հոգիով կը միանայ Աստուծոյ, այլ նաեւ մարմնաւորապէս կը հաղորդակցի Անոր հետ, հաղորդուելով մեր Տիրոջ եւ Աստուծոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի կենդանարար Մարմնին եւ Արեան:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդու մը դէմքը, ընդհանրապէս կ՚արտայայտէ անոր անձնաւորութիւնը։ Անշուշտ ասիկա բացարձակ չափանիշ մը չէ, եւ այդ իսկ պատճառով կ՚ըսենք. «ընդհանրապէս», քանի որ այս մասին կրնայ սխալիլ մարդ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

«Ինթերֆաքս-Ատրպէյճան» գործակալութիւնը վերջին օրերուն հաղորդեց, որ Փարիզի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս կը դադրեցնէ ֆրանսական ընկերութիւններուն կողմէ Ատրպէյճանին պաշտպանական նշանակութիւնով արտադրանք՝ այսինքն, զէնք ու զինամթերք վաճառելու արգելքը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Միջազգային մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ սա դաշինքի կարեւոր գագաթաժողովներէն մին է։ Արդարեւ, ՆԱԹՕ ընդհանրապէս թէեւ արտաքին սպառնալիքներու վրայ կը կեդրոնանայ, սակայն ներկայ փուլին առաջնահերթ դարձած են շարք մը ներքին խնդիրներ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պրիւքսելի մէջ։ Այս տեսակցութիւնը կազմակերպուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

​Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ 13 յուլիս։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ կան շահեր՝ որ մարդս կը խաբեն, քանի որ անոնք շահու կերպարանքին տակ իսկական կորուստներ են։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս «ոչխարի կերպարանքով մարդոց մօտեցող յափշտակիչ գայլեր», (ՄԱՏԹ. Է 15), որոնցմէ բարիք եւ օգուտ կ՚ակնկալելու, բայց անոնք միայն վնաս եւ կորուստ կը պատճառեն մարդոց։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հրէական կոմիտէի միջկրօնական գործերու բաժնի տնօրէն րաբբի Տէյվիտ Շլոմօ Ռոզէնը, որ միեւնոյն ժամանակ Իսրայէլի գլխաւոր րաբբիութեան խորհրդականն է։ Հիւրին ուղեկցեցան Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ ԱՄՆ-ի Հայկական միութեան նախագահ Էնթընի Պարսամեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ի վեր Տարօն Մարգարեան դարձած էր ընդդիմադիր ուժերու թիրախը։ Երբ այդ ընդդիմադիր ուժերը արդէն եկան իշխանութեան գլուխ, իշխանութիւնը կորսնցուցած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատկանող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կացութիւնը դարձած էր բաւական դժուար։

Էջեր