Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մանուէլ Գրիգորեանի «գործ»ի բացայայտումով Հայաստանի քաղաքական կեանքը թեւակոխեց նոր փուլ մը:
Վարչապետ Փաշինեան կ՚ակնկալէ մասնակիցներու ի յայտ բերուիլը՝ անկախ անոնց կոչումներէն ու կարգավիճակէն:

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

Մինչեւ 2018-2019 շրջանի վերամուտը աշխատանք պիտի տարուի դպրոցներուն համար:
VADİP-ի հովանոցին ներքեւ աշխատաժողովներ՝ վարժարաններու միջեւ միութեան նպատակով:

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավարը Երեւան այցելութեան օրերուն բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Պարտաւոր ենք հայ մշակոյթը Թուրքիոյ մէջ պահելու»:
Կարպիս Չափքան. «Ուրախ ենք թէ՛ մեր արժանացած ընդունելութեան եւ թէ 61 հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը դարձեալ Հայաստան այցելելու եւ վերստին ելոյթ ունենալու առիթով»:

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վստահութիւնը մարդկային փոխյարաբերական կեանքին ամենէն էական եւ յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է, որու բացակայութեան պարագային այնքա՜ն կը շատնան հակառակութիւններն ու դժուարութիւնները: Մարդը, տրամաբանող էակ ըլլալով, միշտ կարիքը ունի իր կողքին ունենալու վստահելի անձ մը, կամ ինչու չէ անձեր, որոնց հետ կիսուելով, բաժնեկցելով իր յուզումներն ու մտորումները, կը փորձէ իր կեանքին ղեկը առաջնորդել դէպի բարին եւ դէպի ընկերայինը:

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոգեգալուստէն ետք 5-րդ Կիրակին տօն է Սրբուհւոյ Աստուածածնի տուփին գիւտին։ Տօնը այս տարի կը հանդիպի 24 Յունիս Կիրակի օրուան։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018

ԵԱՀԿ-ի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր տարածքաշրջանային այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, կազմակերպութեան անդամ երկիրներէ 25-ին մշտական ներկայացուցիչները կ՚ուղեւորուին դէպի Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018

Յունաստան եւ Մակեդոնիա երէկ ստորագրեցին պատմական համաձայնագիր մը, որ եկաւ վերջ դնել այս երկու երկիրներու միջեւ անունի վերաբերեալ տարակարծութիւններու։ Այսպէսով 27 տարուան տագնապ մը ունեցաւ դրական լուծում։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի արմատական փոփոխութիւններու մթնոլորտին մէջ՝ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել երկրի օրակարգը։ Շաբաթավերջին Էջմիածին քաղաքին մէջ տեղի ունեցան մեծ խռովութիւններ։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-
Պոլ­սա­հայ մշա­կու­թա­յին կեան­քին տե­սա­կէ­տէ շատ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թեան մը վե­րա­ծուե­ցաւ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի դէ­պի Հա­յաս­տան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

«Հո­գե­ւո­րա­կա­նը այն սպա­սա­ւորն է Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ, որ պէտք է մնա­յուն խո­նար­հու­թեամբ իր ան­ձը դարձ­նէ նո­րին հրա­ւի­րող աղ­բիւ­րը» (Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան)։
­Հո­գե­ւո­րա­կա­նը Ե­կե­ղեց­ւոյ դես­պանն է, իսկ Ե­կե­ղե­ցին քրիս­տո­նէու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րող եւ իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­տա­ցեա­լի շնչա­ւո­րեալ եւ գոր­ծա­րա­նա­ւո­րեալ ար­տա­յայ­տու­թիւն տուող նուի­րա­գոր­ծուած հաս­տա­տու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018

ԳՐԻԳՈՐ ՔԷՕՍԷԵԱՆ

Անհրաժեշտ հատոր մը, արդարութիւն ընելու համար տաղանդաւոր երգիծանկարիչի մը, որ կէս դար տիրական - թերեւս լաւ է ըսել՝ Տիրանակա՛ն - ներկայութիւն մըն էր լիբանանեան ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ։ Փայլուն դէմք մը, որ լոյսի կը բերէր երկրին եւ մարդոց ստուերոտ երեսները, իր այնքան ինքնուրոյն մօտեցումով։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Պերճ Սեդրակեան անդրադարձան Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն:

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Ֆուլլեր տնաշինական կեդրոն» բարեգործական կազմակերպութեան միջազգային կամաւորները։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց հիւրերու աստուածահաճոյ առաքելութիւնը, որու շնորհիւ օգտակարութիւն կը ցուցաբերուի կարիքաւոր բազում ընտանիքներուն։

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետին մամլոյ ասուլիսը. «Մենք զերծ պէտք է մնանք քաղաքական գործընթացներու բառապաշարը եկեղեցական կեանք ներմուծելէ»:
Տ. Արշակ Եպիսկոպոս Խաչատրեան. «Մարդը, որ ատելութիւն կը սերմանէ, իրաւունք չունի խաչի անունով հանդէս գալ։ Խաչը չի կրնար պախարակումի, մեղադրանքի խորհրդանշան հանդիսանալ։ Ես վստահ եմ, թէ մեր հանրութիւնը ունի այն առողջ գիտակցութիւնը, որ եթէ մենք կ՚ուզենք բան մը փոխել, ապա այդ բանը կ՚ընենք նոյնինքն մենք»:

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ այցելեց Երեւանի Պարարուեստի պետական գոլէճը, որու սաները փայլուն ելոյթով մը հանդէս եկան իրեն ի պատիւ։ Պատանի եւ երիտասարդ արուեստագէտներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ շատ կը սիրէ պարն ու երաժշտութիւնը եւ հայկական մշակոյթի մէջ մեծ կարեւորութիւն կու տայ պարարուեստին։

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Ստեփանակերտէն արձագանգ. «Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծէն ետ չի քաշեր տակաւին անցեալ ապրիլին կուտակուած մեծ քանակութեամբ ստորաբաժանումները»:

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» հա­մոյ­թը ար­դէն Ե­րե­ւա­նի մէջ է։ Գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կարպիս Չափքան եւ իր ընկերակիցները այս ա­ռա­ւօտ ըն­դու­նուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի փոխ-նա­խա­րար Դաւիթ Սարգսեանի կող­մէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018

Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտները հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Այս առթիւ կազմակերպուած երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Էսաեանի 8-րդ դասարանէն այս տարի 13 աշակերտ վկայուեցաւ։

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ԳՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդ արարածը իր կեանքը ապրելու տարբեր ձեւեր եւ տարբեր ընտրութիւններ ունի: Մարդ արարածին ազատ կարելիութիւններ տրուած է, որպէսզի ան իր կեանքը կարգաւորէ եւ դասաւորէ:

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոգեգալուստէ ետք 4-րդ Կիրակի օրուան, որ այս տարի կը հանդիպի 17 Յունիսի, Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանը՝ (ՄԱՏԹ. ԺԲ 38-45) կը խօսի, Յիսուսի տուած պատասխանին վրայ, երբ իրմէ հրաշք մը խնդրողներուն կու տայ Յովնան մարգարէի օրինակը։

Էջեր