Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 4, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ 93 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքած է յայտնի գրող ու հասարակական գործիչ Թորոս Թորանեան։ Մասնագիտութեամբ բժիշկ սուրիահայ մտաւորականը հայկական սփիւռքի ամենախորհրդանշական դէմքերէն մին էր եւ կեանքի վերջաւորութեան բնակչութիւն հաստատած էր մայր Հայաստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած ծանր պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի հանրային կարծիքը ցնցուած է վերջին օրերուն կատարուած բացայայտումով մը։ Այսպէս, լրատուամիջոցները ողողուած են տեսանիւթով մը եւ անոր արձագանգներով։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր հայրապետական այցելութեան ձեռնարկած է դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզը եւ Արցախ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Սիւնիքի մէջ Վեհափառ Հայրապետը Հանրապետական մաղթանքի արարողութեան կը նախագահէ Գորիս քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առթիւ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ։ Այս շրջանակին մէջ, «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի երդիքին տակ ալ տեղի ունեցաւ պատանիներու համերգ մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

Երեւանեան աղբիւրները վերջին օրերուն կը հաղորդեն «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութեան մասին, որու նպատակն է Հայաստանի եւ հայութեան կայուն զարգացման շուրջ համընդհանուր փոխըմբռնում մը ստեղծել։ Նախաձեռնողներն են՝ Ռիշար Ազարնիա (Ֆրանսա), Արթուր Ալավերտեան (Հայաստան), Նուպար Աֆէեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ Ռուբէն Վարդանեան (Ռուսաստան)։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

Էրտողան-Պայտըն ժամադրութեան ընդառաջ, խտացեալ շփումներ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ:
Թուրքիա եւ ԱՄՆ միջազգային օրակարգի առաջնահերթ խնդիրներուն շուրջ կը յստակեցնեն փոխադարձ ակնկալութիւնները:

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը միշտ կը մնայ լարուած։ Մայիսի 12-էն ի վեր Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերէն Ատրպէյճանի կողմէ ոտնձգութիւն կատարուած է Հայաստանի սահմաններուն դէմ։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

Շարլ Միշել երէկ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունելու առընթեր հեռաձայնով զրուցեց Իլհամ Ալիեւի հետ:
Եւրոմիութիւնը խորապէս շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի անվտանգութեամբ, կայունութեամբ ու բարգաւաճումով:

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը։ Հարկ է նշել, որ Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան ամոլը վերջին օրերուն կը գտնուին Երեւանի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

2020 թուականին լրացաւ Շիրակի թեմի հիմնադրման 100-ամեակը: Իբր այդ, 2020 թուականի նոյեմբերին Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը եւ պատերազմական օրերու դժնդակ իրադարձութիւններուն պատճառով տեսակ մը ստուերի մէջ մնաց այդ նշանակալից յոբելեանը:

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Աշխարհի ջուրը կը լմննայ:
Սա նախադասութիւնը օրը քանի մը անգամ կամացուկ կը շշնջամ Զաւէնիկի ականջին:

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Եառոնտա. մարմնական ճգնութիւնը կ՚օգնէ՞ հաճոյքներու դէմ պայքարին:
-Այո, եթէ այս նպատակով գործածուի, ու այն ատեն մարմինը կը խոնարհի ու հոգիին կ՚ենթարկուի:

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իմ տունը այնտեղ է՝ սարերու ետեւը: Սարեր՝ որոնք զիս միշտ կը հասցնէին երազներու գիրկը, հեռաւոր երկիրներ, բանուկ փողոցներ ու թաղամասեր:

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021

ԵՐԱՄ

Հացի տոպրակը թեւին տակ դրած բարձրացաւ աստիճաններէն վեր։ Հեւքը հազիւ սկսած՝ հասած էր արդէն։ Բանալին զետեղեց դրան մէջ, պտտցուց կղպանքը ու հրեց դուռը ներս։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հնատիպ 22 գիրքերուս մէջ աչքառու է հնագոյնը՝ ԺԸ. դարու Ձեռաց Շարակնոցը իր ետին գտնուող Յիշատակարանով, ինչպէս նաեւ Շարակնոցին յաջորդ տպագրութիւնը 1850 թուին, երկուքն ալ տպագրուած Կ. Պոլիս։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021

Ծանօթ է, թէ քորոնաժահրի համավարակի տարածումը կանխարգելու նպատակաւ վերջին անգամ կառավարական որոշումով հրապարակուած սահմանափակումները 17 մայիս 2021, երկուշաբթի, ժամը 05.00-էն սկսեալ ենթարկուած են բարեփոխման։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021

Ենիգաբուի «Աւրասիա» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ ART CONTACT ISTANBUL ժամանակակից արուեստի տօնավաճառ։ Մինչեւ 4 յուլիս պիտի շարունակուի ձեռնարկը, որուն մասնակցութիւն կը բերեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր նկարչուհիներ՝ Իտա Գահրաման եւ Մարի Կիզելլա Քաւաք։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այսօր մեր համայնքային շրջանակներուն ուղղեալ կարեւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու անդամներէն Դաւիթ Տամլան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի 14 յունիսին տեսակցիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Գագաթնային այս հանդիպման ընդառաջ, ներկայիս Անգարա զանազան մակարդակներու վրայ պատգամներ կը հասցէագրէ Ուաշինկթընին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021

Ֆրանսայի նախագահ. «Ատրպէյճանի ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն»:
Մաքրոն Փաշինեանը հիւրընկալելու ժամանակ նշեց, որ ներկայ դժուար իրավիճակին մէջ Փարիզ Երեւանի կողքին է:

Էջեր