Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդիկ այսօր յոգնած են եւ խառնուած, մտահոգութիւնն ու խաւարը կը տիրեն անոնց վրայ՝ մեղքին ու անձնասիրութեան պատճառով: Այստեղէն ահա, լաւ խոստովանահայրերու անհրաժեշտութիւնը, որոնք փորձառութիւն ունին եւ մարդոց կը մօտենան պարզութեամբ, գործնական սիրով եւ կ՚առաջնորդեն զանոնք, որպէսզի իրենց հոգիները խաղաղին:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Օրէ օր կ՚աւելնան մեր կեանքի մէջ թիւը ժողովականներուն եւ նորաբաց ժողովներուն, որոնք այս կամ այն ձեւով հայութեան ու հայկականութեան համար բան մը ընել կը փորձեն, սակայն կայ արտասովոր երեւոյթ մը: Ժողովները կը գումարուին հայութեան համար, հայկական գաղութ մը եւ կամ կազմակերպութիւն մը աւելի առողջ ու գործունեայ ընթացքի մը մէջ դնելու համար, բայց ի՜նչ առեղծուած... հայութեան համար գումարուած ժողով մը՝ հայերէն լեզուի բացակայութեամբ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021

«Ընդդէմ մամլոյ սահմանափակումներու, յանուն խօսքի ազատութեան եւ տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքի»:
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան աշխարհը ահազանգ կը հնչեցնէ իշխանութիւններու քաղաքականութեան դէմ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ նահատակուած է հայ զինուոր մը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021

«Ատրպէյճան կը խախտէ միջազգային իրաւունքը եւ հրապարակային սադրիչ քայլեր կ՚առնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ»:
Արարատ Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւն չի տարուիր, իսկ եթէ անոնք սկսին, ապա անպայման օրակարգի վրայ պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ յստակեցուած սկզբունքներուն հիման վրայ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021

Քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ շրջանին, երբ սահմանափակումներով ու բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ ընկերամշակութային կեանքը վերստին կ՚աշխուժանայ, իր գործունէութեան թափ տուած է նաեւ «Մեր տանիք» խումբը։ Շուրջ 10 տարի առաջ կատարուած նախաձեռնութեան մը պտուղն է «Մեր տանիք» խումբը, որու հիմնադիրը կը համարուի մեր ընկերամշակութային կեանքի յայտնի դէմքերէն Սեւան Աթաօղլու։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021

Հէյպէլի կղզիի ջրային մարզաձեւերու ակումբը (HSSK) ախոյենութիւն նուաճեց Եւրոպայի մարզական նաւերու առաջնութեան շրջանակին մէջ։ Այս կարեւոր մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 23-29 օգոստոս թուականներուն, Իսթանպուլի մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021

Մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը Հայաստանի մէջ հովանաւորեցին կարեւոր ծրագիր մը, որ ի կատար կ՚ածուի ներկայիս:
Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքէն ներս վերամուտի շրջանը կը բնորոշուի՝ այժմ մշակոյթի կեդրոն դարձած նախկին պետական քոլէճի համալիրի հիմնական վերանորոգման ձեռքբերումով:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մեզի յայտնի է, որ 301 թուականին քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ որպէս պետական կրօն ընդունուեցաւ ի շնորհիւ Գրիգոր Լուսաւորիչի: Ո՞վ է Լուսաւորիչը, ուրկէ՞ եկաւ Հայաստան եւ ինչպէս յաջողեցաւ հեթանոս ժողովուրդ մը դարձնել դէպի ճշմարիտ Աստուած:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յայտնի երեւոյթ է, թէ վերջին տասնամեակներուն մի՛շտ կը խօսուի այն էական հարցին մասին, որ մեր մէջ կամաց կամաց կը սկսի նուազիլ լեզուի մշակները, գրականութեան ու ուսուցչութեան նուիրեալները:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021

2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ ամէն տարի 1 սեպտեմբերը վերամուտ է, ուստի, վերամուտի ընդառաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կրթութեան մշակներու օրհնութեան կարգ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021

Մալաթիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած արարողութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Տեղւոյն երբեմնի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին մշակոյթի կեդրոնի ձեւաչափին մէջ վերականգնուած է Մալաթիոյ գլխաւոր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նոր տնօրինութիւն մը ըրաւ՝ գաւառաբնակ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներու դիմագրաւման համար։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գաւառներու տեսուչ նշանակեց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած ամրան դասընթացներուն առընթեր, կը խրախուսուի նաեւ բնապահպանութեան շարժումը։ Այս շրջանակին մէջ, այս տարի երկրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը՝ «Մեր Գնալը կղզին կը մաքրենք» կարգախօսով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այստեղ երեք բան հարցանելի է.
Առաջին. թէ ինչո՞ւ համար Յուդային տուաւ գանձանակը, երբ գիտէր, թէ ան գող ու ագահ էր:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերլուծաբան Վահէ Պոյաճեան. «Այն տեսակէտը, թէ Թալիպան օտար տարր մըն է Աֆղանիստանի մարմնին վրայ, իրականութեան չի համապատասխաներ։ Երկրի աշխարհագրական դիրքը միջազգային ուշադրութեան առարկայ դարձած է՝ նախկին Խորհրդային Միութեան կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խաղի մէջ մտնելէն առաջ»:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Կ՚ուղեւորուինք Ուճան, Արագածոտնի մարզ: «Ծիրանի ծառ» շարժանկարներու եօթներորդ փառատօնն է, որ Ուճանի մէջ տեղի կ՚ունենայ, կը համախմբէ ֆիլմասէրներ, ամառուայ շրջանին Հայաստան գտնուող որոշ խաւի զբօսաշրջիկներ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս բարեկամի մը հետ գացինք Հայաստանի հիւսիսը գտնուող Դսեղ գիւղ, ուր ծնած եւ իր մանկութիւնը ապրած է բանաստեղծ, արձակագիր  եւ ազգային գործիչ Յովհաննէս Թումանեան:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց հեղինակաւոր իրաւաբան եւ վաստակաւոր պետական գործիչ Տարիէլ Բարսեղեան։ Երեւանի Պետական համալսարանի իրաւաբանական ֆաքիւլթէն աւարտելէ վերջ ան այնտեղ դարձած էր դասախօս եւ տարիներու ընթացքին ստանձնած էր զանազան պաշտօններ, վարելով նաեւ ամպիոններ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան գործընթացը պիտի վերսկսի յառաջիկայ ամսուայ երկրորդ կէսին։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ մայիսին վախճանած էր Հայ Կաթողիկէից Գրիգոր Պետրոս Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որու յաջորդը ընտրել հնարաւոր չէր եղած յունիսին Զմմառի մէջ տեղի ունեցած Ս. Սինոդի երկարատեւ նստաշրջանին ժամանակ։

Էջեր