Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 2, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ նպատակի մը հասնելու, յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար յարատեւ աշխատութիւն եւ մանաւանդ անյողդողդ՝ ամո՛ւր կամք պէտք է։ Արդարեւ կարեւորը շատ աշխատիլ չէ, այլ՝ յարատեւ աշխատիլն է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018

Հայաստանի մէջ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու բուժման գործը միշտ հասարակական զգայնութեան առարկայ կը մնայ։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս նոր նախաձեռնութիւն մը օրակարգի վրայ է, ինչ որ առիթ դարձած է խանդավառութեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018

Աշխատասիրեց՝
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Ելիցի մէջ յիշուած արեւելեան հովը շատ մը քննադատներու կողմէ գործածուած է որպէս բանալի «արդար» բացատրութեան, հոն նկարագրուած դէպքին։ Անոնք կ՚ըսեն, թէ արեւելեան զօրաւոր հովը (կամ թերեւս, աւելի ճիշդ՝ հիւսիս-արեւելեան հովը) կրնար չորցնել լիճի մը ջուրը եւ կամ ծովու մը ծոցին ջուրը (բայց ո՛չ Միջերկրականինը եւ ոչ ալ Սուէզի պարանոցինը), յատկապէս եթէ կլիման տաք է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոգեբաններ կ՚ըսեն, թէ հանճարի եւ խելագարութեան միջեւ շատ բարակ սահմանագիծ մը կը գտնուի. «border line»։ Բայց այս չի նշանակեր, որ բոլոր խելագարներ հանճարեղ են, եւ փոխադարձաբար՝ բոլոր հանճարեղներ՝ խելագար։ Արդարեւ, գիտուններու կողմէ՝ բազմաթիւ փորձերով հաստատուած իրողութիւն մըն է, թէ հանճարեղ մարդոց «մեծագոյն մաս»ը, պարզապէս միտքով բացառիկ մարդիկ են, որոնք ընդհանրապէս «տարօրինակ» կը ճանչցուին բնականոն պայմաններու բաղդատմամբ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018

Անթիլիասի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ամբողջացուցած է Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով ձեռնարկած դատական գործի թղթածրարը, որով դիմում պիտի կատարուի Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններուն մօտ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս հիւրընկալեց Կլենտէյլի «Էտվէնթիստ» բժշկական կեդրոնի նոր նախագահ Ալիս Ալիզային։ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, Ալիս Ալիզայիին ընկերացան իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան, որ յիշեալ առողջապահական կեդրոնի խնամակալ մարմնին կ՚անդամակցի, նաեւ Արեւմտեան թեմի թեմական խորհուրդի նախկին անդամներէն մին է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ե­րե­ւան Ան­գա­րա­յի կող­մէ ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու ազ­դակ­ներ չէ ստա­ցած։ 
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան վեր­ջերս զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով յայ­տա­րա­րեց, որ պատ­րաստ են Թուր­քիոյ հետ ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018

Հայաստանի եւ Իտալիոյ ղեկավարութիւնները պատրաստակամ են զարգացնել համագործակցութիւնը:
Նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներն ու աշխարհական հիմնական վարիչները երէկ հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը:
«Մեր երկրին մէջ դարերէ ի վեր հաստատուած զանազան կրօններէ վաղեմի հաւաքականութիւնները ազատօրէն կ՚ապրին իրենց հաւատը եւ առանց սահմանափակումներու կը կատարեն իրենց պաշտամունքը»:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան միշտ հետամուտ Սուրիոյ տագնապի յաղթահարման:
Թուրքիա կը նախատեսէ յառաջիկայ սեպտեմբերի 6-ին նոր գագաթաժողով մը կազմակերպել:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Ռուսաստանի Սոչի քաղաքին մէջ բռնկած հրդեհի մը զոհ գնաց չորս հայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սոչի քաղաքի Ատլերի շրջանի բնակարաններէն մէկուն մէջ ծագեցաւ հրդեհը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփումները՝ նպաստելով անոնց միջեւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ երկխօսութեան զարգացման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարիա Զախարովա Պաքուի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ «Սփութնիկ» գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւններու վերիվայրումները այս շրջանին դարձեալ մտահոգութեան տեղի կու տան միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ Ուաշինկթընի մէջ ձեւաւորուած ղեկավարութիւնը արդէն դժգոհութիւն յայտնած էր՝ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան շրջանին ապահովուած միջազգային համաձայնութեան առընչութեամբ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Երեւանի մէջ այս առաւօտ հանդիսաւորապէս բացուեցաւ մշակութային ժառանգութեան կեդրոն:
Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ կայուն թափով ու կարեւոր հեռանկարներով:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկուան ժողովին ընթացքին քննարկեց Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի առկայ բարդ հարցերը:
Թուրքիա բողոք յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ՝ ռազմավարական գործընկերութեան անհաւասարակշռելի վնասներ հասցնելու բերումով:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը արժանթինահայ երիտասարդներ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի յարկէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ԹՈՒՄՕ ամառնային ճամբարը ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնի հիմնական աշխատանքէն զատ գործող ծրագիր մըն է: Այն հետաքրքրական կրթական ճանապարհ մըն է, որմէ անցնող հազարաւոր պատանիներ հնարաւորութիւն ունին տեսնելու Հայաստանի ժամանակակից ու ոգեւորող կողմը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

ՅԱ­ՐՈՒԹ ՍԱ­ՍՈՒ­ՆԵԱՆ

Տասնամեակներ շարունակ թրքական կառավարութիւնը չափազանցուած պատկերացում ունեցած է հայկական սփիւռքին մասին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ համաշխարհային հսկայական ուժ: Վերջին տարիներուն Ատրպէյճան վարակուած է հայկական սփիւռքին նկատմամբ նոյն վախով:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ, Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

ՀՈԳԻՈՎ եւ ճշմարտութեամբ զԱստուած պաշտելու համար՝ մենք պարտաւոր ենք լեցուած ըլլալ զարմացումով, յարգանքով, երկիւղով, սիրով, հաւատարմութեամբ եւ հնազանդութեամբ: Պարտաւոր ենք միա՛յն Աստուծոյ կամքը մեզի ուղեցոյց ունենալ եւ Անոր անհուն մեծութեամբ սքանչանալ, որովհետեւ Աստուած Իր մէջ կը բովանդակէ իւրաքանչիւր կատարելիութիւն եւ Անոր կարողութիւնը այնչափ մեծ ու բարձր է, որ նոյնիսկ մեր երեւակայութենէն եւ միտքէն գերիվեր է:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին ա­մե­նէն նուի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է պահ­պա­նել ու­րիշ­նե­րուն ան-բըռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քը՝ հսկել, պաշտ­պա­նել զա­նոնք մարդ­կա­յին բո­վան­դակ կո­րո­վով, ու­շադ­րու­թեամբ եւ բծախնդ­րու­թեա՛մբ։
Եւ ե­րա­նի՜ ա­նոր որ իր սե­փա­կան ու­ժե­րուն ան­բա­ւա­կան ե­ղած ա­տեն ար­տա­քին ա­մէն զօ­րու­թեամբ, կա­րող կ՚ըլ­լայ իշ­խել կեան­քին «զսպա­նակ»նե­րուն, եւ կրնայ կանգ առ­նել ո՛ւր որ ի­րա­ւուն­քը բռնա­բա­րող պա­րա­գայ մը կը ներ­կա­յա­նայ։

Էջեր