Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագրով նախատեսուած է արտաքին հետազօտութեան ծառայութեան մը ստեղծուիլը: Երեւան միշտ կողմնակից ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ բանակցութիւններու վերսկսման Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Ըստ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման հարցին շուրջ հայկական կողմի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

Հայաստանի մէջ 20 օգոստոսին տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան արդիւնքի հիման վրայ ձեւաւորուած կառավարութեան վերջին անդամն ալ յայտնի դարձաւ այս առաւօտ։ Այսպէս, Արարատ Միրզոյեան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու՝ մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութեան խնդիրը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ հանդիպում «IDEF-2021»ի ծիրէն ներս:
Հուլուսի Աքար եւ Զաքիր Հասանով կանգ առին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին շրջանի առկայ իրադրութեան վրայ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս տեղի ունեցաւ տիկնանց միութիւններու կեդրոնական խորհուրդի ընդլայնուած ժողովը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի «Համբար» սրահի երդիքին տակ գումարուած նիստը գլխաւորեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ բացումին հանդէս եկաւ աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ենթարկուած է յաջող վիրահատութեան մը։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ ուշ երեկոյեան պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առողջական վիճակին շուրջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հայոց պատմութեան առաջին դասաժամէն տպաւորուած, տասնամեայ Հայկը ընթրիքէն վերջ, երբ այլեւս կը պատրաստուէր քնանալու հարցուց իր հայրիկին.
-Հայրիկ, ո՞վ է հայը:
-Հայը աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մին է: Մենք՝ հայերս, սերունդն ենք Հայկ նահապետի, զոր Քրիստոնէութիւնը ընդունած էր նախքան Տիրոջ որդիի՝ Յիսուս Քրիստոսի լոյս աշխարհ գալը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի մեր բակը ամէն ամառ Իջեւանի շրջանէն պտղավաճառ մը կու գար: Միջին տարիքով մարդ մըն էր, որ կարմիր, գունաթափ ինքնաշարժը բարձած, անտառային տեսակ-տեսակ պտուղներ կը բերէր վաճառելու՝ դոյլով մոշ, մորմենի, հաղարջ, վայրի տանձ, ընկոյզ, մասուր, դեղձ, մամուխ, երբեմն՝ խաղող եւ պզտիկ պարկերով խոտաբոյսեր, որոնցմով թէյ եւ առողջարար եփուկներ կը պատրաստեն:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

- Եառոնտա, երբեմն խոստովանելու կարիք չեմ զգար: Ի՞նչն է պատճառը:
-Կրնայ ըլլալ, որ դուն քեզի չես հետեւիր: Խոստովանութիւնը խորհուրդ մըն է:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ես ըսեմ տա՛սն... դուն ըսէ՛ հարի՜ւր...
Ես ըսեմ հարի՛ւր... դուն ըսէ՛ հազա՜ր...
Եւ զարմանալի չէ՛ որ հազարը դառնայ հարի՜ւր հազարներ. գուցէ հիմա, այս յօդուածը կարդացած պահուդ արդէն աշխարհի վրայ նուազագոյնը 10-20 ժողովներ տեղի կ՚ունենան հայկական գաղութներուն մէջ, որովհետեւ մեր մէջ բոյն դրած է ժողով գումարելու ախտը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը բոլորին կոչ ուղղեց, որպէսզի անպայման պատուաստուին քորոնաժահրի դէմ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սրբազան Քահանայապետը մարդկութեան ուղղեալ կոչին մէջ շեշտեց, որ միայն պատուաստումը վերջ կրնայ տալ համաճարակին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ փակ քննարկում մը տեղի ունեցաւ երկրի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն վրայ ստեղծուած առկայ իրավիճակին շուրջ։ Այս քննարկումներուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց, որպէսզի բեռնափոխադրումներով զբաղող ռուսական ընկերութիւնները ուշադրութեան առարկայ դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի տարանցիկ ներուժը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ ռուս նախարարը մէկտեղուած է այդ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեան վերջերս Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց «Արմէնփրէս»ի սրահի երդիքին տակ։ Այս առթիւ ան բացատրութիւններ տուաւ ընթացիկ տարուայ առաջին եօթ ամիսներու տուեալներու լոյսին տակ Հայաստանի լեզուի մասին օրէնքի խախտումներուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս այս առաւօտ դռնփակ նիստ մը տեղի ունեցաւ՝ երկրի սահմաններուն վրայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը այս շրջանին հետզհետէ կ՚աճի՝ խլելով նաեւ զոհեր։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան երէկ այցելեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տեմիրճան աւելի առաջ երկար տարիներ Պէյօղլուի քաղաքապետի պաշտօնը վարած էր։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

«Նահանջի տեղ չունինք: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը անխախտելի է: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ մեր տարածքէն նոյնիսկ մէկ սանթիմ զիջինք: Եկէ՛ք, խօսինք մեր սահմանները պահելու, ուժեղացնելու մասին: Ես չեմ ըսեր, թէ մենք պէտք է պատերազմ հրահրենք: Հազարումէկ եղանակներ կան այդ հարցերը լուծելու եւ կարգաւորելու համար: Բայց այդ մէկը ընելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել մեր անվտանգութեան համակարգը, որ վերջին պատերազմէն ետք ամբողջութեամբ քանդուած է»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորն են զինեալ ուժերը, որոնք կը գտնուին ոչ-բարւոք վիճակի մէջ: Բայց 8-9 ամիս է, որ արդէն աւարտած է պատերազմը: Հակառակ անոր՝ մենք տեսանք, որ մինչեւ այսօր որեւէ քայլի չէ ձեռնարկուած մեր զինեալ ուժերու մարտունակութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ: Չպաշտպանուած ու չկահաւորուած սահմանագիծ ունինք: Մամուլի մէջ բազմաթիւ լուսանկարներ ու տեսանիւթեր տարածուեցան, թէ մեր զինեալ ուժերը ի՛նչ պայմաններու մէջ կը կատարեն իրենց ծառայողական պարտականութիւնները: Պէտք է բոլորը հասկնան, որ եթէ մենք բանակ չունենանք, հարեւանները միշտ պիտի փորձեն ինչ-որ բան խլել մեզմէ: Մենք կ՚ապրինք այնպիսի տարածքաշրջանի մը մէջ, ուր եթէ քեզի մէկ անգամ ապտակեն եւ դուն արժանապատիւ պատասխան մը չտաս, ապա անպատճառ պիտի շարունակեն ապտակել քեզի: Մենք պէտք է ունենանք հզօր, մարտունակ եւ իր առջեւ դրուած խնդիրները կատարող բանակ մը եւ ոչ թէ խաղաղութիւն մուրանք: Իրաւունք չունինք խաղաղութիւն մուրալու: Պէտք է այնպիսի խաղաղութիւն մը ունենանք, որ մեր հարեւանները հասկնան, թէ զայն խախտելու պարագային իրենք շատ ծանր հարուած պիտի ստանան: Ասոր համար կայ մէկ ճամբայ. Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան աստիճանի բարձրացում՝ ամէնօրեայ աշխատանքով: Հիմա անցնինք բանակի բարեփոխումներուն: Անընդհատ կը խօսուի այս մասին, բայց յստակ ծրագիրներու մասին ոչ մէկ խօսք կայ: Ժամանակը ահաւասիկ կ՚անցնի: Բարեփոխումներու մասին խօսք տալով, բայց չգործելով՝ կարելի չէ բարեփոխել բանակը»:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանը։ Այս առթիւ ատենապետը լայն տեղեկութիւններ տուաւ Լիբանանէ ներս ՀԲԸՄ-ի կողմէ կատարուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուած ծրագրերուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետարան։ Այսպէս, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը, փոխ-ատենապետ Նուրհան Սուճուեան, նախկին ատենապետներէն Մուրատ Չաքան եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան ընդունուեցան Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

​Քու մէջ կայ մեծ յոյս: Կը պակսի ուրախութիւնը: Բաւական դժուար է ապրիլ քեզմէ հեռու, թէկուզ հայրենիքիդ մէկ ուրիշ անկիւնի մէջ: Երբ կը շնչէի քու մաքուր օդը ու կը վայելէի մեծ ու փոքր սարերուդ, լեռներուդ ներկայութիւնը՝ երջանիկ էի, անհոգ:

Էջեր