Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Նոր կիրակիի արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեանի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Պուշ-տիւ-Ռոն տեփարթմանի խորհուրդի նախագահ Մարթին Վասալի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ինչպէս Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող շրջանը Եկեղեցին պահեցողութեան եւ ապաշխարութեան շրջան մը կ՚անցընէ, որ ծանօթ է Մեծ պահք կամ Քառասնորդացի պահեցողութիւն անուանումով, այդպէս ալ, Սուրբ Յարութեան յաջորդողը ուրախութեան եւ ցնծութեան շրջան է, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Փեսան՝ Տէր Յիսուս հրաշափառապէս Յարութիւն առաւ, մահուամբ մահը կոխելով եւ Իր յարութեամբ մարդոց կեանք պարգեւելով:

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ճակատագրապաշտութիւն», «fatalisme» կը նշանակէ՝ անհատներու կեանքի ճշդորոշում՝ նախքան ծնունդը, յղութեան օրէն սկսեալ՝ նախասահմանուած՝ որոշադրուած, որ է՝ «déterminisme»։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Խրիմեան Հայրիկ «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը կը սկսի խօսելով պսակադրութեան Սուրբ Խորհուրդին մասին. հակառակ իր փիլիսոփայական խառնուածքին, Խրիմեան Հայրիկ պսակի խորհուրդը կը բացատրէ շատ պարզ ու հասկնալի լեզուով մը՝ մանուկներու համար գրուած հեքիաթի մը նմանութեամբ՝ առանց մտնելու Աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական բացատրութիւններու մէջ:

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծնած է 1869-ին Իզմիտի (Նիկոմեդիա) Ասլանպէկ գիւղին մէջ: Աւազանի անունով Արտաշէս: Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, փոքր հասակէն յարած է ֆետայական շարժումնին, յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան միջոցով:

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

Ատրպէյճանի բանակը երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Հայաստանի սահմաններուն վրայ հերթական յարձակումը գործեց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժամը 15.05-ին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղը ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու յարձակման։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

Երեւանին յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերուի առկայ ռիսքերու մեղմացման նպատակով:
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եռակողմանի յայտարարութիւն Պրիւքսէլի մէջ:

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

Յայտնի դերասան Ժերար Տեփարտիէօ վերջերս հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է. «Կը խոստովանիմ, որ ինծի համար դժուար է այս դարուն ապրիլ»։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի այնքան համակրելի երիտասարդներէն Սեւան-Անէթ Մեծատուրեան ամոլը բախտաւորուած է դուստրով մը, որ կոչուած է՝
ԼԻՆՏԱ
Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին երկու օրերուն արժանացաւ մարզասէրներու ուշադրութեան։ Համայնքային տասնմէկ վարժարաններու մասնակցութեամբ, այս տարի դարձեալ կազմակերպուեցաւ հոգելոյս Ալեքսան Տատեանի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը, որ ութերորդն էր իր տեսակին մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Մոնս. Մասսիլմիլիանօ Փալինուրոն, որ Պատրիարքարան փութացած էր՝ Ս. Զատկի շնորհաւորութեան համար:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

Այսօր Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը։ Եռակողմանի այս ժամադրութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնէ օրակարգը՝ մինչ շահագրգիռ կողմերը կը բարձրաձայնեն իրենց մտադրութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն մասին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

Ռուսօ կ՚ըսէ, որ կեանքին իմաստը ոչ թէ յաջողութեան, այլ ազատութեան մէջ է. «Անոնք, որոնք միայն յաջողութեան համար կ՚ապրին, ստրուկի ոգի ունին ու չեն կրնար ազատ ըլլալ»։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Իզապէլ Տիւմոնը։
Բարձրաստիճան դիւանագէտի քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արդէն երկու տարի է, որ Հրայրը մեկնած է այս աշխարհէն: Ճիշդ է, որ ան ֆիզիքապէս բաժնուած է մեզմէ, սակայն բոլոր անոնք որոնք կրցած էին Հրայրի մտերմութիւնը շահիլ, ճանչցած էին զինք, առիթ ունեցած էին մօտիկէն զրուցելու, կամ գէթ համացանցի վրայ միտքեր փոխանակելու եւ կամ հետեւելու իր «համով-հոտով» գրութիւններուն, վստահ եմ, որ անոնց միտքերուն, սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ Հրայրը տակաւին ողջ է եւ ողջ ալ պիտի մնայ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տանըլտ Թրամփ բաց աչքերով կը հետեւի Կազզէի պատերազմին ու կը ձգտի օգտուիլ ժամանակի սլաքներէն:
Միջին Արեւելքի պարագային ԱՄՆ-ի ձախողած քաղաքականութիւնը կ՚ազդէ նախագահական ընտրութեան հաշուարկներուն վրայ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Այն պահուն, երբ մարդիկ համաճարակներու, պատերազմներու եւ տնտեսական ծանր տագնապներով մթնոլորտին մէջ երջանկութիւն կ՚երազեն, հրապարակուեցաւ երջանկութեան համաշխարհային զեկոյցը, ուր երիտասարդութեան կեանքին մասին ահազանգ կայ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդիկ իրենց շրջապատին հետ հաղորդակցելու համար կ՚օգտագործեն շարք մը խորհրդանշաններ, որոնք կ՚անուանենք լեզու: Մինչ մարդիկ կը շփուին լեզուով, միւս կենդանի էակները ունին հաղորդակցութեան աւելի պարզ միջոցներ:

Էջեր