Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարիներ առաջ ողորմած մեծ մայրս Հայաստան բերինք՝ որպէսզի Հայրենիքի մէջ մեր հետ ապրի: Սկիզբները չուզեց. «ես այս տարիքէս ետք նոր լեզու չեմ սորվիր» ըսաւ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ յիշատակութիւն մը։ Այսպէս, երէկ կղզիի բարձունքին Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021

Գրող Լետա Պոյաճըի գիրքերը կը շարունակեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ան ցայսօր հեղինակած երկու գործերով արդէն ունի համակիրներու անանտեսելի շրջանակ մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021

Ոսկերիչ եւ ադամանդագործ վարպետները վերջին օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցան «Istanbul Jewelry Show»ին, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 50-րդ անգամ։ Մեր համայնքէն ալ բազմաթիւ արհեստաւոր վարպետներ ներգրաւուած էին այս մեծ ցուցադրութեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աստուծոյ գոյութիւնը հարցականի տակ դնող անհաւատի տրամադրութեամբ, կոյրի մը յուսահատ խարխափումով ազգովի կը փորձենք քաշկռտելով կանգուն պահել մեր դաւանած բոլոր այն ճշմարտութիւններն ու գաղափարականները, որոնք մեզի համար մի՛շտ ալ մնացած են ու կը շարունակեն մնալ լոկ անրջական սկզբունք:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021

Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հոկտեմբեր ամիսը Մշակոյթի ամիս է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ եւ բազմերախտ հայրապետներէն՝ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց զայն Կոնդակով մըն ալ այդպիսի յայտարարած է, եւ իր գրութիւններէն մէկուն մէջ՝ «ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ» խորագիրը կրող, հետեւեալը արձանագրած է. «...ՀԱՍԿ-ի Յուլիս-Օգոստոս միացեալ համարի մէջ հրատարակուեցաւ Մեր Կոնդակը, որի մէջ պարզուած էր Հոկտեմբերը մշակոյթի պանծացման ամիս դարձնելու կարգադրութիւնը…:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021

Վաղը համայնքային շրջանակները ժամադրուած են Գումգաբուի մէջ։ Թաղի Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տեղի կ՚ունենայ աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Դպրոցի պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով հերթական անգամ կը կատարուի հանգանակութիւն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ սփիւռքահայերուն համար, մանաւանդ անոնց, որոնք հայութեան օրակարգով կ՚ապրին ու կը շնչեն, Հայաստանի բարօրութիւնը կը շարունակէ մնալ առաջնային։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021

Լուտվիկ վան Պեթհովենի 10-րդ սիմֆոնին աւարտին հասած է հանճարեղ յօրինողի մահէն 194 տարի վերջ։ «Daily Mail»ի հաղորդմամբ՝ ստեղծագործութիւնը աւարտին հասցուած է արհեստական բանականութեան օգնութեամբ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021

«Բարիդրացիութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն, ասոնք շատ լաւ խօսքեր են։ Ի՞նչ կը նշանակէ «դրական ազդակ»՝ Անգարայի տեսանկիւնէն եւ Երեւանի տեսանկիւնէն։ Չեմ կարծեր, թէ այդ տեսանկիւնները այսօր ստեղծուած իրավիճակին կը համընկնին։ Լաւ է, որ խաղաղութեան մասին կը խօսուի, լաւ է, որ բանակցային գործընթացի մը սկսելու ակնարկներ կան, սակայն, պէտք է զգոյշ վերաբերիլ։ Խաղաղութիւնը միշտ ողջունելի բան է, բայց պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ գին կը վճարես անոր համար»:
Դեսպան Դաւիթ Յովհաննիսեան. «Թուրքիոյ համար երրորդական նշանակութիւն ունին Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Հայ-թրքական յարաբարութիւնները Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւններ են։ Թուրքիոյ կողմէ դրական ազդակներ կ՚ըլլան, եթէ Հայաստան համաձայն գտնուի միջանցքին: Դրական ազդակներ կ՚ըլլան, եթէ Հայաստան ընդունի Ատրպէյճանի առաջարկած խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը: Արդեօք Հայաստան կրնա՞յ համաձայնիլ այդ բանին: Արդեօք այն ուժերը, որոնք շահագրգռուած են տարածքաշրջանի իրավիճակով, կրնա՞ն համաձայնիլ, որ նման պայմաններու համաձայնի Հայաստան: Պատերազմին ո՛վ ինչի հասաւ, Թուրքիա իսկապէս շահած է»:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-

Աւարտելով իր քառօրեայ ուղեւորութեան ծրագիրը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէսօրուան ժամերուն հրաժեշտ առաւ Հռոմէն, ուր ունեցած շփումներուն ընթացքին իրեն ընկերացած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այցելութեան վերջին օրը Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ աւարտեց դէպի Հռոմ իր ուղեւորութեան ծրագիրը։ Օդակայան մեկնելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021

Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին յաջորդած իրադրութեան մէջ տարածքաշրջանի դերակատարներուն միջեւ խտացեալ շփումները կը շարունակուին։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ամբողջ կշիռը ի գործ կը դնէ՝ միջազգային հաւաքականութեան եւ համաքրիստոնէական ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար՝ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ դիմագրաւուած ծանր մարտահրաւէրներուն վրայ, գերիներու ազատ արձակումով հանդերձ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ հայրապետը ծաւալուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հռոմի «Լա Նուվոլա» համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ, Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած «Ժողովուրդները՝ որպէս եղբայր, ապագայ երկրագունդը. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» հաւաքի շրջանակներէն ներս:
«Աշխարհի վրայ շատեր ամէն օր կ՚ենթարկուին տիրապետելու մոլուցքէն, անարդարութենէ ծագած բռնութեան զանազան դրսեւորումներու, որոնք կը ստեղծեն՝ ատելութեան ծնունդ տուող հոգեւոր ամայութիւն»:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-

«Մենք կու գանք երկրէ մը, ուր Ամենակալի նախախնամութեան ձեռքով պատմութեան ընթացքին ամէն քարի տակ ու աւազահատիկի մէջ խտացած է քրիստոնէական վկայութիւնը»:
Համաքրիստոնէական քարոզիչ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սրբազան Պապին եւ Տիեզերական Պատրիարքին հետ նախագահեց էքիւմենիք արարողութեան, որու ընթացքին խօսք ուղղեց հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Գիրքէն մէջբերումներ ըրաւ հայերէնով:
Հռոմի պատմական «Քոլոսէում»ին շուրջ Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կսղմէ կազմակերպուած միջեկեղեցական աղօթքին եւ յաջորդած միջկրօնական հաւաքին ներկայ էր նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել: Արձակման փուլին հոգեւոր պետերը սիրոյ ողջոյն փոխանցեցին մանուկներու հետ:
«Խաչի ճանապարհով անցնելու տէրունաւանդ փորձառութեան վրայ խարսխուած է խաղաղութիւնը, որ Աստուծոյ հետ հաշտութիւնն է՝ հաճութեան եւ համերաշխութեան մարդկային կեանքի մէջ հաստատումով»:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021

ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Տարիներիներ առաջ, կարծրասիրտ զինուորներ գրաւեցին գետառատ եւ դաշտառատ երկիր մը, որ ծածկուած էր կանաչ ծառերով. զինուորներուն բռնակալ հրամանատարը դարձաւ այդ երկրին թագաւորը: Ոչ մէկ արարած կը համարձակէր անոր հրահանգներէն մէկուն չհնազանդիլ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարիներ շարունակ մամուլի էջերուն մէջ գրեցինք եւ կարդացինք սփիւռքի մէջ գոյատեւել փորձող հայկական դպրոցներու ճակատագրական վիճակին մասին, անոնց գոյութիւնը կենսական ու կարեւոր նկատելով ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան սրբազան առաքելութեան մէջ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021

Վատիկանի մէջ երէկ երեկոյեան հրաժեշտի ընթրիք մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Բարձրաստիճան հիւրերու յատուկ «Տոմուս Սանթա Մարթա» պաշտօնական հիւրանոցէն ներս սարքուեցաւ այս ընթրիքի սեղանը, որու շուրջ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի միջեւ երէկ առաւօտ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է հայկական դիւանագիտութեան երիցագոյն ներկայացուցիչներէն մին՝ դեսպան Վիգէն Չիտէճեան։ Հայաստանի նորագոյն անկախութեան ձեռքբերման շրջանին կարեւոր պետական պաշտօններ, բարձր պատասխանատուութիւններ ստանձնած անձնաւորութիւն մըն էր Վիգէն Չիտէճեան։

Էջեր