Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Այսօր Պրիւքսելի մէջ կը սկսի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ կատարուած վերջին բացայայտումներուն հիման վրայ յայտնաբերուած տուեալները կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի օրակարգը։ Երէկ, խորհրդարանը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին տեղի ունեցած քուէարկութեան հիման վրայ երեսփոխան Մանուէլ Գրիգորեան զրկուեցաւ անձեռնմխելիութենէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու 22-ին մշտական ներկայացուցիչները այցելութիւն մը տուին Երեւան:
Լաքանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներուն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Յայտնի պատմաբանը Երեւանի մէջ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ հայկական հարցին շուրջ:
Թանէր Աքչամ. «Հայաստան լծակներ պէտք է ունենայ Թուրքիոյ վրայ ազդելու համար, իսկ սփիւռքը ուժեղ չէ»:

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի ուսուցիչները։ Խումբը գլխաւորեց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Տ. Նորայր Վրդ. Գազազեան, որ այս վարժարանի տեսուչն է։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Աշխատասիրեց՝  
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

- Ս. Ըն­ծա­յին մա­տուց­ման ըն­թաց­քին պա­տա­րա­գի­չը բարձ­րա­ձայն ի՞նչ կ՚ար­տա­սա­նէ, իսկ դպիր­նե­րը այդ մի­ջո­ցին ի՞նչ կ՚եր­գեն։
- Ս. Ըն­ծա­յին մա­տուց­ման ըն­թաց­քին, պա­տա­րա­գի­չը Սկի­հին վրայ ձեռ­քե­րը կա­մա­րա­ձեւ ը­րած ծա­ծուկ ա­ղօթ­քով կը յի­շէ Քրիս­տո­սի մար­դե­ղու­թիւ­նը եւ մեր մէջ բնա­կու­թիւ­նը, ա­տով իսկ եր­կի­րը եր­կին­քի վե­րա­ծե­լը, ո­րով­հե­տեւ «մեր փրկու­թեան հա­մար մար­դա­նա­լով՝ երկ­նա­յին­նե­րու հո­գե­ղէն խում­բե­րուն միա­խառ­նուե­լու շնորհ­քը տուաւ մե­զի»։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ՝ որպէս բնութեան մէկ մասը, տեւական բարեփոխման ենթակայ է։ Եւ որովհետեւ մարդ միայն «մարմին»է չէ կազմուած, այլ ունի նաեւ հոգի եւ միտք, ուրեմն իր բարեփոխութիւնը կը կատարուի թէ՛ մարմնով, թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ միտքով, եւ այս երեք արժէքներու միանգամայն բարեփոխութեամբն է որ մարդ կը կատարելագործուի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 182-րդ տարեդարձին առթիւ։ Հակառակ կատարուած յայտարարութեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան առողջական պատճառներով չկրցաւ հանդիսապետել արարողութիւններուն։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս այցելեց Կրետէ կղզի, Յունաստան։ Յառաջիկայ տարի պիտի նշուի տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը։

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

Անասուններու իրաւունքներու նկատմամբ զգայնութիւնը հետզհետէ աւելի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ հասարակական գետնի վրայ։ Վերջին օրերուն Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ներս տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններն ալ այս խնդիրը դարձուցին հրատապ։

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս կ՚իրականացնէ արտասահմանեան շրջագայութիւն մը։ Ան ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, եւրոպացի խորհրդարանականները հիւրընկալուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կեանքի կը կոչուի:
Թուրք զինեալ ուժերը սկսած են անկախ հերթապահութիւն կատարել քաղաքի շրջակայքին՝ ըստ ճանապարհային քարտէսին:

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մանուէլ Գրիգորեանի «գործ»ի բացայայտումով Հայաստանի քաղաքական կեանքը թեւակոխեց նոր փուլ մը:
Վարչապետ Փաշինեան կ՚ակնկալէ մասնակիցներու ի յայտ բերուիլը՝ անկախ անոնց կոչումներէն ու կարգավիճակէն:

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

Մինչեւ 2018-2019 շրջանի վերամուտը աշխատանք պիտի տարուի դպրոցներուն համար:
VADİP-ի հովանոցին ներքեւ աշխատաժողովներ՝ վարժարաններու միջեւ միութեան նպատակով:

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավարը Երեւան այցելութեան օրերուն բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Պարտաւոր ենք հայ մշակոյթը Թուրքիոյ մէջ պահելու»:
Կարպիս Չափքան. «Ուրախ ենք թէ՛ մեր արժանացած ընդունելութեան եւ թէ 61 հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը դարձեալ Հայաստան այցելելու եւ վերստին ելոյթ ունենալու առիթով»:

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վստահութիւնը մարդկային փոխյարաբերական կեանքին ամենէն էական եւ յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է, որու բացակայութեան պարագային այնքա՜ն կը շատնան հակառակութիւններն ու դժուարութիւնները: Մարդը, տրամաբանող էակ ըլլալով, միշտ կարիքը ունի իր կողքին ունենալու վստահելի անձ մը, կամ ինչու չէ անձեր, որոնց հետ կիսուելով, բաժնեկցելով իր յուզումներն ու մտորումները, կը փորձէ իր կեանքին ղեկը առաջնորդել դէպի բարին եւ դէպի ընկերայինը:

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոգեգալուստէն ետք 5-րդ Կիրակին տօն է Սրբուհւոյ Աստուածածնի տուփին գիւտին։ Տօնը այս տարի կը հանդիպի 24 Յունիս Կիրակի օրուան։

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու CHP-ի կողմէ Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզը։ Ան քաղաքիս Բ. ընտրաշրջանէն կը ներկայանայ երեսփոխանի թեկնածու՝ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն համար։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-
Պոլ­սա­հայ մշա­կու­թա­յին կեան­քին տե­սա­կէ­տէ շատ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թեան մը վե­րա­ծուե­ցաւ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի դէ­պի Հա­յաս­տան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին։

Էջեր