Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է օգտուի պատմական հնարաւորութենէն ու պատասխանէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հնչեցուած խաղաղութեան կոչերուն։ Հրադադարի առաջին տարուան համար Ատրպէյճան այցելութեան մեկնած Հուլուսի Աքար իր յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին, որու բացման հետամուտ են Պաքուն եւ Անգարան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը հերթական անգամ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպեռեանի գործերէն մին։ Պոլսահայ արդի գրականութեան վրայ հետք թողած անուններէն մին է Զաւէն Պիպեռեան, որու գրական ժառանգութիւնը նորովի կ՚արժեւորուի այս նոր գիրքով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 83-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ ան կը վերյիշուի մասնաւոր արարողութիւններով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս 50-ամեակ:
Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի ի պատիւ մեծարանքի հանդիսութիւն՝ Չելթընհեմի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը վերջերս լոյս ընծայեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» անմահական երկի արեւմտահայերէնը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու նախաձեռնութեամբ, «Մատեան ողբերգութեան. ընտրանի» խորագրեալ գիրքը տպագրութեան պատրաստուած է Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուի վերանորոգութեան կարեւոր ծրագիր մը։ Այսպէս, խօսքը կը վերաբերի Կէօթինկէնի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, որ ներկայիս վերանորոգութեան տակ առնուած է։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը՝ հրադադարի առաջին տարելիցին:
Երեւան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական լուծումը հնարաւոր կը համարէ միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տարի մը առաջ ստորագրուեցաւ հայոց պատմութեան ամենածանր պետական-իրաւական փաստաթուղթերէն մին, որով վերջ գտաւ Արցախի երկրորդ՝ 44-օրեայ պատերազմը։ Ծանր պարտութեան տակ ընկճուած է ամբողջ հայութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Սկիզբին միաբերան արտասանուած «Հայր մեր»էն վերջ ժողովականները աղօթեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հայորդիներու եւ նորոգ հանգուցեալ Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեանի հոգիներու հանգստութեան համար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Գարայեանը, որ նախկին պոլսահայ մըն է։ Հայր սուրբը տխուր առիթով մը կ՚այցելէ քաղաքս՝ իր եղբօր յուղարկաւորութեան առթիւ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տեսանելի է: Ուրախ չենք, որովհետեւ... անէ՛ծք չար սատանային... ազգովին տխուր ենք:
Նախապէս ամէն առիթներով այս մասին խօսած եւ արտայայտած եմ: Բացառութիւններու մասին չէ խօսքս: 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հիմա կը ցուցնէ հաւատքին պտուղը՝ ըսելով.
Խօսք. «Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ» (Յհ 12.46):

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եւրոպացի հայագէտներուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի ֆրանսացի գիտնական եւ հայագէտ Ֆրետերիք Մաքլէր, որ հայ ժողովուրդին նուիրուած իր յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով անգնահատելի ծառայութիւն մատուցած է հայագիտութեան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 63 տարիներ առաջ՝ 1958 թուականին 18 ամեայ երիտասարդներ կը հիմնեն միութիւն մը, որուն հիմնական նպատակը կ՚ըլլայ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակումը, անոնց յիշատակին յուշարձանի մը կանգնումը, Արցախի եւ Նախիջեւանի վերադարձումը եւ ամենէ՛ն կարեւորը՝ Հայ լեզուի անաղարտ պահպանումը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին զուգադիպած խօսակցութեան ընթացքին նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը՝ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ։ Երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժին՝ «Հայաստան» դաշինքին կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքին զուգահեռ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021

Ատրպէյճանի մէջ երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ղարաբաղի յաղթանակի առաջին տարեդարձը։ Համատարած տօնախմբութեան մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ ամէն ինչ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին Քէօլնի մէջ կազմակերպուեցաւ համերգ մը՝ հայ երաժշտութեան մեծանուն երախտաւորներէն Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Donforum» հանդիսասրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդականի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 4-րդ «Լսարանական երեկոյ»ն տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ երկլեզու դասախօսութիւն մըն էր այս մէկը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021

Խոր ցաւով վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը սգայ իր մօր՝ Նորա Վահանի Սարգսեանի կորուստը։ Երէկ, Նորա Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ մահկանացուն կնքած է 92 տարեկան հասակին։

Էջեր