Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Թուրքիա կը դիտարկէ, որ Ռուսաստան մտադիր չէ խոչընդոտել «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծումը:
Նախագահ Էրտողան կը պատրաստուի մօտաւոր ապագային դէմ դիմաց տեսակցիլ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Փութինի հետ: Անգարա միշտ Մոսկուայի հետ համակարգումով յառաջ կը տանի Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ գործընթացները:

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ անակնկալօրէն իր մահկանացուն կնքած է «Ճելիլ» կազմակերպիչ հաստատութեան սեփականատէր Արբուն Սէմէրճեան, որ մեր համայնքէն ներս համակրանք ու յարգանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր։ Բօթը իսկապէս մեծ ցաւ յառաջացուցած է։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։ Ներկայ էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Շիշլիի նորընտիր վարչութիւնը կը շարունակէ գլխաւորել արժէքաւոր ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք:
Մարզակումբի ընդհանուր ժողովը տարի մը յապաղումով տեղի ունեցաւ՝ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով:

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Քեզի հետս պիտի տանիմ...
Ժպիտը դէմքին, ձեռնահեռաձայնը վար առնելով, ըսաւ:
-Անշո՛ւշտ պիտի տանիմ...
Կրկնեց շերտ մը թախիծ հագցնելով ժպիտին:

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

ԵՐԱՄ

Ջուրը, մեղկ դեղինով մը վարակուած լեմոնի շերտերէն, կը թափի բաժակին մէջ ձիւնսահանքի նման։ Կը համբուրէ ապակեայ պատերը ողորկ, թացացնելով զանոնք կ՚իջնէ վար, յետոյ բարձրանալու համար վեր նորէն ուժգին, մինչեւ բերանը գաւաթին։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ասկէ առաջ, եւ գրեթէ ամէն առիթով, աժմէական ու հիմնական կարգ մը «վերնագիրներու» մասին փորձած եմ քանի մը մատնանշումներ կատարել: Որովհետեւ, բոլորին նման, ես ալ մտահոգ եմ:

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ բացուեցաւ «Հերի Փոթըր»ի պաշտօնական խանութը։ Այսպէս, բրիտանական «Daily Mail» պարբերականը կը յայտնէ, թէ «Հերի Փոթըր»ի ֆիլմաշարի երկրպագուները կրնան այցելել Նիւ Եորքի կեդրոնին գտնուող «Հերի Փոթըր»ի պաշտօնական խանութը։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Իզմիրի մէջ երէկ յարձակում մը գործուեցաւ ՀՏՓ կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղի շէնքին վրայ։ Այս յարձակումը կատարեց Օնուր Կենճէր անունով անձ մը, որ առողջապահական համակարգի նախկին աշխատակից մըն է։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ, այսօր Անթալիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ Դիւանագիտութեան ֆորումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթավերջ։ Համաճարակի հետեւանքով յետաձգուած այս ֆորումին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ արդէն ժամանած է Թուրքիա։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Մարալ Այվազ այս շաբաթավերջին պիտի մասնակցի առցանց ձեռնարկի մը, որ պիտի մէկտեղէ աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ երաժիշտներ։ Զանազան երկիրներէ աւելի քան քսան երաժիշտներու շարքին պիտի գտնուի Մարալ Այվազ, որուն պիտի նուագակցին՝ Արի Հերկել, Սեւան Ինեափան եւ Սեւան Կարապետեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն երկու աշակերտուհիներ վերջերս գրական մրցանակի մը մէջ դարձած են դափնեկիր։ Այսպէս, «Neslin Değişen Sesi» միջնակարգին կողմէ կազմակերպուած, «Կտաւէ դէպի մատիտ բանաստեղծութեան եւ պատմուածքի մրցոյթ» կոչուած մրցոյթին մէջ անոնք արձանագրած են փայլուն յաջողութիւն։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութեան հարցը կը շարունակէ զբաղեցնել օրակարգը։ Վերջին շրջանին արձակուած դատավճիռներով պայմանաւորուած դրական սպասումներու մթնոլորտին մէջ, մեր համայնքէն ներս զանազան նախաձեռնութիւններ յառաջ կը տարուին այս հարցի յաղթահարման համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջերս այցելեց Արցախ։ Իր կողմէ գլխաւորուած ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուները միացան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ հայրապետական ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Սիւնիք եւ Արցախ:

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ամբողջ աշխարհ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէր այս հանդիպման, որու ծիրէն ներս ծաւալուած քննարկումները տեւեցին շուրջ չորս ժամ։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

«Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը անսահման առաւելութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի համար»:
Ըստ Էրտողանի, Անգարա պատրաստ է բոլոր քայլերը առնել Երեւանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար:

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Պէտք է համաձայնութիւն ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, հարեւանները յաւերժ թշնամի չեն կրնար ըլլալ:
Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը շեշտէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը այլեւս Հայաստանէն կախեալ չէ:

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ERVAB)։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Անթիլիասէն այս շրջանին օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու համար։ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան երիտասարդները, որոնք Կիլիկեան Աթոռի հովանաւորութեան տակ կը գործեն, վերջին օրերուն այդ օժանդակութիւնները հասցուցին քսան կարիքաւոր հայ ընտանիքներու։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Օփերային շրջակայքը զբօսնողներէն, քալողներէն կամ տարածքի պուրակներուն ու սրճարաններուն մէջ պարզապէս նստողներէն քիչեր գիտեն, որ Օփերայի մօտակայ պուրակին մէջ կը հանգչի հայոց մեծերէն մին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեան:

Էջեր