Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փողոցներու մէջ տեղադրուած են գունաւոր սառնարաններ, որոնց մէջ բնակիչները կարիքաւորներու համար սնունդ եւ առողջապահական պարագաներ կը դնեն։ Այսպէս, նոր նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս Միացեալ Նահանգներու շարք մը նահանգներու մէջ տեղադրուած են գունաւոր սառնարաններ, որոնք նախատեսուած են կարիքաւոր բնակիչներու համար:

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021

Թուրքիա երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգեց Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Անգարայի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը դատապարտեցին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձը։

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան չէ վաւերացուցած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագիրը՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման մասին։ Նախագահական աշխատակազմը երէկ տեղեկացուց, որ սա հերթական անձնակազմային փոփոխութիւն մը չէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մէկ կողմէ նոր սկիզբ, միւս կողմէ դէպի «շրջանս իւր»։ Անկախ ամէն ինչէ ու հակառակ երէկ տեղի ունեցած հաւաքի հազարաւոր համակիրներու «զօրակցական» մասնակցութեան՝ Փաշինեան կը շարունակէ զառիթափն ի վար գլորուիլ։

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի առկայ ներքին քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ։ Մինչ կ՚ընթանայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021

Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի պայմաններով Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապը կը ճիւղաւորուի՝ մինչ երկիրը հասած է անդունդի եզրին: Երեւանի կեդրոնական հրապարակներուն եւ գլխաւոր պողոտաներուն վրայ տեղի կ՚ունենան հակադիր բեւեռներու երթեր, բարեբախտաբար, ցուցարարները պաղարիւնութիւն կը ցուցաբերեն իրենց սպասումները բարձրաձայնելու ժամանակ: Միջազգային յառաջատար դերակատարներ անմիջապէս արձագանգեցին ստեղծուած լարուածութեան: Անթոյլատրելի եւ կործանարար: 
Իշխանութիւններու բազում շահարկումներէն վերջ, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը պահանջեց վարչապետի հրաժարականը: Նիկոլ Փաշինեան ռազմական յեղաշրջման փորձ որակեց այս քայլը եւ հանրահաւաքի հրաւիրեց իր համակիրները, որոնց առջեւ խոստացաւ նոր ծայրայեղութիւն. «վերջ թաւիշին»:
Ազգային ժողովը գրեթէ ձեռնածալ կը հետեւի պատահածներուն, արտահերթ նիստի նախաձեռնութիւնը վիժեցուած: Ընդդիմութիւնը փակած է Բաղրամեան պողոտան, ուր կը գտնուի խորհրդարանը: «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի ներկայացուցիչները գիշերեցին օրէնսդիր մարմնին առջեւ: Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, կառավարութիւնը հոգեվարքի մէջ կը գտնուի:

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021

ԵՐԱՄ

Խաւարի ու լոյսի հանդիպման վայրն է սա։
Գմբէթի ութ վահանաձեւ պատուհաններէն չորսը ներս կը թողուն ուժեղ լոյսի կտորներ, որոնք կ՚իյնան լուսաւորելու քարակերտ կերտն այս։
Վարը, լոյսերուն տակ, խորանին դիմաց ու սրահին մէջտեղը պառկած է մէկը. անշարժ։

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Արցախի դրօշը ուսին նետած, թերեւս արցախցի ալեհեր մարդ մը, զինուորական զգեստով, կառավարութեան շէնքին դիմացէն՝ «Խաչքարերու այգի»էն կ՚անցնէր եւ կը գոռար թուելով կառավարութեան ղեկավարներուն անունները, ապա՝
-Դաւաճա՛ն, թշնամու ազգային հերո՜ս...

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։
«Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։
«Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ,
«Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը
«Ու իմ բարձր աշտարակս է»։
ՍԱՂՄ. ԺԸ 1-2

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Վարչապետարանի շուրջ միշտ լարուածութիւն՝ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին զուգահեռ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերը անընդհատ կը շարունակուին: Այժմ Հայաստանի առկայ ծանր իրավիճակին մէջ հակազդեցութեան ալիքը տարածում կը գտնէ զանազան ուղղութիւններով:

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իսրայէլի մամուլին մօտէն հետեւողներ լաւապէս պիտի նկատեն, որ Թել Աւիւի պաշտօնական մարմիններուն մօտ այս օրերուն լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ լոյս տեսած է Ալեքս Սրկ. Գալայճեանի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Կեանքիդ նպատակը»։ Սա հեղինակի երկրորդ գիրքն է։ Առաջինը կը կոչուէր «Կեանքիդ արժէքը», որուն ներկայիս յաջորդած է «Կեանքիդ նպատակը»։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

ՊԵԼԼԱ ԼԱԼԱՅԵԱՆ
Արեւելահայերէնէ վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Եկեղեցիի բակի մէջ քանդուքարափ, խորտուբորտ էր գետինը...
-Պելոչկա, այդ քարը մի՛ կոխեր, այն քահանայի մը տապանաքարն է... Այստեղ թաղուած են եկեղեցականները...

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քորոնաժահրէն մահացածներու յիշատակին յայտարարուած հնգօրեայ սուգը, անգամ մը եւս հաստատեց մեր միտքերը այն մասին, որ կը բնակինք աղէտի դարուն մէջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդ կրնայ ինքզինք աւելի լաւ տեսնել, եթէ զայն ուրիշներուն վրայով նայի: Աստուած իւրաքանչիւր մարդու պարգեւեց այն ինչի կարիքն ունի օգնութեան համար, գործածէ այդ պարգեւը կամ ոչ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ազատութիւն»ը մարդուն սկզբնական նկարագիրը, բնութիւնը եւ անջնջելի, մշտնջենական կոչո՛ւմն է։ Արդարեւ, մարդ «ազատ» կը ծնի, յետոյ ազատութիւնը օրինաւոր պայմաններու տակ, ստիպողաբար կը սահմանափակուի, եւ վերջապէս «ազատ» կը մեռնի։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնը այս տարի հանդէս պիտի գայ նոր ներկայացումներով: Թատրոնին մէջ նախատեսուած են նաեւ ցուցահանդէսներ, համերգներ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն աշխարհահռչակ թանգարանը այս շրջանին առցանց ծրագրի մը ներգրաւուած է՝ ամերիկահայ հռչակաւոր ու անմոռանալի նկարիչ Արշիլ Կորքիի (1904-1948) մասին։ Այս նախագիծը կեանքի կը կոչուի սփիռքահայ երկու ծանօթ արուեստագէտներու՝ շարժանկարի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի եւ երաժիշտ Մերի Գույումճեանի կողմէ Մեթրոփոլիթըն թանգարանի հետ յառաջ տարուած համագործակցութեան շնորհիւ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Հաւանաբար, եկած է ժամանակը առարկայականօրէն եւ առանց աւելորդ յոյզերու գնահատելու, թէ ինչպէ՛ս եղած է, որ պետական կառավարման բացարձակապէս անընդունակ, ձախողած եւ անհաշուելի կորուստներու համար պատասխանատու Հայաստանի իշխանութիւնը կը շարունակէ վայելել մեր քաղաքացիներու որոշ մասի վստահութիւնը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ ապագայ յարաբերութիւններու հարցին մէջ կը կարեւորուի գերիներու խնդրի լուծումը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան շեշտեց, որ ապագայ գործողութիւններու տրամաբանութիւնը կը պայմանաւորուի Ատրպէյճանով։

Էջեր