Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Հայաստանի մէջ ներկայիս ամենաբարձր վարկանիշով գործիչն է Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան՝ ըստ հարցախոյզներու արդիւնքի։ «GALLUP»ի կողմէ կատարուած հարցախոյզի հիման վրայ յայտարարուեցաւ, որ Արման Թաթոյեան ամենաբարձր գնահատականին արժանացած է։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Հայաշխարհը կը սգայ մեծանուն զինուորականի մը կորուստը. ոչ եւս է «Արցախի հերոս» զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեան, որ ծանօթ էր՝ Քոմանտոս ծածկանունով։ Արցախի առաջին պատերազմի առանցքային դէմքերէն, առասպելական հրամանատարներէն մին եղած էր Արքատի Տէր-Թադէոսեան, որ երէկ 81 տարեկան հասակին մահացաւ Երեւանի մէջ, ուր վերջին շրջանին կը դարմանուէր Էրեբունի բժշկական կեդրոնին մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Ռումանիոյ դիմաց։ 2022 թուականին նախատեսուած Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումներու ծիրէն ներս, Եւրոպայի գօտիի «J» խմբաւորման հանդիպումներու շարքին տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռումանիա երէկուան խաղը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Էրտողան տեղեկացուց, որ իսլամաց մօտալուտ Ռամազանի տօնէն վերջ այց մը պիտի տայ Շուշի:
Հանրապետութեան նախագահը տեսաուղերձով մը մասնակցեցաւ Թրքական խորհուրդի երէկուան անպաշտօն գագաթաժողովին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Իրանէն պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, Նորին Սրբութիւնը տեսակցեցաւ Իրանի Միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շէյխ Համիտ Շահրիարի հետ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ նահատակուած Նարեկ Սրկ. Պետրոսեանի այրին՝ Մարիամ Բզնունին։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Այսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ Ս. Զատկի առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները.

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ երբ իր կեանքին ընթացքը կը փոխէ, պէ՞տք է ուշադրութիւն դարձնէ մարդոց իր մասին կազմած մտածումներուն վրայ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կարգ մը խորհուրդներ օրինակ առնուած են կեանքի զանազան պարագաներէն, որոնց մարդ շատ անգամ չ՚անդրադառնար, սովորական ընթացքի մէջ կ՚անտեսէ եւ էականը միշտ կը մնայ խորհուրդ կամ «գաղտնի՛ք»։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է մեր երկրի համար: Եւ պատասխանատու է առաջինը Տիրոջ առջեւ: Մենք մեր գործած մեծ ու փոքր, թէկուզ անզգոյշ ու աննկատ սխալներով կը վնասենք ոչ միայն մենք մեզի, մեր ընտանիքներուն ու զաւակներուն, այլեւ, ուշադրութիւն՝ մեր երկրին՝ մեր սուրբ հայրենիքին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Մեր կիները կրնան փորձել կեանք տալ զաւկի մը եւս՝ կորսնցուցած որդիին վիշտին դիմանալու ու կեանքով մահին յաղթելու համար: Մէկ կողմ ձգեցէք տարիքային ամօթխածութիւնը եւ զաւակ ունեցէք», վերջերս որդեկորոյս մայրերուն այսպիսի կոչով դիմած է զոհուած 25-ամեայ Հայկ Յակոբեանի մայրը՝ Սիրանոյշ Նալպանտեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» հեղինակաւոր օրաթերթը վերջին շրջանին յաճախ կ՚անդրադառնայ Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան։ «Բաւական է տալ Նիկոլ Փաշինեանի անունը, որպէսզի նախապէս իրեն աջակցած ու սատարած քաղաքացիներու դէմքը ծամածռուի», գրած է թերթը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Հայաստանի Բարձր փորձագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որով տեղեկացուց, թէ վերջին աշխատանքային օրն էր։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ազդարարման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ:
Արցախահայութեան առկայ ընկերատնտեսական խնդիրներու դիմագրաւման համար միջազգային նախաձեռնութիւն:

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Միանգամայն ըսեմ, որ երկու ձեռքով կողմնակից եմ հարեւաններու հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու։ «Դարաւոր ոսոխի» մասին կարծրատիպային պատկերացումները, իմ կարծիքով, որեւէ ձեւով չեն նպաստեր մեր պետական եւ ազգային խնդիրներու լուծման։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ հանդիպում մը ունեցան Տուշանպէի մէջ, ուր մասնակցեցան «Ասիոյ սիրտ-Իսթանպուլեան գործընթաց» համաժողովին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակեր Արքեպիսկոպոսին հետ։ Զրոյցի ընթացքին Արա Այվազեան վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի հետ առաւել ամրապնդելու եւ խորացնելու համար յարաբերութիւնները, որոնք պատմական ու հոգեւոր համընդհանուր արժէքներու վրայ խարսխուած են։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021

Իրանի միջուկային ծրագրի վերահաստատման նպատակով կը նախատեսուի երկխօսութիւն յառաջ տանիլ:
Էմմանիւէլ Մաքրոն, Վլատիմիր Փութին եւ Անկելա Մերքել տեսաժողովի ձեւաչափով անդրադարձան հրատապ հարցերու:

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021

Երէկ, Երեւանի մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նիստէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Յայտնի իրադարձութիւններու բերումով անվտանգային միջավայրը էական փոփոխութիւններ կրած է Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ու մենք պէտք է շարունակաբար գնահատենք այն նոր մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները, որոնք ունինք այս իրավիճակին մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ կարելի էր խուսափիլ Արցախի վերջին պատերազմէն։ Ռուսական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Արմէն Սարգսեան ընդունեց, որ բարդ է խօսիլ «եթէ»ներու մասին, բայց, իրականութիւնը այն է, որ իր համոզմամբ՝ կարելի էր պատերազմէն խուսափիլ։

Էջեր