Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնը նշուեցաւ խանդավառ մթնոլորտով։ Բոլոր դասարաններու սաները ելոյթներով հանդէս եկան՝ իրենց մակարդակին համապատասխան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Գալֆաեան Տան մէջ երէկ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ կազմակերպուած էր Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ հայ մշակոյթի ամսուան շարժառիթով։ Այս ձեռնարկին վերաբերեալ հաղորդումներուն մէջ նշուած է, որ հայր սուրբը վարժարանի հոգեւոր խորհրդատուն է եւ դասախօսութիւնով մը հանդէս եկած է ուսուցչական կազմին համար՝ անդրադառնալով Ս. Թարգմանչաց շարժման կարեւորութեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կը շարունակէ զօրակցութեան առարկայ դարձնել մեր համայնքի համեստ խաւերը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ամերիկաբնակ յայտնի մտաւորական, գրող, խմբագիր, հասարակական գործիչ, Երուանդ Ազատեան, այս օրերուն, հերթական անգամ Հայաստան կը գտնուէր՝ նախ «Վահան Թէքէեան» ամէնամեայ միջազգային մրցանակաբաշխութեան համար, որ այս տարի տեղի ունեցաւ 27-րդ անգամ՝ արժեւորելով եւ պարգեւատրելով մշակոյթի, գիտութեան, լրագրութեան, արուեստի կարգ մը բնագաւառներու հայ լաւագոյնները:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամէն առիթով եւ համեստաբար յիշած եմ, թէ հայ գիրքի մը նոր ներկայութիւնը, կամ ծնունդը, զիս միշտ վերապրեցուցած է: Թէ՛ գրողն ու իր գրիչը եւ թէ՛ իր նորատիպ հատորը, միշտ խանդավառութեամբ եւ ջերմ գնահատանքով դիմաւորած եմ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ասկէ ետք կը ճառէ հրեաներու անհաւատութիւնն ու խստութիւնը.
Խօսք. «Բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր անոնց դիմաց» (Յհ 12.37):

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ներկայիս կը հանդիպինք բազմաթիւ ծնողներու, որոնք իրենց մանուկը «հանդարտեցնելու» եւ որոշ չափով իրենք եւս հանգստանալու համար մանուկները կը նստեցնեն մանկական ժապաւէններու (cartoon) դիմաց. այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մայրեր մտածեն, որ այդ մէկը պարզապէս ժամանց մըն է մանուկին համար՝ առանց անդրադառնալու, որ այդ ժապաւէնը իր դերն ու մասը ունի մանուկի հոգեբանական զարգացման մէջ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Պատմաբան Սեւան Նշանեան Յունաստանի կողմէ անբաղձալի անձ հռչակուեցաւ։ 2017 թուականին, Ֆոչայի բաց կալանավայրէն խոյս տալով ան ապաստանած էր Եգէականի Սամոս կղզին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

«Արմէնփրէս» գործակալութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան եւ համալսարանի վերատեսուչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յովհաննէս Յովհաննիսեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան՝ իր պաշտօնակցին՝ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ սա դէպի Ատրպէյճան Էրտողանի հերթական այցելութիւններէն մին է, որու ծրագիրը չ՚ընդգրկեր մայրաքաղաք Պաքուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

«Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ը շաբաթավերջին երրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ Դիլիջանի մէջ:
Կեդրոնական դրամատան նախագահ Գալստեան. «Հայաստան կրնայ տուն մը դառնալ բազմաթիւ նորարարութիւններու համար»:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Հայաստանի Ազգային ժողովը փակ նիստով մը պիտի քննարկէ Ատրպէյճանի հետ սահմանի առկայ վիճակը:
Ըստ որոշ հաղորդումներու, Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ նոր գագաթաժողով մը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը այս օրերուն հովուապետական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուղեւորութեան ծրագրի առանցքային փուլերը նախատեսուած են Ուաշինկթընի մէջ, ուր Յունաց Պատրիարքը ժամադրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, Թուրքիոյ եւ Յունաստանի դեսպաններուն եւ այլ յառաջատար դէմքերու հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ նորոգ հանգուցեալ պետական գործիչ ու մտաւորական Վանօ Սիրադեղեանի ընտանիքին։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վանօ Սիրադեղեանի մահուան զուգահեռ Նիկոլ Փաշինեան բարոյական զօրակցութիւն յայտնած է անոր ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ 81-ամեայ պատրիարքը ուղեւորութեան ընթացքին անհանգստանալով Ուաշինկթընի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը արեւմտահայ մշակոյթի յարատեւման ու խրախուսման տեսլականով նոր ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած է։ Կը հաղորդուի, որ այս նոր նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի ներքին ու հարազատ կապը, քաջալերելու համար արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021

Հայաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ ապաշրջափակումը կրնայ որակապէս փոխել երկրի տնտեսական կառուցուածքը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ շնորհաւորականներ:
Կաթողիկէ հայոց նորընտիր պատրիարքը Պէյրութի մէջ երէկ պաշտօնական արարողութիւնով կոչուեցաւ առաքելութեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընակալեց Ասորի եկեղեցւոյ Հոլանտայի առաջնորդ ու պատրիարքական փոխանորդ Փոլիքարփուս Այտըն Մետրապոլիտը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ինչքա՜ն չարաշահեցինք այս բառը, ինչքա՛ն տեղի-անտեղի գործածեցինք, ինչպէ՛ս այսքան շռայլ գտնուեցանք այս բառին հանդէպ ու յետոյ ալ ինչո՛ւ այսքան սպառեցինք։

Էջեր